Շատեր ունին այն թիւր կարծիքը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ ակնառու դէմքերն են դեր վերցնողները: Ընկեր, տոքթ. Բ. Փափազեանի կողմէ մօտ վաթսուն տարի առաջ գրուած եւ համեստ ու պարզ ընկերոջ մը` ընկեր Մկրտիչ Պարոնեանի յիշատակին նուիրուած այս գրութիւնը հակառակը կը շեշտէ: Մկրտիչ Պարոնեան Քաղաքի Ժողովրդային տան պահակ-տնտեսն էր:
Շ. Մ.
Հաւատաւոր, հաւատարիմ, աննկուն, համեստ, խոնարհ, անանձնական, զոհաբերող, յաւէտ նուիրուած մը` ընկ. Մկրտիչ Պարոնեանը, որուն աչքերուն մէջ փայլող հաւատքի ու վստահութեան կայծը պիտի չտեսնեն այլեւս անոնք, որոնք Դաշնակցութեան քաղաքի ակումբը կու գային, ժողովի մը, դասախօսութեան մը, աշակերտական կամ ուսանողական հանդիպումի մը, Օգնութեան խաչի հաւաքոյթի մը համար:
Հողը կը ծածկէ իր մարմինը հիմա: Չի կրնար ծածկել ճառագայթումը իր ապրումին, գաղափարներուն ու հաւատքին:
Որովհետեւ, տարօրինակ կերպով, առանց բանախօսութեան կամ դասաւանդութեան, իր անձովն իսկ, ներկայութեամբը, հաւատարմութեամբն ու աշխատանքի անսպառ պատրաստակամութեամբ, Հայ ազգի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին իր ունեցած անսասան հաւատքովն ու վստահութեամբ, կը դաստիարակէր իրեն հետ յարաբերութեան մէջ եղողները, առանց րոպէ մը անգամ մտածելու, թէ ինք այդ րոպէին կուսակցութեան օրինակը տուողներէն մէկն էր, ապագայ սերունդի պատրաստութեան ծառայողներէն մէկը:
Հոդ է գաղտնիքը մատուցուած ծառայութեան արժէքին, առանց հովերու, առանց մեծամտութեան, առանց նուազագոյն չափով իսկ յաւակնոտութեան կամ փառամոլութեան ծառայելը ժողովուրդին ու կազմակերպութեան, ու երբեք, երբեք առաջ չքշել թիւը տարիներուն, քանակը մատուցուած ծառայութեանց, զոհաբերուածին ծանրութիւնը:
Մեղադրանքն ու քննադատութիւնը, որ այնքան տարածուած ու աժան երեւոյթ է, տեղ չգտաւ իր մօտ. ինչքան դիւրին պիտի ըլլար իրեն համար խօսիլ աջ ու ձախ, ասոր կամ անոր, այս կամ այն քայլի, այս կամ այն երեւոյթի մասին… անգաղտնապահութիւնը իրմէ սկսած պիտի չըլլար:
Նկարագիրն ու դաշնակցականի առողջ գիտակցութիւնը թոյլ չէր տար: Գաղտնապահութիւն բառը իրմով ուրիշ իմաստ մը կը ստանար, կրնար իրմէ տարածուիլ իր չորս կողմը ելք ու մուտք գործող պատանիներուն, երիտասարդներուն հոգիներէն ներս, եւ կը տարածուի անշուշտ, երբ կեանքը հարկադրէ գիտակցութեան լոյսին բերել առնուած քայլերն ու արտայայտուած մտքերը, ըսուած խօսքերը:
Թող չկարծուի, թէ կեանքի անխուսափելի դժուարութիւնները չէր տեսներ, իր սիրտն ու հոգին չէին արիւներ, երբ այս կամ այն երեւոյթը, այս կամ այն իրողութիւնը գային հարուածելու կուսակցութիւնը: Ընդհակառակը: Խորունկէն եկող ցաւի ճիչ մը կը բարձրանար իր շրթունքներուն. անոնք չէին բացուեր սակայն, աջ ու ձախ պոռալու համար իր անձկութիւնն ու հաւատքը միաժամանակ: «Աստուած ուժ եւ կարողութիւն տայ անոնց ուսերուն, որոնց վրայ այս ծանր բեռը կայ», կ’ըսէր: Չէր անդրադառնար, եւ չէիր կրնար իրեն ըսել, թէ Ի՛Ր ՈՒՍԵՐՈՒՆ ՈՒԺԻՆ ՎՐԱՅ ԷՐ ԲԵՌՑԱԾ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԾԱՆՐ ԲԵՌԸ, որուն կ’ակնարկէր: Խորունկէն եկող իրական համեստութիւնը պիտի վիրաւորուէր, պիտի կարծէր, թէ կատակ է` կ’ընէիր, թէ զինք ձեռք կ’առնէիր:
Հիմա սակայն, որ չկայ իր մարմինը, հիմա կրնամ ըսել իրեն, թէ ծառայութեան ծանրութեան բեռը իր եւ իրեն նման հաւատաւորներու, հաւատարիմներու, համեստներու, անանձնական մօտեցման տակ եղողներու, աննկուն վճռականութեամբ գործող ու զոհաբերողներու, յաւէտ նուիրուածներու ուսերուն է:
Հայութեամբ ու դաշնակցական գաղափարականութեամբ հարուստ, միաժամանակ եսին ամբողջական զոհաբերութիւնը կատարած հաւատաւորներու ուսերուն վրայ է, որ կանգուն կը մնայ ու պիտի մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան շէնքը:
Նման նուիրեալ մըն էր ընկ. Մկրտիչ Պարոնեան, որուն ուսերը չկան այլեւս բեռան տակ: Բեռը կայ: Նոր ուսեր պէտք են, նոր ուսեր արդէն իսկ տեղը բռնած են այս րոպէին, առանց որ մենք գիտնանք, թէ որո՞ւ ուսերն են անոնք: Այդպէս է ճակատագիրը հաւատաւոր խոնարհներուն: Այդտեղ է արժէքը եւ ուժը անցած ու գալիք բոլոր Մկրտիչ Պարոնեաններուն:
20/2/1968



