Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՒԵԼԻ ԽԵԼԱՑԻ ՉԵՆՔ…

January 9, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

… ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՍԱՀՄԱՆ ՄԸ ԴՐՈՒԱԾ Է ՄԵՐ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԻՆՉՊԷՍ Կ՛ԸՍԷ «ՄԵՏԻՔԸԼ ԷՔՍՓՐԵՍ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ՄԷԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀՈՒԱԾ Է ՎԵՐՋԻՆ 2000 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄԻՆ ԿԱՄ ՎԱՏԹԱՐԱՑՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: Ի ՎԵՐՋՈՅ Ի՞ՆՉ Է ԽԵԼԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՒ Ի՞ՆՉ ԵՆ ԱՆՈՐ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ: ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԳԷԹ ԿԸ ՄՂԷ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ:

Մեծ ճիգ կը թափենք բարելաւելու համար մեր յիշողութիւնը, խելացութիւնը եւ կեդրոնացումը: Նոյնիսկ գոյութիւն ունին քիմիական նիւթեր, ինչպէս` ռիթալին եւ քաֆէին, որոնք կը սրեն մեր մտածելու կարողութիւնը: Սակայն թերեւս խելացութիւնը այնքան ալ նպաստաւոր բան մը չէ: «Քարընթ Տայրեքշընզ ին Սայքոլոճիքըլ Սայընս» թերթին մէջ լոյս տեսած նոր ուսումնասիրութիւն մը կը նախազգուշացնէ, թէ որոշ սահմաններ կան մարդկային խելացութեան, եւ թէ` մտածելու կարողութեան որեւէ բարելաւում իրեն հետ կը բերէ այլ հարցեր:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները դիմած են եղափոխութեան` հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ մարդիկ խելացի են միայն այնքան, որքան գիտենք, եւ ոչ` աւելի: «Շատեր հետաքրքրուած են իմացական կարողութիւնը տարբեր ձեւերով խթանող դեղերով,- կ՛ըսէ Ուորուիքի համալսարանի դասախօս Թոմըս Հիլզ, որ Պազըլի համալսարանի դասախօս Ռալֆ Հերթվիկի հետ գրած է ուսումնասիրութեան տեղեկագիրը:- Սակայն բնական կը թուի հարց տալը, թէ ինչո՞ւ ամէն պարագայի աւելի խելացի չենք»:

Փոխզիջումները սովորական են եղափոխութեան մէջ: Թերեւս լաւ բան է 2.5 մ բարձրութեամբ հասակ ունենալը, սակայն շատերուն սիրտը պիտի չդիմանար մարմնին դէպի այսքան բարձրերը արեան շրջագայութեան: Հետեւաբար մարդոց մեծամասնութիւնը 1.8 մեթրէն աւելի հասակ չի նետեր: Այնպէս, ինչպէս եղափոխութեան ընթացքին փոխզիջումներ կը կատարուին ֆիզիքական յատկանիշներու գոյատեւումին մէջ, նոյնպէս ալ նման փոխզիջումներ կը կատարուին խելացութեան յատկանիշներու գոյատեւումին մէջ, կ՛ըսէ Հիլզ: Նորածինի մը ուղեղին չափը սահմանափակուած է բազմաթիւ բաներու կողքին` մօր մը ծննդական գործարաններուն չափով. մեծ ուղեղով ծնիլը պատճառ պիտի դառնար ծննդաբերութեան ժամանակ մեծ թիւով կիներու մահացութեան, իսկ ծննդական գործարանները չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ` առանց փոփոխութեան ենթարկելու կանգնելու եւ քալելու մեր ձեւը:

Ռիթալինի նման նիւթեր եւ ջղային դրութեան վրայ իրենց ներգործութեամբ ուղեղը աշխուժացնող դեղեր կ՛օգնեն, որ մարդիկ աւելի կեդրոնանան: Սակայն անոնց ազդեցութիւնը յաճախ կ՛օգնէ միայն ցած մակարդակի կարողութիւններ խթանելու: Այն անձերը, որոնք կեդրոնանալու դժուարութիւն չունին, իրականութեան մէջ կրնան շատ աւելի գէշ արդիւնք տալ` կեդրոնացումը խթանող նիւթեր եւ դեղեր առնելու պարագային: Ասիկա կը նշանակէ, թէ գոյութիւն ունի կեդրոնանալու կարողութեան առաւելագոյն սահման մը: «Այս գաղափարը հասկնալի կը դառնայ, երբ կը մտածենք ինքնաշարժ վարելու նման կեդրոնացում պահանջող աշխատանքի մը մասին,- կ՛ըսէ Հիլզ:- Ինքնաշարժ վարելու ժամանակ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել, միաժամանակ` կատարել ճիշդ շարժումներ, որոնք ամէն վայրկեան ենթակայ են փոփոխութեան: Եթէ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է պսպղուն ցուցատախտակի մը վրայ կամ ձայնասփիւռի կայանը փոխելու, ապա հարցեր կրնան ծագիլ»:

Կը թուի, թէ լաւ բան է աւելի լաւ յիշողութիւն ունենալը: Սակայն չափազանց պայծառ յիշողութեամբ անձեր դժուար կեանք մը կ՛ապրին: «Յիշողութիւնը երկսայրի սուր մըն է», կ՛ըսէ Հիլզ: Օրինակ, հոգեկան ցնցումով յատկանշուած լարուածութեան տագնապ մը յաղթահարելէ ետք կը շարունակենք յիշել այն ահաւոր դէպքերը, որոնք հոգեկան խոց պատճառած են մեզի: «Երբ գէշ բան մը պատահի, կ՛ուզենք մոռնալ զայն եւ յառաջ ընթանալ», կը բացատրէ Հիլզ:

Նոյնիսկ ընդհանուր խելացութեան մակարդակը բարձրացնելը կրնայ հարցեր ստեղծել: Հիլզ եւ Հերթվիկ կը նշեն ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է աշքենազի հրեաներու վրայ, որոնց խելացութեան մակարդակը չափող քննութիւններուն արդիւնքը շատ աւելի բարձր է, քան` ընդհանրապէս Եւրոպայի բնակչութեան խելացութեան մակարդակը: Յայտնապէս պատճառը վերջին 2000 տարիներուն եղափոխութեան ժամանակ կատարուած ընտրանքներն են: Սակայն աշքենազի հրեաները նաեւ վարակուած են ժառանգաբար փոխանցուած հիւանդութիւններով, ինչպէս` Թայ-Սաքս, որ կը հարուածէ ջղային դրութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ մանուկներու մահացութեան: Հաւանական է, որ անոնց ուղեղին յաւելեալ զօրացումը պատճառ դարձած է այս հիւանդութեան տարածումին:

Նկատի ունենալով այս բոլոր փոխզիջումները, որոնք կը յայտնուին, երբ կը խթանուի մարդոց մտածելու կարողութիւնը, ապա հաւանական է, որ երբեւիցէ գոյութիւն պիտի չունենայ գերագոյն ուղեղ մը, ինչպէս կ՛ըսէ Հիլզ: «Եթէ պարտաւոր ենք կատարել յատուկ աշխատանք մը, որ կը պահանջէ յաւելեալ յիշողութիւն, յաւելեալ արագութիւն եւ յաւելեալ ճշգրտութիւն, ապա կարելի է դիմել խթանող դեղի մը` այդ մասնայատուկ աշխատանքին համար,- կ՛ըսէ Հիլզ:- Սակայն սխալ պիտի ըլլար մտածել, թէ ասիկա կրնայ բարելաւել մեր կարողութիւնները ընդհանրապէս»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՔԻՉ ՈՒՏԵԼԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿԸ ՊԱՀԷ ՈՒՂԵՂԸ

Յաջորդը

«ՓԹԻԹ», ԿԱՄ` ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄՏՆԵԼՈՒ ԳՆԱՑՔ ՄԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։