Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայերը Կ՛ահազանգեն Փարիզի Քաղաքապետի Թեկնածուի Եւ Ազրպէյճանի Իշխանութեան Կապերուն Մասին

March 7, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի քաղաքապետի ընտրութեան իբրեւ թեկնածու առաջադրուած Ռաշիտա Տաթին սերտ կապեր ունի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին «Մարիան» կայքին վրայ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ կ՛ահազանգեն Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահներ Մուրատ Փափազեանը, Արա Թորանեանն ու Իլ տը Ֆրանսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փաթրիք Քարամը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Տաթին յայտնի է բռնատիրական եւ ոչ ժողովրդավար Ազրպէյճանի իշխանութեան հետ իր սերտ կապերով: Ան եղած է Ազրպէյճանի բարեկամներու ընկերակցութեան անդամ, որ նկատուած է Ֆրանսայի մէջ «խաւիարային դիւանագիտութեան» գլխաւոր գործիքը:

«Կ՛արժէ յիշեցնել, որ տիկին Տաթի, որ կը յայտարարէ Պաքուին իր սատարման մասին, դէմ արտայայտուած է 2017-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հետաքննութեան` եւրոպացի քաղաքական գործիչներու վրայ Ազրպէյճանի կողմէ անօրինական միջոցներով ճնշում գործադրելու հարցով», նշուած է յօդուածին մէջ:

Ալիեւի վարչակարգին հետ Ռաշիտա Տաթիի մտերմութիւնը վառ արտայայտուած է անոր կողմէ 2011 թուականին Ազրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի պատուոյն կազմակերպուած մեծ խնճոյքի ընթացքին: Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնին թեկնածուն յատկապէս 2016 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած ապրիլեան պատերազմէն ետք հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն դէմ յայտարարութիւններով:

Յօդուածին հեղինակները յոյս յայտնած են, որ Ռաշիտա Տաթի պիտի կարենայ դադրեցնել Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ իր արտօնեալ յարաբերութիւնները:

Ֆրանսայի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15-22 մարտին: Փարիզի քաղաքապետի պաշտօնին գլխաւոր թեկնածուներէն են գործող քաղաքապետ Անն Իտալկոն, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին այցելած է Հայաստան եւ հայանպաստ դիրքորոշումներու տէր անձնաւորութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախկին նախարար Անիես Պիւզենը, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կուսակցութեան կողմէ:

 

Նախորդը

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Հակակշիռի Տակ Պահելու Փուլէն Անցած Ենք, Որովհետեւ Այդ Ժահրը Սկսած Է Տարածուիլ»

Յաջորդը

Աննա Նաղդալեան. «Ֆրանսան Աւարտեց Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Ներպետական Ընթացակարգերը»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.