Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց երկրին երկու զօրաւոր կազմերը` Ռէալ Մատրիտն ու Պարսելոնան:

Պարսելոնայի համար յաղթանակը (կամ հաւասարութիւնը) կարեւոր էր առաջին դիրքին վրայ մնալու համար, մինչ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէր ինք ըլլալ «Քլասիքօ»-ի այս ճակատումին յաղթականը` անկէ խլելու համար պարագլուխի դիրքը:
«Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս ճակատումին Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ կոլազուրկ, թէեւ երկու կազմերն ալ ստեղծեցին կոլ նշանակելու լաւ առիթներ:
Բ. կիսախաղին սակայն, Ռէալ Մատրիտ` նշանակելով երկու կոլ եւ արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, Պարսելոնայէն խլեց պարագլուխի դիրքը:
Վինիսիուս Ժունիոր (71-րդ) եւ Մարիանօ Տիազ (92-րդ) նշանակեցին Ռէալի 2 կոլերը: