Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Էրտողան Վեհաժողով. Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ռուսիա – Թուրքիա Համաձայնութիւն

March 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որուն ընթացքին վերջինս յայտնեց, որ վստահութիւն ունի, որ ռուսական եւ թրքական կողմերը պիտի յաջողին երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնել` ընդգծելով, որ այդ յարաբերութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր ճարտարարուեստի, պաշտպանութեան եւ առեւտրական մարզերուն մէջ կը գտնուին իրենց գագաթնակէտին վրայ:

«Աշխատանք կը տանինք զանոնք աւելի զարգացնելու եւ կ՛ուզենք, որ անոնք աւելի ամրապնդուին», աւելցուց ան:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ աշխարհը կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն` նշելով, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ որդեգրելիք որոշումները պիտի նուազեցնեն շրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը հաւաստեց, որ «ռուս եւ սուրիացի զինուորները տեղեակ չէին ձեր զինուորներուն դիրքէն»` շեշտելով. «Սուրիական բանակը եւս վնասուեցաւ»:

Փութին ցաւակցութիւն յայտնեց սպաննուած թուրք զինուորներուն համար` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը գնահատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: «Պէտք է անհրաժեշտ ամէն բան ընել խուսափելու համար այն դէպքերէն, որոնք կրնան քանդել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ կացութիւնը այնքան լարուած է, որ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ Սուրիոյ ամբողջ կացութեան շուրջ այս խօսակցութեան կը կարօտի, որպէսզի չկրկնուի այն ինչ որ պատահեցաւ, եւ Ռուսիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները չխանգարուին:

Ժողովի ընթացքին երկու կողմերը գոյացուցին Իտլիպի հարցին շուրջ փոխհասկացողութեան փաստաթուղթ մը, որ կը ներառէ 6 մարտի կէս գիշերէն սկսեալ զինադադարի հաստատում եւ «Էմ4» ճամբուն երկայնքին 12 քիլոմեթր երկարութեամբ անվտանգ անցք մը:

Փաստաթուղթը, որ վեհաժողովի աւարտին կարդաց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, կը նշէ, որ համաձայնութիւն գոյացած է 7 օրուան ընթացքին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ անվտանգ անցքի ստեղծման մանրամասնութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

Փաստաթուղթը նաեւ կը շեշտէ, թէ պէտք է «վնասազերծել Իտլիպի մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք ներառուած են ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի ցուցակին վրայ»:

Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ 15 մարտին «Էմ4» ճամբուն վրայ ռուս¬թրքական միացեալ հսկողութիւն կատարել Սարաքեպէն երկու քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Թրամապա գիւղէն մինչեւ Այն Հապր գիւղ:

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Իտլիպի շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է 6 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք: Ան Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւնները հիմնուած են Սուրիոյ անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը չտկարացնելու սկզբունքներուն վրայ` նշելով, որ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն կատարած աշխատանքը աւարտած է «դրական արդիւնքով»:

«Մեր թուրք գործընկերներուն հետ Սուրիոյ հարցով միշտ չէ, որ համաձայն ենք», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիան չի կրնար լուռ մնալ Իտլիպի մէջ սուրիական կառավարութեան յարձակումներուն նկատմամբ»` աւելցնելով, որ կէս գիշերին զինադադար պիտի հաստատուի, որուն այլ քայլեր պիտի հետեւին: «Թրքական կողմը իրաւունք պիտի ունենայ հակադարձելու զինադադարի որեւէ խախտման», նշեց ան:

Ըստ Թուրքիոյ նախագահին, առաջին պատասխանատուն սուրիական բանակի ուժերն են, որոնք «Սոչիի համաձայնագիրը ոտնահարեցին»: Ան շեշտեց, որ պէտք էր «վերջին մագլցումին լոյսին տակ Իտլիպի մէջ նոր կացութիւն մը ձեւաւորել»:

«Իտլիպի մէջ մեր գլխաւոր նպատակը այդ շրջանին մէջ հանդարտութիւն հաստատելն է, սակայն սուրիական վարչակարգը կ՛ուզէ մեզ ոչ երանելի կացութեան մը մէջ դնել», ըսաւ Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ երկար պատմութիւն ունի, որ դարերու վրայ կ՛երկարի եւ հիմնուած է փոխադարձ գործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը «աննախադէպ գործակցութիւն մըն է, եւ կը նպաստէ Իտլիպի եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ հարցի լուծման»:

Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ռուսական կողմը Թուրքիոյ փոխանցած է իրանեան խիստ ոճի պատգամներ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրան բանակցութիւններուն մէջ «կանաչ լոյս» տուած է Ռուսիոյ, որ Թեհրանի կողմէ Իտլիպի հարցով խիստ ոճի պատգամներ փոխանցած է Անգարային:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նախապէս յայտնած էր, որ Էրտողանի Մոսկուա այցելութիւնը երկու կողմերուն առիթ պիտի ընծայէ Իտլիպի մէջ կարելի քայլերը մանրամասնօրէն քննարկելու` շեշտելով, որ Սուրիոյ սահմանադրական յանձնախումբը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը, եւ միջազգային հսկիչներու ներկայութեամբ տեղի ունենան թափանցիկ ու բաց ընտրութիւններ, որոնք կ՛արտացոլեն սուրիացի ժողովուրդին ու գաղթականներուն կամքը:

Նշենք, որ Քրեմլին երէկ հաղորդեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ «եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ կացութիւնը եւ Իտլիպի մէջ լարուածութեան մագլցումը, որուն պատճառ դարձան ահաբեկչական խմբաւորումներուն քայլերը»: Կողմերը համաձայնած են շարունակել հաղորդակցութիւնը:

Ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, ռուս-թրքական վեհաժողովի տեւողութիւնը եղած է երեք ժամ:

 

Նախորդը

Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Կը Դնեն Հոմսի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին

Յաջորդը

«Քորոնա»-ն Կրնայ Չինաստանը, Ապա Իրանը Հարուածած Ամերիկեան Կենսաբանական Յարձակում Մը Ըլլալ» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.