Նախորդ շաբաթավերջին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Քալչիոյի 26-րդ հանգրուանին գծով, նախատեսուած մրցումներէն կատարուեցան միայն չորսը, մինչ հինգ ուրիշներ յետաձգուեցան` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Յետաձգուած մրցումներուն կարգին եղաւ նաեւ Եուվենթուս – Ինթեր Միլան շաբթուան գագաթի ճակատումը: Կը նախատեսուի, որ այս մրցումը տեղի ունենայ 13 մայիսին:
Այս մրցումին ջնջուիլը պատճառ դարձաւ, որ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւէ Լացիօ Ռոմա, որ, 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պոլոնիային, ունեցաւ 62 կէտ: Եուվենթուս ունի 60 կէտ, մինչ Ինթեր Միլան` 54:
Լացիոյի կոլերը նշանակեցին Լուիս Ալպերթօ (18-րդ) եւ Խոաքին Քորէա (21-րդ):
Այլ մրցումի մը, Նափոլի, 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թորինոյին:
Աթալանթա (4-րդ), որ հիւրը եղաւ Լեչէին, արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը` 7-2 արդիւնքով: Քոլոմպիայի յառաջապահ Տիւվան Զափաթա հեթրիք մը իրագործեց:

Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Քալիարիին, արձանագրեց 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 81-րդ վայրկեանին գլուխով նշանակեց իր կազմին` Ա. Էս. Ռոմայի չորրորդ կոլը:
Նշենք, որ ան կատարեց նաեւ երկրորդ կոլին էսիսթը:


