Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդական Միաեղջիւր Ձին

Մարտ 7, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ի՞նչ է այս տարօրինակ անասունը, որ անուանի դերասանի մը նման ունի իր  մեծ թիւով հետեւորդները տակաւին մինչեւ այսօր:

Հին Յունաստանի մէջ կը յիշուի ճակատին վրայ եղջիւր մը ունեցող ձիու մը գոյութիւնը, սակայն ո՛չ մէկը զայն տեսած է: Հռոմէացիներուն մօտ շատ լուրջ գիտնական Ծերունի Փիլինին ալ կը նկարագրէ տարօրինակ անասուն մը, որ ունի ձիու մը մարմինը, եղնիկի մը գլուխը, փիղի մը ոտքերը եւ սեւ եղջիւր մը` ճակատին կեդրոնը: Ան ալ բնաւ չէ տեսած այս մոնոքերոսը, որ կ՛ապրի հեռաւոր երկիրներու մէջ: Արդեօ՞ք Ծերունի Փիլինը զայն շփոթած էր ռնգեղջիւրի մը հետ:

***

Միջին դարերուն մարդիկ կը պատմէին, որ միաեղջիւր ձին կը պահուըտի անտառներուն խորերը, կամ` հեռաւոր օտար երկիրներու մէջ: Ճամբորդներ կը հաստատեն, որ զայն տեսած են. ան ունի գեղեցիկ ճերմակ ձիու մը կերպարանքը, այծի մը մօրուսիկը եւ ոլորուած եղջիւր մը` գլխուն վրայ: Կան նոյնիսկ անձեր, որոնք իրենց հետախուզական ճամբորդութիւններէն հետերնին բերած են երկար սրածայր եղջիւրներ: Անոնք չեն գիտեր, որ այդ եղջիւրները իսկապէս նարվալ` ծովային անասունին ակռաներն էին, եւ միաեղջիւր ձին միայն իրենց երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի:

***

Միջին դարերուն միաեղջիւր ձին լաւ անուն ունի: Ըստ աւանդութեան, անոր նշանաւոր եղջիւրը ջուրը կը մաքրէ, եւ փոշիի վերածուած` ան թոյնէն կը պահպանէ: Սակայն նախընտրելի է միշտ ուշադիր ըլլալ. միաեղջիւր ձին կրնայ զինք զայրացնող անձերուն մարմինները կայծակով մը խոցել: Անոր մօտենալու համար նախընտրելի է երիտասարդ աղջիկէ մը խնդրել անոր հետ խօսիլ. այդ ժամանակ միաեղջիւր ձին կ՛արտօնէ, որ երիտասարդուհին զինք շոյէ, եւ ան հանդարտ եւ քնքուշ կը դառնայ:

***

Այժմ ամէն մարդ գիտէ, որ միաեղջիւր ձին երեւակայական անասուն մըն է, սակայն ան չէ կորսնցուցած իր կախարդական դիւթիչ ուժը. մենք անոր կը հանդիպինք ամէն տեղ` գեղարուեստական գործերու մէջ, շապիկներուն վրայ տպուած, խաղալիքներու ձեւի տակ…

Միաեղջիւր Ձիերու Կղզին

Եթէ դուք ալ միաեղջիւր ձիերու մեծ սիրահար մըն էք, ըլլաք փոքր կամ մեծ, կրնաք ուղղուիլ դէպի Ֆիլիփիններ: Հոն` երկրին հիւսիսը, Մաքաօ մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 100 քմ հեռու, կը գտնուի Ինֆլէյթըպըլ այլընտ ծովային ընդարձակ խաղավայրը, Սուպիք ծովածոցին մէջ: Այս ծովային խաղավայրին մէջ է, որ կը գտնուի Միաեղջիւր ձիերու կղզին:

Ան իսկական կղզի մը կրնայ համարուիլ, որովհետեւ ան կը տարածուի 3400 քառ. մեթրի վրայ եւ ամբողջովին շրջապատուած է ջուրով: Սահնակներ, կամուրջներ, աշտարակներ, օրօրոցներ… միայն այդ առասպելական անասունի կերպարին յատկացուած:

Այս կախարդական վայրը ունի նաեւ գեղեցիկ ծովափ մը, ուր նստարաններու, արեւոցներուն գոյնը, առարկաները, տեսարանները կը յիշեցնեն միաեղջիւր ձիերու աշխարհը:

 Նարվալի Եղջիւրը

Նարվալը ծովային ստնաւոր անասուն մըն է. ան ճանչցուած է նաեւ ծովու միաեղջիւր անունով. սակայն անոր «եղջիւրը» փաստօրէն ակռայ մըն է, որ կրնայ մինչեւ 3 մեթր երկարութիւն ունենալ եւ կշռել 10 քիլօ:

Նարվալը մաս կը կազմէ ակռաներով օժտուած կէտերու մեծ ընտանիքին,  ինչպէս իր զարմիկը` պելուկան: Չափահաս տարիքին արու նարվալին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 5 մեթրի, եւ ան կրնայ կշռել մինչեւ 1,5 թոն:

Մարդիկ համոզուած էին, որ անոր երկար ակռան միաեղջիւր ձիու մը եղջիւրն է: Հետաքրքրուողները կազմած են հաւաքածոներ եւ զանոնք ցուցադրած ցուցափեղկերու մէջ` հազուագիւտ արժէքաւոր առարկաներու նման: Վաճառականները զանոնք կը ծախէին կամ կը փոխանակէին շատ սուղ: Կ՛ըսուի նոյնիսկ, որ Անգլիոյ Էլիզապէթ Ա. գնած է մէկ հատ` պալատի մը գինով:

Նարվալի այս ակռաներով մարդիկ կը շինէին նաեւ արժէքաւոր գաւաթներ կամ բաժակներ: Եւ որովհետեւ անոնք կը կարծէին, թէ այս ակռաները միաեղջիւր ձիերու եղջիւրներ էին, անոնք կը հաւատային, որ այս առարկաները իրենց տէրերը թոյնէն պիտի պահպանէին:

18-րդ դարու սկիզբն է, որ մարդիկ իմացան նարվալներու գոյութեան մասին եւ հասկցան, որ այդ «եղջիւրները» առասպելական միաեղջիւր ձիերուն չէին պատկաներ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել կէտին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Օրինակի համար, 3+2=5:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1970)

Յաջորդը

Շարունակելով Ժողովուրդ-Ակումբ Կապը. Ընթրիք-Խրախճանք Արագածի Մէջ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?