Ռուս-Ճափոնական Պատերազմը
Եւ Հայրիկի Լուռ Անէծքը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Պաքուի Մէջ Հայերը Ջարդելու Պատրաստութիւններ
Ռուսական կառավարութիւնը, բռնութիւններով եւ զէնքի միջոցով, 1903-ի ամառուընէ մինչեւ 1904, յաջողած էր բռնագրաւել հայոց եկեղեցական հողերուն ու գոյքերուն մէկ կարեւոր մասը:
Պետական-պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ռուսահայ թեմերէն բռնագրաւուած էին 145 հազար տեսիատին եկեղեցապատկան հողատարածք, 900-է աւելի ոչ հողային ունեցուածք եւ մէկ միլիոն 775 հազար ռուբլի դրամագլուխ:
Հայ ժողովուրդին հակացարական պայքարը 1904-ին ընդունեց այլ ձեւեր: Նախկին վարձակալները կը հրաժարէին հողի եւ գոյքի շահագործումէն: Գիւղացիք կը փճացնէին կամ գաղտնի Էջմիածնի կը յանձնէին հաւաքուած բերքը: Իսկ ինքնապաշտպանութեան գաղտնի կոմիտէները աշխատանքի անտանելի պայմաններ ստեղծած էին բռնագրաւուած հողերն ու գոյքերը տնօրինող պաշտօնեաներուն համար:
Ռուսական կառավարութիւնը, հայ եկեղեցական բռնագրաւուած հողերէն եւ գոյքերէն իր ակնկալած 300 հազար ռուբլիին դիմաց, 1904-ին ստացաւ միայն 133 հազար ռուբլի եկամուտ:
Իր կարգին, ռուս-ճափոնական պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ ռուսական կառավարութիւնը հայութեան դէմ բռնութիւնները իր առաջնահերթ օրակարգէն դուրս հանէ:
***

Ռուսիոյ եւ Ճափոնի միջեւ հակադրութիւնները սրած էին երկար ժամանակէ ի վեր: Ճափոն, որ ճարտարարուեստական երկիր եւ հզօր կայսրութիւն դարձած էր, կ՛աշխատէր տարածուիլ դէպի Քորէա եւ Մանչուրիա: Իր կարգին Ռուսիա կ՛աշխատէր Մանչուրիա թափանցել եւ Խաղաղական ովկիանոսին վրայ տաք ջրային նաւահանգիստ հաստատել: Չին-ճափոնական 1894-1895-ի պատերազմը աւարտած էր Ճափոնի յաղթանակով: Ռուսիա 1897-ին Չինաստանէն երեսուն տարիով «վարձակալած» էր Լիաոտոնկ թերակղզին եւ կառուցած Փորթ Արթուրի (ներկայիս` Լիւշուն, Չինաստան) ամրոցը, իսկ նաւահանգիստին մէջ կեդրոնացուցած էր ռուսական Խաղաղականի նաւատորմը: Անդր-սիպերիական ճամբու կառուցումը` Մոսկուայէն Վլատիվոսթոք, 9.282 քիլոմեթր երկարութեամբ, որ սկսած էր 1890-ին (եւ աւարտեցաւ 1916-ին) Ռուսիոյ համար տնտեսական եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ: Ռուսիա նաեւ յաւակնութիւններ ունէր Քորէայի նկատմամբ:
Ճափոն, իբրեւ փոխ զիջում, առաջարկեց, որ ինք կը ճանչնայ ռուսերու իշխանութիւնը Մանչուրիոյ մէջ, որուն փոխարէն ռուսերը պէտք է ճանչնային Քորէան իբրեւ Ճափոնէն կախեալ երկիր: Ռուսերը մերժեցին եւ բանակցութիւնները ընդհատուեցան: Ճափոն 6 փետրուար 1904-ին խզեց Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները:

Ճափոնական ծովուժը 8-էն 9 փետրուար 1904-ի գիշերը անսպասելի կերպով յարձակման անցաւ Փորթ Արթուրի ռուսական նաւատորմին վրայ եւ շարքէն հանեց երկու զրահանաւ եւ մէկ յածանաւ, իսկ Չելումպոյի մէջ (Քորէա) խորտակեց «Վարեակ» յածանաւը եւ «Քորէից» հրետանաւը: Փետրուար 10-ին Ճափոն պատերազմ յայտարարեց Ռուսիոյ դէմ:
Հեռաւոր Արեւելքի մէջ ռուսական զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար նշանակուեցաւ ծովակալ Եւգենի Ալեքսէեւ:
Ռուսական հրամանատարութիւնը սկսաւ ամրացնել Փորթ Արթուրի պաշտպանութիւնը:
Քորէա ցամաք ելած ճափոնական զօրքերը մայիս 1-ին Եալու գետի շրջանին մէջ պարտութեան մատնեցին ռուսական ուժերը եւ սկսան յառաջանալ դէպի Ֆինխուանչէն:
Ճափոնական բանակի այլ միաւորներ մայիս 5-ին ցամաքահանում կատարեցին Լիաոտոնկ թերակղզի եւ Փորթ Արթուրի կայազօրը կտրեցին ռուսական հիմնական ուժերէն:
Ճափոնական բանակը յարձակման անցաւ դէպի հիւսիս` Լիաոեանի ուղղութեամբ:
Օգոստոս 24-էն սեպտեմբեր 3, Լիաոեանի արիւնահեղ ճակատամարտերուն, ռուսական բանակը հսկայական կորուստներ տուաւ եւ անցաւ պաշտպանողականի:
Փորթ Արթուրի ռուսական նաւատորմը փորձեց ճեղքել պաշարումը եւ անցնիլ Վլատիվոսթոք, բայց չյաջողեցաւ. միայն որոշ մարտանաւեր անցան չէզոք նաւահանգիստներ, իսկ միւսները վերադարձան Փորթ Արթուր:
***
Ռուսական կառավարութիւնը, որ Ճափոնի յաղթելով ու Քորէայի տէր դառնալով կ՛առաջադրէր իր երկրին մէջ գլուխ բարձրացուցած ըմբոստ ու անյուսալի տարրերը խեղդել, չարաչար սխալած եւ գլուխը կորսնցուցած էր:
Ռուսական կայսրութեան տարածքին ներքին յուզումները աւելի թափ առին: Նոյնիսկ ամենայուսալի նկատուած տարրեր եւ համարեա բոլոր փոքրամասնութիւնները չէին քաշուեր օր ցերեկով հրապարակաւ իրենց ուրախութիւնը արտայայտել եւ զիրար շնորհաւորել ճափոնական յաջողութիւններուն համար:
Այդ օրերուն ժողովրդական զրոյց մը բերնէ բերան սկսաւ շրջան ընել ռուսական հսկայածաւալ կայսրութեան մէկ ծայրէն միւսը. «Ռուսաստանի պարտութեան պատճառը հայոց կաթողիկոսին արձակած անէծքն է»:
Ամէն մարդ համոզուած էր, որ հայոց ծերունազարդ կաթողիկոսը Էջմիածնի սուրբ տաճարի կամարներուն տակ ծնկաչոք աղօթած է եւ լուռ անէծք տուած ռուսական կայսրութեան:
Մինչեւ անգամ Նիկոլայ Բ. կայսր եւ Ալեքսանդրա Ֆէոդորովնա կայսրուհին հաշուի առին հայոց կաթողիկոսին անէծքը:
Մոսկուայի կրօնական վարժարանի մը ռուս տնօրէնը, հրապարակախօսութեան մը միջոցին, թարգման հանդիսանալով հասարակաց զգացումներուն, ըսաւ.
– Այս բոլոր ձախորդութիւնները հետեւանք են այն անարդարութեան, որ թոյլ տուինք, որ մեր տէրութիւնը գործէ, հալածելով իր կրօնքին համար մարտիրոսացած ազգի մը եկեղեցին: Մեր գլխուն դեռ պիտի իջնեն շանթերը այն անէծքին, զոր այն սուրբ մարդը արձակեց մեզի դէմ այն դառն օրերուն:
Ռուսերու հանրային զգացումներուն մէջ, այդ սուրբ մարդը հայոց կաթողիկոս Հայրիկն էր:
Անդին, պատերազմի հեռաւոր դաշտերուն մէջ, պարտութենէ պարտութիւն ծանր հարուածները մոռցնել կու տային հայոց եկեղեցական կալուածներու գրաւման հարցը: Ընդունող յանձնախումները հեռացան, լուծուեցան եւ ամէն ինչ մոռացութեան մատնուեցաւ:
***
Հայրիկ, ոտքի հիւանդութենէ նեղուելով, օդափոխութեան նպատակով 2 դեկտեմբեր 1904-ին ճամբայ ելաւ դէպի Ալեքսանդրապոլ, հոնկէ Թիֆլիս երթալու մտադրութեամբ:
Մայր աթոռէն մինչեւ Էջմիածին կայարան կաթողիկոսին ուղեկցեցան լուսարարապետ Ղեւոնդ եպիսկոպոս, Եղիշէ ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեան եւ Մատթէոս վարդապետ Մատթէոսեան: Իսկ մինչեւ Ալեքսանդրապոլ` Կիւրեղ վարդապետ Կիւրեղեան եւ Խորէն Խրիմեան:
Ալեքսանդրապոլէն Հայրիկ մեկնեցաւ Թիֆլիս, հանգչելու եւ ապաքինելու համար:
Հայրիկ 1905-ի տարեսկիզբին Էջմիածին վերադարձաւ, բայց ոտքի ցաւերուն չտոկալով կրկին Թիֆլիս գնաց:
Վեհափառին անուանակոչութեան տօնը, 1905 յունուարին, առանձին հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ Թիֆլիսի մէջ:

Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցւոյ մէջ Վրաստանի եւ Իմերէթի առաջնորդ Գարեգին եպիսկոպոս պատարագեց, որմէ ետք քարոզեց եւ բացատրեց հայ եկեղեցւոյ հայրապետներու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի կրօնական եւ ազգային յառաջդիմութեան գործին մէջ, եւ վերջը շեշտեց ներկայ կաթողիկոսի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Պատարագի աւարտին, Շուշիի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոսի, Եփրեմ, Կիւրեղ, Եղիշէ, Արսէն եւ Կորիւն վարդապետներու, ինչպէս նաեւ Թիֆլիսի ամբողջ քահանայական դասի եւ բուռն բազմութեան ներկայութեամբ հայրապետական մաղթանք կատարուեցաւ:
Մաղթանքէն ետք հոգեւորականութիւնն ու ժողովուրդը դիմեց առաջնորդարան, շնորհաւորելու Վեհափառին անուանակոչութիւնը եւ երկար կեանք մաղթելու:
Հայրիկ տկարութեան պատճառով չկրցաւ բոլորը ընդունիլ, դուրս ելաւ դահլիճ, օրհնեց եւ արձակեց շնորհաւորողները:
Այդ օր հայաբնակ բոլոր կեդրոններէն, թէ հոգեւորականներ եւ թէ աշխարհականներ, վարչութիւններ եւ ամբողջ քաղաքներու հասարակութիւններ շտապած էին հեռագիրներով շնորհաւորել Հայրիկի անուանակոչութիւնը, բարեմաղթութիւններ ընել եւ տարածել իրենց իղձերն ու փափաքները Հայրիկի առջեւ:
Հայրիկ 29 յունուար 1905-ին Թիֆլիսէն վերադարձաւ Էջմիածին:
***
Պետերբուրգի մէջ, 9 յունուար 1905-ին, բանուորներու խաղաղ ցոյցին ապահովութեան ուժերը կրակով պատասխանեցին: Ինկան բազմաթիւ զոհեր: Արիւնոտ կիրակիի այդ սպանդով սկսաւ ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը:

Մայրաքաղաքի բանուորներուն նկատմամբ տեղի ունեցած սպանդը ալեկոծեց ամբողջ երկիրը: Ծայր առին զանգուածային շարժումներ: Յեղափոխութեան արձագանգները հասան նաեւ Անդրկովկաս` Թիֆլիս, Պաքու եւ այլուր:
Ցարական արքունիքը, ժողովրդային յեղափոխութեան սլաքը այլ կողմ ուղղելու նպատակով, սկսաւ կայսրութեան բաղկացուցիչ ժողովուրդներուն միջեւ ազգային ու կրօնական թշնամանք բորբոքել:
Անդրկովկասի մէջ այդ քաղաքականութիւնը ուղղուեցաւ հայերուն եւ թաթարներուն դէմ:
Ցարական կառավարութիւնը թաթարներուն մէջ իսլամական, ցեղային եւ հակահայ տրամադրութիւններ հրահրեց: Անոնց թշուառութիւններուն ու զրկանքներուն հիմնական պատճառ ներկայացուեցան իրենցմէ աւելի զարգացած ու յառաջադէմ հայերը, որոնք հարստացած էին թաթարներու հաշուոյն:
***
Իշխան Միխայիլ Ալեքսանդրովիչ Նակաշիձէ, Երեւանի նահանգի նախկին փոխ նահանգապետը, վրաց ազնուականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն, որուն ընտանիքը անցեալին Գուրիայի իշխանութեան մէջ ժառանգական դեսպանի եւ մուրաւիի (վարչական եւ զինուորական աստիճան) պաշտօններ կը վարէր, 1904-ին Պաքուի նահանգապետ եղած էր:
Իշխան Նակաշիձէ 1905 յունուարին իր մօտ կանչեց թաթար խումբ մը երեւելիներ եւ անոնց յայտնեց, որ շուտով Պաքուի մէջ հայերը զօրաշարժի պիտի դիմեն եւ հաւանաբար անոնք հակազդեցութիւն ցոյց տան: Ուստի ան իսլամ առաջնորդներուն առաջարկեց համագործակցիլ իշխանութիւններուն հետ եւ ջարդերու մասին բացայայտ քարոզչութիւն ծաւալել բոլոր մզկիթներուն մէջ:
Թաթար առաջնորդները, ոգեւորուած ռուսական իշխանութիւններու հովանաւորութենէն, Տեյաֆի (պաշտպանութիւն) կազմակերպութիւնը ստեղծեցին: Կառավարութիւնը մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք սկսաւ բաժնել թաթարներուն:
Թաթար հրոսակները լուսինի վրայ խաչուող երկու դաշոյններու կնիքով թռուցիկներ սկսան ցրուել, հայերը ջարդելու բացայայտ սպառնալիքով:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Պաքուի հայութեան ներկայացուցիչները նահանգապետէն խնդրեցին կոտորածները կանխելու համար քայլերու ձեռնարկել:
Նահանգապետ Նակաշիձէ պատասխանեց ըսելով որ ամէն բանի մեղաւորը հայերն են եւ անոնց փրկութիւն չկայ:
Արդէն նահանգապետը գաղտնի հրահանգ ստացած էր ոչ միայն չմիջամտել արիւնոտ դէպքերուն, այլ պաշտպանել թաթարները եւ օգնել անոնց:
Փետրուարի առաջին օրերուն Պաքուի մէջ արդէն ամէն բան պատրաստ էր: Թաթարներու կիրքերը բորբոքած եւ մթնոլորտը շիկացած էր: Կը մնար առիթ մը, կայծ մը, հրդեհը բռնկելու համար: Առիթը շուտով ներկայացաւ:
Թաթար հրոսակ Աշուրբէկով բռնաբարած էր հայ երեխայ մը եւ սպաննած դէպքէն տեղեակ Սարգիս անուն հայ մը: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր զայն: Սկսած էր դատավարութիւնը: Դատի աւարտին Սալեանսքի գունդին պատկանող խումբ մը զինուորներ զայն բանտ տարին: Ճամբան բէկը փախուստի դիմեց: Ռուս պահակախումբը, որուն մէջ կար հայ զինուոր մը, սկսաւ կրակել փախչողին վրայ: Ան սպաննուեցաւ հայ զինուորի արձակած գնդակէն: Սպանութեան լուրը արագ տարածուեցաւ թաթարներուն մէջ, եւ անոնք որոշեցին վրէժ լուծել: Անցաւ քանի մը օր:

Կիրակի, փետրուար 6-ին, հայոց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Պարապետ հրապարակին դիմացը մեծաթիւ հայեր հաւաքուած էին: Հոն կը գտնուէր նաեւ ռուսական բանակի այն զինուորը, որ սպաննած էր Աշուրբէկովը:
Այդ պահուն թաթար Պապաեւ մօտեցաւ հայ զինուորին եւ ատրճանակով վիրաւորեց զայն: Հայերը իսկոյն բռնեցին Պապաեւը եւ ոստիկանութեան յանձնեցին: Բայց Պապաեւ փախուստի դիմեց: Հայ երիտասարդները սլացան անոր ետեւէն եւ սպաննեցին ոճրագործը:
Թաթարներ Պապաեւի դիակը սայլի մը վրայ դնելով պտտցուցին փողոցները, հայերու դէմ վրէժի կոչեր արձակելով:
Ոստիկանութիւնը ոչ մէկ փորձ ըրաւ սանձելու զանոնք եւ դադրեցնելու անոնց սադրիչ գործողութիւնները:
Երեկոյեան թաթար խուժանը զինուած խումբերով փողոց թափուեցաւ: Հայերը ջարդելու ազդանշանը տրուեցաւ: