Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԹԵՒԵՐԸ

March 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պատրիարքական աթոռին վրայ

Անցեալ ուրբաթ օր` Ս. Աստուածածնի աւետման տօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ մարոնի համայնքի  Պշարա Ռայի նորընտիր պատրիարքին գահակալման արարողութիւնը:

Պքերքէի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած գահակալման արարողութեան ներկայ գտնուեցան մարոնի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր, Պենետիկտոս ԺԶ. պապի ներկայացուցիչ` պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի ներկայացուցիչ Անտրէ Լահուտ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ զօր. Միշել Աուն, Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, մեծ թիւով դիւանագէտներ, որոնց շարքին նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ` դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի ներկայացուցիչ` դեսպան Զիատ Մաժալի, Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանի ներկայացուցիչ Ղէյս պըն Մուպարաք Ալի Օմրան Քուարի եւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի ներկայացուցիչ` դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիս:

Գահակալման արարողութեան ընթացքին պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին յղած օրհնութեան գիրը:

Գահակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուած հոգեւոր պետերը. նկարին մէջ կ՛երեւին Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք :

Ապա Սֆէյր պատրիարքը օրհնեց Ռայի պատրիարքը եւ զայն յայտարարեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնիներու ատակ եւ արժանի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը Աւետարանի ընթերցումէն ետք Սֆէյր պատրիարքէն ստանձնեց պատրիարքութեան գաւազանը:

Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական թէ հոգեւոր բոլոր կողմերուն գործակցելու իրարու հետ` սիրոյ եւ գործակցութեան ընդհանուր խորագիրին ներքեւ:

Ան ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործադրելու համար արեւելեան եկեղեցիներու ընդհանուր ժողովներուն որոշումները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իր որդեգրած ծրագիրը շարունակութիւնն է իր նախահայրերուն առաքելութեան, որ սկսած է 1600 տարի առաջ` հիմնուելով անոնց ազգային եւ հաւատամքային սկզբունքներուն վրայ:

Միւս կողմէ, Պքերքէի շրջափակին մէջ Ռայի պատրիարքը երէկ մատուցեց շնորհակալական պատարագ մը, որ իր պաշտօնակալման արարողութենէն ետք առաջին պատարագն էր:

Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք իր հոգեւոր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ անշեղ մնալով գործակցութեան եւ սիրոյ իր կարգախօսէն:

Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Զղարթայէն եւ Այն Տարայէն ժամանած հաւատացեալներու խումբ մը, որ ողջունեց եւ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը: Պատրիարքը ընդունեց ժողովրդային հսկայ պատուիրակութիւնը` ընդգծելով, որ Պքերքէի դռները միշտ բաց են բոլորին համար:

Երեկոյեան Ռայի պատրիարքը անջատաբար ընդունեց նաեւ նախարարներ Պութրոս Հարպն ու Զիատ Պարուտը: Վերջինիս հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը Պարուտը նկատեց ազգային նախարար մը, որմէ ոչ ոք կրնայ հրաժարիլ:

 

Նախորդը

«ՍԱ ՈՉ ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼ Է» ԱՍՈՒՄ Է «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ

Յաջորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԳՈՌԱՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶԻ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ ԱՅԴ ՁԱՅՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.