Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Լիբանանի «Տը Կոլտըն Վոյս»-ի Մրցանակակիր Գլարա Ալիխանեանի Հետ

Մարտ 6, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՆԱՆՈՐ Ս.

Նախորդ տարի կազմակերպուած «Տը կոլտըն վոյս» մրցումին մասնակցած, օփերա երգած եւ դափնեկիր դարձած Գլարա Ալիխանեան «Ազդակ»-ին հետ զրուցեց իր ասպարէզին եւ խլած մրցանակին մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` ըսէք, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ հայ երգի եւ ընդհանրապէս արուեստի հանդէպ ձեր սէրն ու փափաքը, նաեւ նշեցէք, թէ ինչո՛ւ ընտրած էք օփերայի բաժին:

ԳԼԱՐԱ ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ.- 9 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ լսեցի Լուսինէ Զաքարեանի երգեցողութեամբ «Սուրբ, սուրբ» շարականը: Մօրս հարցուցի, թէ ի՛նչ երգելաոճ է այս շարականը, ինծի ըսաւ, որ օփերա է: Հակառակ անոր որ այդ շարականը օփերա չէր, բայց իմ մէջ փափաք արթնցաւ մասնագիտանալու օփերայի երգեցողութեան մէջ: Ի դէպ, պէտք է նշել, որ երաժշտանոցը դաշնամուրի դասի կը հետեւէի, բայց որոշեցի օփերայի երգչուհի դառնալ, տունը յաճախ երգելու փորձեր կը կատարէի, եւ երբ 13 տարեկան դարձայ, յաճախեցի երաժշտական դպրոց, ապա ընդունուեցայ երաժշտանոց, աշխատեցայ Գիւմրի քաղաքի ԳՈՀԱՐ համոյթին հետ եւ Երեւանի Օփերային սթիւտիոյին մէջ, որ վերջերս վերաբացուեցաւ 8 տարի ընդմիջումէ ետք: 2015 թուականին եկայ Լիբանան եւ առաջին աշխատանքային քայլս առի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ` որպէս ձայնամարզութեան ուսուցիչ եւ հետագային տարբեր միութենական հաստատութիւններ հրաւիրեցին զիս իրենց ձեռնարկներուն ելոյթ ունենալու համար:

«Ա.».- Խօսինք «Տը կոլտըն վոյս» մրցոյթի մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

Գ. Ա.- Սեպտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան Դիմատետրով պատահականօրէն տեսայ այս մրցոյթին ծանուցումը եւ հետաքրքրութեամբ կապ հաստատեցի մրցոյթի կազմակերպիչներուն հետ: Անկեղծ ըլլալու համար` մեծ յոյսեր չունէի, որ Լիբանանի մէջ օփերան կրնայ առաջնակարգ դիրք գրաւել, բայց, ամենայնդէպս, երկար տատանումներէ ետք որոշեցի մասնակցիլ եւ արուեստիս ծանօթացնել արաբական աշխարհը: «Տը կոլտըն վոյս»-ը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր 2019-ին, մրցոյթը բաղկացած էր 2 փուլէ, 3 տարիքային բաժանումներով, իսկ յաջողութիւնը կ՛ապահովուէր դատական կազմի հաւանութեամբ եւ ժողովուրդի քուէարկութեամբ: Ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցի Christoph Willibald Gluck-ի «J’ai perdu mon eurydice» երգը: Մրցակիցները տեղացի արաբներ էին, եւ մասնակցողներուն մէջ միակ հայ երգչուհին էի, 27-40 տարեկան մասնակիցներու խումբին մէջ:

Բ. փուլին, երբ ֆրանսերէնով անունս յայտարարեցին, չնկատեցի: Որովհետեւ երբ անունս երրորդ եւ երկրորդ դիրքերուն չտուին, յուսահատեցայ. անմիջապէս շուրջիններս զիս մխտելով ըսին, որ իմ անունը կը յայտարարեն եւ, առանց գիտակցելու, ոտքերս զիս տարին բեմ` առաջին դիրքի մրցանակը ստանալու, չըմբռնելով, թէ առաջին հանդիսացողը ես եմ իմ տարիքային սահմանումին մէջ: Մրցակցութիւնը շատ զօրաւոր էր, եւ բոլոր մասնակիցները տաղանդաւոր երաժիշտներ էին, ուր ինծի համար անկարելի կը թուէր յաջողութիւնս, սակայն աւելի ուշ ընկալեցի, որ Լիբանանի մէջ կարելի է ծաւալել որոշակի գործունէութիւն օփերայի ասպարէզին մէջ:

«Ա.».- Որպէս «Տը կոլտըն վոյս» նախագիծի մրցանակակիր` ի՞նչ հորիզոններ բացուեցան ձեր առջեւ, եւ ձեր կարծիքով, այդ մրցանակը կրնա՞յ յեղաշրջում մը յառաջացնել Գլարա Ալիխանեանի արուեստի աշխարհին մէջ:

Գ. Ա.- Անկեղծօրէն` այս մրցոյթէն ես ակնկալիք չունիմ, սակայն իմ ասպարէզիս մէջ մէկ քայլ յառաջդիմեցի: Այս մրցոյթը հոգեկան գոհունակութիւն եւ վստահութիւն պարգեւեց ինծի եւ ուժ տուաւ, որպէսզի միշտ առաջ երթամ: Զիս դատողները մասնագէտ մարդիկ էին, եթէ չեմ սխալիր, անոնց մէջ էր «Տը վոյս օֆ ֆրենչ»-ի  եւ «Եուրովիժըն»-ի տնօրէնը, որուն հաւանութեամբ ես յաջողեցայ: Դատական կազմին մէջ կային նաեւ երգիչներ` Թանիա Քասիս եւ Անթոնի Թուման, որոնք զարմացած էին, թէ ինչպէ՛ս հայ երգչուհին ելոյթ կ՛ունենայ արաբական երկրին մէջ:

«Ա.».- Որպէս դասական երգիչ` ո՞ր բնագաւառներուն մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք եւ ինչպէ՞ս կը յաղթահարէք:

Գ. Ա.- Դժուարութիւնս Լիբանանի մէջ տարածուած երաժշտական մտածելակերպի խնդիրն է, որովհետեւ արաբական երաժշտութիւնը բոլորովին տարբեր է ներկայ տարածուած արաբական երաժշտութենէն: Դժուարութիւն ունիմ լսելու փողոցը հնչող արաբական ռապիզ երաժշտութիւնը: Երաժշտութիւնը կը զարգացնէ եւ կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին եւ կը ձեւաւորէ անոր էութիւնը:

«Ա.».- Վստահաբար Հայաստանի մէջ ելոյթներ ունեցած էք, իսկ այժմ որպէս լիբանանաբնակ դասական երգիչ` տարբերութիւն կը զգա՞ք Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ ձեր կատարումներուն միջեւ:

Գ. Ա.- Տարբերութիւնը շատ է: Հայաստանի մէջ երբ ելոյթներ կ՛ունենայի, 20-21 տարեկան էի, իսկ հիմա հասուն եւ փորձառու եմ, որովհետեւ ձայնային հասունութիւն գոյութիւն ունի: Հիմա շատ աւելի փորձառու դարձած եմ, որովհետեւ երբ կեանքի որոշակի փուլեր կ՛անցնիս, արդէն այդ փոփոխութիւնները կը ստիպեն, որ ուրիշ տեսակ մտածես, եւ մտածելակերպերի փոփոխութիւնը կ՛ազդէ ձայնիդ եւ կատարումիդ վրայ:

«Ա.».- Ապագայ ի՞նչ ծրագիրներ կը նախատեսէք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ:

Գ. Ա.- Ծրագիրներ միշտ ալ եղած են, կ՛ըլլան եւ պիտի ըլլան Հայաստանի հետ: Թերեւս արտասահմանի` Եւրոպայի որեւէ մէկ երկրի կամ Լիբանանի մէջ համերգներ ունենամ կամ մնայուն աշխատանք, ես ո՛չ հոգիով, ո՛չ ալ մտքով կրնամ կտրուած մնալ Հայաստանէն: Եւ եթէ կարողութիւններս ներեն, ես միշտ ալ օգտակար պիտի դառնամ հայրենիքիս:

«Ա.».- Լիբանանի արուեստասէր սերունդին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Գ. Ա.- Ընտրեցէ՛ք ճշմարիտ արուեստը: Այն արուեստը, որ ձեր հոգիին մտերիմ է: Պարտադիր չէ ժանրը, իւրաքանչիւր մարդ պէտք է հարցնէ, թէ ինք ի՛նչ կ՛ուզէ:

Արաբական երկրի մէջ կ՛ապրինք եւ ձեւով մը ստիպուած ենք հետեւելու, սակայն հեռատեսիլով պէտք է արգիլուին բոլոր անճաշակ երաժշտութիւնները, իսկ սերունդը կիրթ երաժշտական մակարդակ ունենալու համար պէտք է մասնագէտ յանձնախումբ մը յառաջացնել` տնօրինելու եւ կառավարելու երաժշտութեան որակը, զարգացումն ու խնդիրները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1970)

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Գաղափարները Հարազատ Են Իւրաքանչիւր Հայի, Ով Սիրում Է Իր Հայրենիքը, Ով Մտածում Է Իր Ժողովրդի Մասին

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?