Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԵՐ ԲԱՐԵՍԷՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

January 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

2011 տարին անցաւ համեմատաբար խաղաղ եւ արդիւնաւէտ` գաղութային ազգային-մշակութային-կրթական իմաստով: Ըսինք` համեմատաբար, մէկ կողմ թողած բնական եւ անբնական կարգ մը անպատեհութիւնները, սուգն ու ցաւերը: Ընդհանրական հայեացքով ունեցանք գոհունակութիւն, որուն համար շնորհակալ ենք աստուածային ողորմածութեան, նախախնամութեան ներողամտութեան:

Ըսենք նաեւ, որ աղուոր Կաղանդ տօնեցինք մեծով ու փոքրով, ունեւորով եւ չունեւորով, իրերօգնութեան սքանչելի նուիրաբերումով: Այս ուրախ առիթով մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք մեր բարերարներուն, բարեսէր ու գթասիրտ ազգայիններուն, մեր բարեկամներուն, մեր ազգային կառոյցներուն հանդէպ խնամատարական զգացումներ  արտայայտողներուն: Անոնք չմոռցան մեր ծերանոցը, «Թռչնոց բոյն»-ը, մեր բուժարանը, մեր վարժարանները: Անձնական թէ հաւաքական արտայայտութիւնները եղան խրախուսիչ: Զգացինք, թէ անտարբերութեան ալիքը մեղմացած է, յիշեցինք, թէ կայ տաք ճաշ հրամցնող ԼՕԽ-ի խոհանոցը, կայ մեր մանուկները եւ մեր ծերերը հոգացող քաղաքապետութիւն, որուն կաղանդ պապաները շրջեցան հայկական թաղերը եւ կաղանդչէքի նուէրներ բաժնեցին: Մեր ծերերը եղան հովանաւորեալ ներկայութիւն: Անոնք ստացան իրենց յարմար նուէրներ եւ ճաշեցին, հիւրասիրուեցան մեր սրահներուն մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի հանդիսասրահէն մինչեւ ԼՕԽ-ի կեդրոնի խոնահոցին եւ «Թնճուկեան» սրահ:

Մեր բարեսիրական միութիւնները եղան առատաձեռն, ՀԲԸ Միութիւն ըլլայ թէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչ` իր մասնաճիւղերով:

Վարժարաններու մէջ սիրոյ սեղաններ բացուեցան ուսուցչական կազմերու ի պատիւ եւ մաղթանքներ կատարեցին արեւշատութեան, յաջող տարուան մը համար: Մոռացումներ գրեթէ չեղան, ամէն ինչ տեղն ու տեղին…

Մանկապատանեկան գեղարուեստական հանդիսութիւններ, տօնական երգչախմբային համերգներ ցնծութիւն պարգեւեցին:

«Վանայ Ձայն» շարունակեց «Ձեռք երկարել» անօգնական ընտանիքներուն` կարելիութեան սահմանին մէջ արցունք սրբելով: Այս իրագործումին մասնակից եղան մեր հայրենակիցները` լումայական թէ յատուկ նուիրաբերումով:

Այս ցոյց կու տայ մեր գաղութին կենսունակութիւնը` հակառակ տիրող աննպաստ պայմաններուն, գործազրկումի սպառնալիքին եւ մասամբ նորին:

Հապա՞ մեր օրացոյցները. իւրաքանչիւր վարժարան, եկեղեցի, միութիւն, հայրենակցականներ, հրատարակչատուներ, բուժիչ կեդրոններ, գաղափարախօս-երիտասարդական մարմիններ փաստեցին իրենց ներկայութիւնը` օրական «բարեւ» մը փոխանցելու եւ յիշեցնելու, թէ մենք կանք ու կը մնանք:

Նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւններ, դաստիարակիչ թէ հոգեմտաւոր փոխանցումներ շէն ու պայծառ պահեցին մեզ` յոյսին կառչած մնալու հաւատքով: Մեր վանքերէն ու եկեղեցիներէն հնչող աղօթք-մաղթանքները օրհնութիւն բաշխեցին համայն ազգին` հոգեկան բաւարարութեամբ:

Տարին անցուցինք միասնաբար: Չարիքը ձգեցինք մեր ետին, ժպտեցանք բարիքին ու բարիին: «Չար մշակողին, չար սերմանց նորին, չորացո՛ զպտուղն»` ըսինք բարձրաձայն: Այս ալ մաս կազմեց մեր աղօթքին…

Շնորհակալութիւն ամէնուն: Շարունակենք նոյն թափով, առանց ականջ տալու գուշակներուն, տեսանողներուն չարագուշակ նախատեսութիւններուն` յանձնուելով միայն երկնային հովանիին: Լաւատեսութեամբ դիմաւորենք գալիք օրերը, սիրալիր եւ ժպտերես, ու ամէն հարց կը լուծուի կամօքն Աստուծոյ:

Թող Նոր տարին բերէ բարին, հայոց ազգին:

 

 

Նախորդը

«ՓԹԻԹ», ԿԱՄ` ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ՄՏՆԵԼՈՒ ԳՆԱՑՔ ՄԸ

Յաջորդը

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ. ՈՎ` Ո՛Վ Է, ԿԱՄ ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՉ ՀԵՌՈՒ ԱՆՑԵԱԼԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։