Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ ԿԸ ԳՈՌԱՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶԻ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ ԱՅԴ ՁԱՅՆԸ

March 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը  տագնապի մէջ է. եւ սա ոչ միայն այն պատճառով, որ Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարները իշխանութեան գլուխ չեն այսօր: Կացութիւնը ծանրակշիռ է: Գործ ունինք  ինքնութեան լուրջ տագնապի հետ:

Կարծէք թէ վստահ չենք այլեւս, որ ի՛նչ բան է ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, եւ կամ ի՛նչ պէտք է ըլլայ անիկա:

Որո՞նք են ընկերվար-ժողովրդավարները: Ո՞վ է, որ պիտի ապահովէ ընկերվար-ժողովրդավարութեան ապագան: Այս հարցերուն պատասխանելու պահուն յաճախ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը նոյնացուի կուսակցական ընտանիքի պատկանելիութեան հետ: Սահմանումով իսկ հիմնական է կազմակերպական յարաբերակցութիւնը: Եւրոպայի ընկերավարական կուսակցութիւններու խմբակցութեան կամ Ընկերվար-միջազգայնականի անդամակցութիւնը այսօր դարձած է գերագոյն փաստը, որ կուսակցութիւն մը ունի ընկերվար-ժողովրդավարական աշխարհայեացք, եւ սա անկախ այն բանէն, որ կը խօսինք Շուէտի Սոցիալ-դեմոկրատներու մասին թէ մէկ գիշերուան մէջ  Արեւելեան Եւրոպայի «շուռ եկած» նախկին ընկերվարական պետութիւններուն մասին:

Սակայն արդեօ՞ք սահմանումը այսքան պարզ է: Սոսկ անդամակցութիւնը, կազմակերպական որոշ կառուցուածքը կը փարատէ՞ ինքնութեան տագնապը:

Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը  աւանդութեամբ եղած է զանգուածային, ունեցած է մեծ թիւով  շարքեր, որոնք ուժեղ կապ ունեցած են արհմիութիւններու հետ. գոնէ հիւսիսային Եւրոպայի եւ սկանտինաւեան երկիրներու պարագային այս է եղած պատկերը:

Ուրեմն կրնայ ըլլալ, որ ա՞յս է ճիշդ ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը. շարքայիններէ եւ համակիրներէ կազմուած մէկ զանգուած:

Եթէ մէր  պատասխանը դրական  է, ապա ունիմ տխուր լուր. այդ պարագային ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը անցեալէն մնացուկ «տայնըսոր» (հոյամողէզ) մըն է,  որ շուտով պիտի հանգի կամ ալ աստիճանաբար պիտի բնաջնջուի միջավայրի կամ իրավիճակներու փոփոխման զուգահեռ:

Անցեալին ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը կերտուէր արդիւնաբերական մեծ աշխատատեղիներէն ներս: Գործարաններու մէջ էր, որ հիմքը կը դրուէր զանգուածային կազմակերպութեան. այնտեղ կար միատարր աշխատաւորական դասի մշակոյթ: Այնտեղ մէկտեղուած էին նմանօրինակ կեանքով, նմանօրինակ աշխատանքով, նմանօրինակ հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդիկ: Այդ մարդիկ հիմքն էին ընկերվար – ժողովրդավարութեան եւ` զայն դաւանող քաղաքական կուսակցութիւններուն առանցքը:

Աշխատաւորներու շարժումը ուղղակի արդիւնք էր արդիւնաբերական պայմաններուն: Գործարաններուն մէջ էր, որ մարդիկ քով-քովի գալով` սորվեցան կազմակերպուիլ:

Սակայն այս օրերուն, երբ օրէ օր սակաւ կը դառնայ արդիւնաբերութեան հետ գործ ունեցող մարդոց թիւը, ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմքերը կը խախտին եւ ցնցում-երկրաշարժերը կը դառնան անխուսափելի:

Նոր հովերուն դէմ դնող շրջանակներ` Երրորդ ալիքի ջատագովները, փորձեցին հասկնալ, վերլուծել, գուշակել, թէ ինչպիսի՛ն է ընկերվար-ժողովրդավարութեան գալիքը, ապագան:

Ընկերվար-ժողովրդավարութեան նոր շունչ ու կեանք տալու այս փորձի հեղինակները չէին ուզեր հասկնալ մէկ կարեւոր բան. այն, որ դասակարգային յարաբերութիւնները ինքնուրոյն են, անկախ են եւ անպայմանօրէն կապ չունին  արդիւնաբերական հասարակութեան հետ:

Այսօր մեր կեանքը տարբեր է: Մենք կ՛ապրինք յետարդիւնաբերական հասարակութեան մէջ, ուր ընկերային անարդարութիւնը կը շարունակէ մնալ ու աճիլ: Մեր մեծագոյն մարտահրաւէրն է լուծում տալ այս հիմնական խնդիրին, որ անդամալուծած է ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, եւ ասիկա ճիշդ է ե՛ւ Անգլիոյ, ե՛ւ Շուէտի, կա՛մ Հայաստանի համար:

ՀՅԴ-ի համար եւս սա լուրջ խնդիր է: Պատմական հանգամանքներու բերումով կուսակցութիւնը մինչեւ այսօր գործ չէ ունեցած արհմիութիւններու հետ, հնարաւորութիւն չէ ունեցած աշխատաւոր դասի շահերու իրական պաշտպանութեան խնդիրով զբաղելու:

Սակայն կուսակցութեան  ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւնը այսօր կազմակերպութիւնը կը մղէ հրապարակ, ուր  ընկերային արդարութեան խնդիրը երբեք այսքան սուր այժմէականութիւն չէ ունեցած:

ՀՅԴ-ն կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները, կը տառապի նոյն դժուարութիւններով, որ հասարակաց է Եւրոպայի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն: Սակայն, ի տարբերութիւն միւսներուն, ՀՅԴ անպատրաստ է, առանց անցեալի փորձառութեան` հարկադրուած է պատասխանել նոյն հրամայականներուն:

Իսկ ի՞նչ է մեր օրերու հրամայականը. կազմակերպում,  կազմակերպուածութիւն, կազմակերպական նորարարութիւն:

Ինչպէ՞ս կազմակերպել հասարակութիւն մը, ուր մարդիկ կ՛աշխատին փոքր աշխատավայրերու մէջ, յաճախ սպասարկման ոլորտի (սերվիս սեքտոր) մէջ: Ինչպէ՞ս կազմակերպել  հասարկութիւն մը, ուր բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը մնայուն կամ ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է աշխատուժի շուկայէն: Ինչպէ՞ս կազմակերպել հասարակութիւն մը, որ մշակոյթով եւս միատարր չէ:

Ես կը հաւատամ, որ կուսակցութիւններն ու արհմիութիւնները պիտի շարունակեն կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ նաեւ մեր նորօրեայ  հասարակութիւններէն ներս: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կուսակցութիւնները, խորհրդարանական քաղաքականութիւնը է՛ եւ կը շարունակէ մնալ անփոխարինելի, եթէ ուզենք, յառաջադիմական բարեփոխումներ կիրարկել: Արհմիութիւնները, հակառակ իրենց այսօրուան  տկար դիրքերուն, կը մնան հայ ուսուցիչին, հայ  վարորդին, հայ հիւանդապահին արդար աշխատավարձի պաշտպանման միակ երաշխիքը:

Սակայն ո՛չ կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ արհմիութիւնները պիտի կարենան զանգուածը- կազմակերպել այնպէս, ինչպէս անցեալին կրցան ընել եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնները:

Իսկ նոյնիսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն կազմակերպուիլ, անոնք  պիտի չընդունին ղեկավարուիլ անցեալի նման «ամենագէտ առաջնորդներու» կողմէ:

Ուրեմն ինչպէ՞ս կը կազմակերպենք ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը: Ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի այդ գաղափարախօսութեան դրօշակիր ՀՅ Դաշնակցութիւնը`  յետարդիւնաբերական հայաստանեան իրականութեան մէջ:

Սկսելու համար անհրաժեշտ է փնտռել, նայիլ աւանդական մեր  կազմակերպական կառոյցէն,  նաեւ համակիր կազմակերպութիւններու շրջանակէն դուրս:

Իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան  հաւատացող կազմակերպութիւն` ՀՅԴ-ն պարտաւոր է ըլլալ այնտեղ, ուր հայ մարդը կայ, հոն, ուր հայ քաղաքացին իր ձայնը կը բարձրացնէ:

Սակայն այս չի նշանակէր, որ լոգանքի ջուրին հետ դուրս պիտի շպրտենք նաեւ երեխան: Որոշ կառոյցներ հրաշալիօրէն արդիական են եւ կը գործեն մինչեւ այսօր:  Այդ կառոյցները անշուշտ պէտք է պահել եւ մանաւանդ` նորոգել. իսկ հինցած կամ ժամանակավրէպ կառոյցները պէտք է փոխարինել նորերով:

Կեանքը ցոյց կու տայ, որ հայրենիքի զարգացման ուժեղ կռուանը է՛ եւ պիտի մնայ հայ կինը:

Այսօր  հայկական իրականութեան մէջ աշխատաւոր դասը հիմնականին մէջ կը բաղկանայ կիներէ:

Այսօր աշխատաւոր դասը նոյնիսկ չ՛ուզեր կոչուիլ աշխատաւոր:

Այսօր հայ կինը անհամեմատօրէն աւելի քիչ կը շահի` բաղդատած հայ տղամարդուն:

Այսօր կնոջ աշխատանքի պայմանները անապահով են: Հայ կինը լրիւ անպաշտպան է:

Այս անմխիթար կացութիւնը, որ կը տիրէ մեր հայրենիքին մէջ կարելի է դարմանել, նոյնիսկ վերացնել:

Ճիշդ չէ այն ինքնարդարացումները, որ մարդիկ չեն ուզեր կազմակերպուիլ, որ` անոնք չեն ուզեր հասարակութեան զարգացման նպաստել, որ` անկարելի է ժողովրդավարութիւնը միս ու ոսկորի նման մաս դարձնել մեր էութեան:

Մարդիկ  կ՛ուզեն պաշտպանել իրենց իրաւունքները, կ՛ուզեն պաշտպանել հանրային ծառայութիւնները, անոնք մտահոգ են Հայաստանի անտառներով, հանքերով, Սեւանի ջուրով, երթեւեկութեան քաոսային վիճակով:  Անոնք փողոց կ՛իջնեն պաշտպանելու համար յղի կիներու իրաւունքները,  հայ դպրոցներու որակը,  հայոց լեզուն: Անոնք կը կազմակերպուին փոքր խումբերով:  Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան մեր աչքերուն առջեւ.

սակայն մենք ունինք հիմնական մէկ խնդիր.  հայ մարդու արդարութիւն պահանջող ձայնը հոն է: Բայց արդարութեան պահանջի ձայնը չի  հասնիր մեզի. ինչո՞ւ:

Խնդիրը այն է, որ հայ մարդիկ կ՛աշխատին, կը փորձեն, կը ճգնին, սակայն այդ բոլորը դուրս կը մնան մեր տեսադաշտէն, քանի այդ բոլորը տեղի կ՛ունենան մէկ այլ տեղ, հեռու` կազմակերպական մեր կեանքէն, մեր կառոյցներէն դուրս:

Կարեւոր է` պէտք է գտնել այդ ձայները եւ արձագանգել:

Ապագայի ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը պիտի զարգանայ ցանցերու ճամբով: Մենք գործ ունինք մեղուախումբերու հետ, որոնք մէկ ու նոյն թմբուկի զարկին չեն հետեւիր, մէկ ու նոյն կուսակցութեան չեն քուէարկեր:

Եթէ կ՛ուզենք գոյատեւել, կենսունակ մնալ ապագային ալ,  հարկադրուած ենք սորվելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է interact (փոխներգործօն) ընենք այս  նոր գործիչներուն հետ:

Լսենք այս մարդիկը:

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

 

[email protected]

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԹԵՒԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.