Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մանուկներու հասցէագրուած հրատարակութիւն մը, որ առանց ճիգ պահանջելու, գոյնի գիծի, բառի եւ իմաստի վրայ կը բանայ մատղաշ հոգիները, որոնք այնքան խճողուած են անորակով եւ հեղեղային ծանուցումներով:
Ծնողք եւ ուսուցիչներ, եթէ գեղեցիկի եւ որակի մատուցումով չփոխարինեն խորքէ զուրկ մակերեսայինով զինուած նախայարձակումները, հաւաքաբար կը ձախողինք, ընդհանրապէս մարդ եւ մասնաւորաբար հայ նոր սերունդ չի հասնիր:
Դաստիարակել` չի նշանակեր վարդապետական գիտութիւն ջամբել, այլ նոր սերունդին հետ քայլ պահելով, մտնելով անոր զգալու եւ տեսնելու աշխարհը, որ մեծերու աշխարհին մանրանկարը չէ, այլ ի՛ր աշխարհն է, զայն բանալ արժէքներու հորիզոնին վրայ:
Առանց հռետորութեան ինքզինք հրամցնող պրակ մը, որ ոչինչով կը զիջի նոյնանման ամերիկեան կամ եւրոպական հրատարակութիւններու: Հայկական ընկերութիւնը փակ չէ, հեռուի եւ մօտի ազդեցութիւններ եւ բաղդատութիւններ կան, այս պատճառով ալ մրցախաղին մէջ պէտք է ըլլալ:
«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը դրական նախաձեռնութիւն մըն է: Բայց ինչպէս այլ պարագաներու կը նշուի, անոր ետին չկան պետական կամ կազմակերպական վարկեր: Հետեւաբար ան ապրելու համար պէտք է յաջողի ինքզինք մատակարարել: Իսկ այդ հրաշքը կարելի է գիտակցութեամբ, դպրոցներու ծնողներու գործակցութեամբ:
Եթէ նման ձեռնարկ գոյութիւն չ’ունենար, որպէս իմաստութիւն պիտի ափսոսայինք, որ չկայ: Իսկ ի՞նչ կ’ընենք, երբ կայ: Երբ տեղեակ ենք, որ կայ:
Աւելի պարզ. «Փթիթ»-ը փթթումի հրաւէր է:
Մեր դպրոցները, սփիւռքներու տարածքին, ամէնօրեայ, միօրեայ, կրնա՞ն չհասկնալ, որ այս պրակը ՕԺԱՆԴԱԿ է հայերէն տեսնելու, հայերէն սիրելու: Հետեւաբար միայն կարելի է զարմանալ, որ ան չի հասնիր մանուկներու եւ պատանիներու ձեռքը:
Ո՞վ է պատասխանատուն այս թերացման: Որովհետեւ թերացում կայ:
Կը դարձնեմ էջերը «Փթիթ»-ի: Երփներանգ էջեր: Պատմութիւններ, խաղեր, որոնց հետ կ’իւրացուին կեանքին եւ կենցաղային պայմաններուն առնչուող բառեր, այսինքն հայերէն կը սորվինք եւ հայախօսութիւնը կը բերենք մեր տուները եւ դպրոցները:
Հայերէնի ուսուցիչները եւ հայկական դպրոցները, ո՛ւր որ դեռ կան, իրենց առաքելութեան միս ու ոսկոր տալու համար, կ’ընե՞ն այնպէս, որ ան մտնէ դասարանները եւ տուները:
Եւ ինչո՞ւ չենք ըներ…
Կը լսուի՞, ինչ որ կ’ըսենք…
Հայ ուսուցիչները, դպրոցներու պատասխանատուները եւ ծնողները մի՞թէ կը վախնան, որ այլ ԿԱՐԵՒՈՐ համարուած առարկաներու համար… ժամանակ չի մնար:
Բայց օր մը պէտք է ըսել, թէ ինչպէ՞ս պիտի տոկանք, տեւենք եւ շարունակութիւն ըլլանք:
Ինչո՞ւ չփորձուիլ գէթ մէկ անգամ «Փթիթ» մը բանալ եւ կարդալ: Յետոյ կ’եզրակացնենք…
«Փթիթ»-ը կը խմբագրեն Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեաններ:
Հասցէ. E.mail: [email protected]
P.O.Box: 11-9730 Beirut Lebanon
20 դեկտեմբեր 2011

