Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալի Իպրահիմ. «Դրամատուներուն Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը Կարեւոր Է Եւ Անոր Դրական Ազդեցութիւնը Անմիջապէս Պիտի Նկատուի»

March 12, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ դրամատուներուն հետ գոյացած համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ եթէ դրամատուները յանձնառու մնան այդ համաձայնութիւնը գործադրելու, ապա անոր դրական ազդեցութիւնը անմիջական կերպով շօշափելի պիտի ըլլայ քաղաքացիին կողմէ:

Ալի Իպրահիմ հաստատեց, որ նախապէս տրուած որոշումները ապահոված են լիբանանեան դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցողներուն իրաւունքները` ընդգծելով, որ դատական իշխանութիւնները արթուն կը հսկեն լիբանանցի քաղաքացիներուն արժանապատուութեան եւ ամբողջական իրաւունքներուն:

Դրամատուներուն Եւ Ընդհանուր Դատախազին Միջեւ Համաձայնութիւնը

Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ նախանցեալ գիշեր երկու իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան դրամատուներու իրաւական հարցերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Դրամատուներու միութեան հետ:

Զոյգ հանդիպումներուն ալ ներկայ գտնուեցաւ դատախազ Ալի Իպրահիմ:

Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ համաձայնիլ 7 կէտերու շուրջ, որոնք կը պաշտպանեն դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորեն դրամատնային մարզին ապահովութիւնը:

Մէկ տարուան համար գործադրուելիք այս համաձայնութեան 7 կէտերն են.

1- Լիբանանեան դրամանիշով վճարել հաշիւ ունեցողներուն գումարները` իբրեւ նուազագոյն սակ նկատի ունենալով ամսական դրութեամբ 25 միլիոն լ. ոսկիի գումարը:

2- Առիթ տալ պաշտօնեաներուն, որ իրենց ամսական աշխատավարձը լրիւ ստանան լիբանանեան դրամանիշով` առանց մասնավճարի դրութեան:

3- Ուսման, բժշկութեան եւ տուրքեր վճարելու նպատակով դէպի օտար երկիրներ գումարներու առաքումը կատարել:

4- Կեդրոնական դրամատան հետ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ բժշկական եւ այլ սարքեր ապահովել` այն համեմատութիւններով, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

5- Օտար երկիրներէն ներածուող հում նիւթը ապահովել:

6- Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները ամերիկեան տոլարէն լիբանանեան դրամանիշի չվերածել` առանց հաշիւին տիրոջ հաւանութեան:

7- Դրամատուները պէտք է դուրսէն փոխանցուած գումարները (ֆրեշ մանի) ինչպէս որ են յանձնեն իրաւատիրոջ` առանց զանոնք իրենց մօտ պահելու:

Սալամէ Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Լումայափոխներու Սենտիքային Հետ

Միւս կողմէ, լումայափոխներու սենտիքայի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մըրատի, հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` ներկայութեամբ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի եւ դրամատուներու գործունէութեան քննչական յանձնախումբի նախագահ Սամիր Համմուտի:

Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ ընդգծեց, որ պէտք է կառչած մնալ 6 մարտ 2020-ին Կեդրոնական դրամատան կողմէ հրապարակուած այն շրջաբերականին, ըստ որուն օտար դրամանիշին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին համար ճշդուած սակը պէտք չէ 30 առ հարիւրէն աւելի բարձրացնել` դրամական տարբեր գործառնութիւններուն ընթացքին:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ ինք հանգիստ զգացած է այդ նիստին առումով եւ խոստացած լումայափոխներուն մօտ այդ շրջաբերականին գործադրութիւնը ապահովել:

Ժեմայէլ Դրուատեց Նորաստեղծ Ֆոնտի Դրութիւնը

Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ դրուատեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ տրուած որոշումը, թէ ճարտարարուեստին մէջ գործող այն գործարարները, որոնք Լիբանանի մէջ կը վաճառեն իրենց արտադրութիւնները եւ կ՛արտածեն զայն, մնայուն օժանդակութիւններու պիտի արժանանան:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ նորաստեղծ ֆոնտին աշխատանքը մնայուն լուծում պիտի ըլլայ ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն աշխատանքին համար հում նիւթ ներածելու:

 

 

Նախորդը

Ֆահմի Թերզեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Անդրադարձ. 1839-ին Հնչած Այժմէական Զգուշացում Մը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.