ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք. ո՛չ մէկ ստորագրութիւն կամ համաձայնագրի կնքում: Օրը կը պահանջէ ըլլալ խոհեմ, իմաստութեամբ շարժիլ ամէն պարագայի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տնային կարգադրութիւններ ըրէք, կամ ձեր աշխատանքի վայրը դասաւորեցէք: Պաշտօնական թուղթերը լաւ պահեցէք, ոչինչ մի՛ տաք մոռացութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սէրը մոռնալ պիտի տայ ձեզի ամէն բան: Ձեր ետեւ ձգեցէք օրուան տաղտուկը եւ հետեւեցէք ձեր սրտին ձայնին: Ուրախ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալը կը վերադառնայ ձեզի իր ցաւոտ յիշատակներով: Վերադարձէք ներկայ օրերու ձեր կեանքին եւ կատարեցէք այն, ինչ որ պէտք է ձեզի, մնացեալը անպէտք նկատեցէք, եղէք իրապաշտ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր միտքը եւ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէք ձեր շուրջիններուն վրայ, ականջ պիտի տաք անոնց խօսքերուն: Այս ալ իմաստութիւն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ աշխատանքի կամ այլ կարգի փոփոխութիւններ ստեղծուին ձեր շուրջ, որդեգրեցէք զանոնք եւ հետեւեցէք առանց երկմտութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր հրապոյրը անտարբեր պիտի չթողու ձեր շուրջինները: Պիտի կարենաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր ծրագրած աշխատանքները: Օրը յաջող է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քիչ մը ժամանակ տրամադրեցէք ձեր բնական վիճակը վերագտնելու համար, որովհետեւ կատարած էք բազում աշխատանք եւ յոգնած ըլլալ կը թուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր բարեկամները ձեզ դուրս պիտի բերեն ձեր աշխատանքէն, որ ծանր եղած է այս օրերուն: Անոնք պիտի զուարճացնեն ձեզ: Խնդուքը լաւագոյն միջոցն է մոռնալու համար մտահոգութիւնները, վիշտն ու ցաւը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընելիքները դասաւորելու համար, եւ ոչ թէ մնաք գլուխը ծռած, անիմաստ վիճակով: Սթափեցէք ձեր թմբիրէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անակնկալ պատահար մը ձեզ դուրս պիտի բերէ ձեր առօրեայէն, պիտի օգտուիք այս երեւոյթէն, օրը պիտի անցնի հետաքրքրական:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնը թոյլ է այսօր, բայց ձեր հարազատները կամ ձեզի մօտիկ անձեր պիտի գիտնան ձեզ դուրս բերել տխուր վիճակէն: