Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի յայտնեց. «Քորոնա» ժահրը կրնայ նախ Չինաստանը, ապա Իրանը հարուածած ամերիկեան կենսաբանական յարձակումի մը արդիւնքը ըլլալ»:
«Իրան պիտի յաղթէ ժահրին, մենք կենսաբանական պատերազմ մը կը մղենք, եւ բոլորը պէտք է իմանան, թէ մենք պիտի շրջանցենք այս փուլը եւ ուղղուինք դէպի կայունութիւն», նշեց զօր. Սալամի: