Եւրոպական Միութիւնը բոլոր ապացոյցները ունի, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան հետ սահման ոչ թէ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն տեղահանուածներ կ՛ուղարկէ, այլ այն գաղթականները, որոնք շատոնց կ՛ապրին այդ երկրին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին մասնակցելու համար Զաղրեպ հասնելէ ետք:
«Մենք այսօր կը քննարկենք Թուրքիոյ հետ հարաւային ծովային եւ ցամաքային սահմանի կացութիւնը: Մենք այնտեղ գաղթականներու զանգուածային տեղաշարժ կը տեսնենք դէպի յունական եւ եւրոպական սահմաններ: Անոնք գաղթականներ են, որոնք երկար տարիներ ապրած են Թուրքիոյ մէջ: Մենք բոլոր ապացոյցները ունինք, որ այդ շարժումը ստեղծուած ու կազմակերպուած է Թուրքիոյ կողմէ: Եւ ես հաստատակամօրէն կ՛ըսեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը Անգարային պիտի չարտօնէ իր նպատակներուն համար օգտագործել մարդկային տառապանքները», յայտարարած է ան:
Յունական կառավարական աղբիւրներ «Նաֆթեմպորիքի» օրաթերթին յայտնած են, որ ընդհանուր առմամբ 29 փետրուարի առաւօտէն մինչեւ 5 մարտի առաւօտ կասեցուած է անօրինականօրէն Յունաստան ներթափանցելու 36 հազար 649 փորձ: Ձերբակալուած է 252 մարդ, սակայն անոնց մէջ սուրիացիները ընդամէնը 4 առ հարիւր կը կազմեն: 64 առ հարիւրը Աֆղանիստանէն են, 19 առ հարիւրը` Փաքիստանէն, 5 առ հարիւրը` Թուրքիայէն, 2,6 առ հարիւրը` Սոմալիէն: 5,4 առ հարիւրը Իրաքէն, Իրանէն, Մարոքէն, Եթովպիայէն, Պանկլատեշէն եւ Եգիպտոսէն անօրինական գաղթականներ են:
Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց իր կարգին յայտարարեց, որ Եւրոպայի երկիրները գաղթականներու հարցին մէջ պէտք չէ տեղի տան Թուրքիոյ ճնշումին առջեւ:
«Մենք այստեղ Յունաստանի վրայ կազմակերպուած յարձակումի կ՛ենթարկուինք Թուրքիոյ եւ նախագահ Էրտողանի կողմէ… Ատիկա ծրագրուած եւ նպատակաուղղուած յարձակում մըն է, որ կը կառավարուի եւ կը կազմակերպուի պետութեան կողմէ: Եւրոպան պէտք չէ տեղի տայ այդ ճնշումին դիմաց», յայտարարեց Քուրց «Ֆունքէ» լրատուական խումբի հրատարակութիւններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Գերմանիա որոշած է անվտանգութեան մասնագէտներ ուղարկել Յունաստան` Թուրքիոյ հետ սահմանի վերահսկողութեան օժանդակելու համար: