Վենետիկեան յանձնաժողովը որոշած է ջնջել իր լիագումար նիստը` Իտալիոյ մէջ «ՔՈՎԻՏ-19» «Քորոնա» ժահրի տարածման լոյսին տակ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ կը գրէ յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութիւնը:
Նիստը նախատեսուած էր 20-21 մարտին:
Ինչ կը վերաբերի նիստի ընթացքին ծրագրուած փաստաթուղթերու շրջանառութեան, ապա կը նշուի, թէ բոլոր հրատապ փաստաթուղթերը պիտի հաստատուին գրաւոր տեսքով:



