Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ամերիկեան տնտեսութիւնը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն կրել «Քորոնա» ժահրին տարածումէն` նախատեսելով, որ ի վերջոյ ներկայ կացութիւնը պիտի շրջանցուի: Ան պաշտպանեց տագնապին հետ իր վարմունքը:
Թրամփ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ժահրը տնտեսութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենա՞յ, ըսաւ. «Անկասկած կրնայ ազդել: Սակայն նոյն ատեն պէտք է ըսեմ, որ մարդիկ այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը մնան եւ իրենց դրամը այստեղ կը ծախսեն, եւ ատիկա ինծի հաճելի է»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թրամփ ելոյթ ունեցած է 2020-ի նախագահական ընտրութեան իր քարոզարշաւի ծիրին մէջ «Ֆոքս Նիուզ»-ի կազմակերպած հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Փենսիլվենիա նահանգի Սքրանթըն քաղաքին մէջ, որ 2016-ին հանրապետական նախագահին օգնած էր յաղթանակ արձանագրելու, սակայն այժմ կը նկատուի չկողմնորոշուած շրջաններէն մէկը:
«Քորոնա» ժահրին տարածումը պատճառ դարձաւ ամերիկեան սակարանի սուր անկումին եւ տնտեսութեան նահանջի նկատմամբ մտավախութիւն յառաջացուց այն պահուն, երբ Թրամփ ամերիկացիներուն կոչ կ՛ուղղէ զինք երկրորդ նստաշրջանի մը համար նախագահ ընտրելու: