Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւելեալ Երկիրներու Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակումներ. Նիւ Եորքի, Բեթղեհէմի Եւ Մազանտարանի Մէջ Առողջապահական Մեկուսարաններ

Մարտ 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիւ Եորք նահանգի իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրով վարակուած փաստաբանի մը հետ հաղորդակցութեան մէջ եղող 2733 անձեր առին տնային առողջապահական մեկուսարաններու մէջ: Նշեալ փաստաբանը ժահրով վարակուած է, հակառակ անոր որ «Քորոնա»-ի համաճարակ դիմագրաւող որեւէ երկիր չէ այցելած:

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Անտրիւ Քոմօ մամլոյ յայտարարութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքի առողջապահութեան իշխանութիւնները վարակուած պարագաներու մտերիմներու քննութիւն կը կատարեն, իսկ վարակուած անձին շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի: «Քաղաքին մէջ ժահրին չտարածուիլը այլեւս անկարելի դարձաւ», զգուշացուց ան:

Աղբիւրներ «Իրան Ինթըրնեշընըլ»-ին յայտնեցին, որ իրանեան իշխանութիւնները փակած են երկրին հիւսիսը գտնուող Մազանտարան նահանգի մուտքերն ու ելքերը` արգելք հանդիսանալու համար «Քորոնա» ժահրին տարածման:

Հարիւրաւոր քաղաքացիներու հիւանդանոց տեղափոխուելէն ետք քաղաքը առնուած է առողջապահական մեկուսացումի վիճակի մէջ: Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ նահանգին մէջ առնուազն 15 զոհ արձանագրուած է:

Մազանտարան նահանգի հանրային յարաբերութիւններու տնօրէն Ապպաս Մահտաուի յայտնեց, որ ուրբաթ արշալոյսին փակուած են նահանգ առաջնորդող բոլոր ճամբաները, եւ ոստիկաններ ու զինեալ ուժերու անդամներ ներկայիս տեղակայուած են Քանտուանի, Հարազի եւ Ֆիրոզքոհի մուտքերուն` ճամբորդներուն մուտքը արգիլելու համար:

Մազանտարան նահանգէն պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ նահանգին փակումը պիտի շարունակուի մինչեւ Նովրուզի արձակուրդի աւարտը:

Իրանի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի կառավարական յանձնախումբի անդամ Մասուտ Մարտանի «Իրան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նախատեսեց, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Թեհրանի բնակչութեան 30-էն 40 առ հարիւրը վարակուին ժահրով:

«Վարակուած մէկ անձ ժահրը կրնայ նոյն պահուն 4 անձերու փոխանցել, ուստի կը նախատեսուի, որ մինչեւ 20 մարտ Թեհրանի բնակչութեան 30-40 առ հարիւրը վարակուին ժահրով», նշեց ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Նաֆթալի Պենեթ «Քորոնա» ժահրի տարածման սպառնալիքին պատճառով արգիլեց Բեղթղեհէմ քաղաք մուտքն ու ելքը:

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ Հանրապետական կուսակցութենէն երեսփոխան մը եւ խորհրդարանի պաշտօնեայ մը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, իսկ երրորդ անձի մը պարագան տակաւին կը քննուի:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն զգուշացուց, որ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի համաճարակ մը, որ «անգութ է»:

Մինչ այդ, Չինաստանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը` բարձրացած է 3042-ի, վարակուածներուն թիւը` 80552-ի, իսկ ապաքինածներունը` 53700-ի: Իրանի մէջ ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 124-ի, իսկ վարակուածներունը` 4747-ի:Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա»-ի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 12-ի, իսկ Քամերոնի, Քոսթա Ռիքայի, Սերպիոյ եւ Վատիկանի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին պարագաները: Ճափոնի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 361-ի, Գերմանիոյ մէջ` 534-ի, Աւստրիոյ մէջ` 47-ի, իսկ Նորվեկիոյ մէջ` 100-ի:

Խրուաթիոյ առողջապահութեան նախարար Վիլլի Պերոշ որոշեց երկրին մէջ համաճարակ յայտարարել նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով` հակառակ այն իրողութեան, որ հանրապետութեան մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը առայժմ չի գերազանցեր 10-ը:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Կրնայ Ժխտական Ազդեցութիւն Ունենալ Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութեան Վրայ

Յաջորդը

«Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Հետ Սահման Ոչ Թէ Տեղահանուածներ Կ՛ուղարկէ, Այլ Գաղթականներ» Կ՛ըսէ Աթէնք

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?