Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Տուման Որդեգրած Է Նախագահին Վերընտրուելու Կարելիութիւն Ընձեռող Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Մասին Օրէնքը

March 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պետական տուման երրորդ ընթերցումով որդեգրած է սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին նախագահական օրէնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Վետոմոսթի» կայքը` մանրամասնելով, որ թեր քուէարկած է 383 երեսփոխան, իսկ ձեռնպահ մնացած` 43 երեսփոխան:

Ռուսիոյ գործող սահմանադրութիւնը չ՛արտօներ նախագահի պաշտօնավարման երկու անընդմէջ ժամկէտէն աւելի ժամկէտ, սակայն համապատասխան սահմանադրական բարեփոխում կատարելէ ետք, գործող ղեկավարը պիտի կարենայ դարձեալ առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին:

Այժմ օրէնքը պէտք է հաստատուի Դաշնակցային խորհուրդին կողմէ:

Նիստին սկիզբը Տումայի պետականաշինութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Փաւել Քրաշենիննիքով ըսած է, որ օրէնքին գլխաւոր նպատակը հասարակութեան զարգացումն ու քաղաքացիներու արժանապատիւ կեանքի ապահովումն է: Բացի անկէ, անոր համաձայն, օրէնքը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ համակարգել ռուսական օրէնսդրութիւնը:

Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին իր կարգին նիստի ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ սահմանադրութիւնը պիտի բարելաւէ քաղաքացիներուն կեանքը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին յայտարարած էր 15 յունուարին: Արդէն յաջորդ օրը հանդիպում ունեցած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու աշխատանքային խումբը:

Օրինագիծին մէջ կարեւորագոյն փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է 10 մարտին` «Միացեալ Ռուսիա» խմբակցութեան երեսփոխան Վալենթինա Թերեշքովան առաջարկած է զերոյացնել նախագահական ժամկէտները եւ գործող նախագահին կարելիութիւն ընձեռել վերընտրուիլ նաեւ 2024 թուականին:

Փութին հաւանութիւն տուած է Թերեշքովայի առաջարկին:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Ջնջէ Դաւիթ Գարեջիի Վրացական Հետքերը

Յաջորդը

Լոնտոն Կ՛ակնկալէ Ուաշինկթընի Հետ Ապրանքաշրջանառութիւնը Աւելցնել 20 Միլիառ Տոլարով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.