Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ առողջապահական մարտահրաւէրները:
Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ յայտնեց, որ Տիապի հետ իր հանդիպումը կատարուած է նախքան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին իր մասնակցութիւնը եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին իր տեղեկագիրին ներկայացումը:
Քիւպիչ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապի հետ քննարկած է տարբեր մարզերուն, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ բարելաւում արձանագրելու իմաստով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը: