Ֆրանսան 5 մարտ 2020-ին յայտարարեց Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը աւարտին հասցնելու մասին: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը Ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացուց 18 դեկտեմբեր 2019-ին:



