Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«110 Տարեկան ՀՕՄ-ը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Հայապահպանման Համար Կատարուած Բոլոր Աշխատանքներուն` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Տարածքին» Կը Յայտնէ Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան

Մարտ 2, 2020
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը` կատարուած «Հայրենիք»-ի խմբագրութեան կողմէ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեանի հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Յիշատակելի ի՞նչ իրագործում արձանագրուեցաւ այս ժողովին: Եթէ կարելի է` թուել կարեւորութեան կարգով:

ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Հետաքրքրական եւ զգացական վայրկեաններով լեցուն ժողով մըն էր, որ տեղի ունեցաւ 7-11 հոկտեմբեր  2019-ին, Մոնրէալ (Քանատա), 21 երկիրներու ներկայացուցիչներով:  Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) ներկայութիւն է 27 երկիրներու մէջ, դժբախտաբար կարգ մը երկիրներէ ներկայացուցիչներ  չկարողացան մասնակցիլ յարգելի պատճառներով: Ժողովի ընթացքին կարելի եղաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհիին հետ կապ պահել:

Ժողովին կեդրոնացումը գլխաւորաբար հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին` կեդրոնանալով հայրենի սահմանամերձ գիւղերու յառաջդիմութեան սատարող նոր ծրագիրներու վրայ, վիրաւոր զինուորներու հիմնադրամ ստեղծելու, Հայաստան բնակող միայնակ տարեցներու խնամատարական ծրագիր մը մշակելու, Արցախի վերաբնակեցման ծիրէն ներս` տուն նուիրելու, Ջաւախքի մէջ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի` վերաշինութեան, Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին:

Ժողովի 5 օրերու ընթացքին ամէնէն յիշատակելի դէպքը, որ տեղի ունեցաւ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչներուն օժանդակութեան առաջարկն էր Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄ-ի «Օննիկ Պոտուրեան, Օհաննէս Տիարպէքիրեան» հանգստեան տան համար, որ վերջին քանի մը տարիներուն կը դիմագրաւէ նիւթական տագնապալի իրավիճակ տեղւոյն` դրամի արժեզրկումին պատճառով: Ներկաները տեղւոյն վրայ ընդառաջեցին ընկերուհիին խնդրանքին եւ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին հանգանակուեցաւ նախատեսուած 20 հազար տոլարի գումարը:  Իսկ Քանատայի մեր միաւորին ջերմ հիւրընկալութիւնը անմոռանալի յիշատակներով լեցուց բոլորիս սրտերը, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Հ.- Յատկապէս սփիւռքի մէջ հետեւողական ներկայութիւն եղած է ՀՕՄ-ը` միշտ ալ գործելով եւ իր ներկայութիւնը փաստելով: Այս գծով, կարելի՞ է վերջին տարիներուն մասին անդրադառնալ, նաեւ` նշել ապագայի ծրագիրները:

Ն. Տ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանելս` կ’ուզեմ անդրադառնալ ՀՕՄ-ի ծնունդին մասին` որպէս սփիւռքեան կազմակերպութիւն:

1910 թուականին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, Է. Ակնունիի նախաձեռնութեամբ հիմը դրուեցաւ ամենամեծ համահայկական կանացի միութեան` ՀՕՄ-ին, որպէս նպաստամատոյց կազմակերպութիւն: Ցեղասպանութեան նախօրեակին` ՀՕՄ-ը եկաւ յոյս ներշնչելու տառապեալ հայ ժողովուրդին, ծառայելու եւ պայքարելու հայ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:

110 տարեկան ՀՕՄ-ը իր բարեսիրական գործունէութեան առընթեր, իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայապահպանման համար կատարուած բոլոր աշխատանքներուն` հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:

Սփիւռքի մէջ վերջին տարիներուն կեդրոնացանք սուրիահայութեան տագնապալի իրավիճակին վրայ, եւ պատերազմի առաջին օրերէն ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը իր ներդրումը ունեցաւ` օժանդակելով` պնակ մը տաք ճաշ, տաքուկ բնակարան եւ հովանաւորէ ընտանիքի մը ծրագիրներուն:  Այս ժողովը եկաւ անգամ մը եւս վերահաստատելու նոյն ծրագիրներուն օժանդակութիւնը, առաւել եկաւ հաստատելու Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սուրիահայութեան ծրագիրներուն մասնաւորապէս կ’օժանդակեն ԱՄՆ Արեւելեան եւ Քանատայի շրջանները:

Տարիներու ընթացքին որդեգրուած են զանազան ծրագիրներ եւ յատկացումներ` սփիւռքահայութեան համար, որոնք շարունակելի են.

Ա) «Երեմեան» կրթաթոշակը, որ սկիզբ առած էր 1983-ին, ներկայիս միացնելով այլ ֆոնտերու` կը կրէ «ՀՕՄ-ի կրթաթոշակ» անունը: Կրթաթոշակ կը ստանան համալսարանական ուսանողներ, որոնք իրենց գիտութիւնը համալսարան աւարտելէ ետք ի սպաս կը դնեն մեր գաղութային ու հայրենիքի կարիքներուն:

Բ) «Ամանոր ծրագիր»-ը, որուն ընդմէջէն Ամանորի սեմին յատկացումներ կը կատարենք Լիբանանի «Թռչնոց բոյն»-ին, Հայկական ծերանոցին, Սուրիոյ պատսպարանին ու ծերանոցին, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի երկու ծերանոցներուն, Պուլկարիոյ «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, որպէսզի տօնական համախմբումներ կազմակերպեն եւ բաշխեն կաղանդի նուէրներ` իրենց խնամքին յանձնուած կարիքաւոր երեխաներուն եւ ծերանոց ապաստանած տարեցներուն:

Գ) Կը հովանաւորենք հինգ «Սօսէ» միօրեայ մանկապարտէզներ` Պուլկարիոյ մէջ:

Հ.- Վերանկախացումէն ի վեր նաեւ գործօն է Հայաստանի ՀՕՄ-ը: Այս գծով յատուկ ծրագիրներ մշակուա՞ծ են: Եթէ կարելի է` բաւական մը մանրամասնել: 

Ն. Տ.- Անշուշտ հսկայական ծրագիրներ մշակուած, գործադրուած եւ կամ շարունակելի են Հայաստանի մէջ, տեղին է նշել, որ ՀՕՄ-ի կիզակէտը միշտ եղած է հայրենիքը: Ներկայիս Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ եւ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ սահմանապահ զինուորներուն, հաշմանդամ եւ կարիքաւոր զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն, Հայաստան ապաստանած գաղթական սուրիահայութեան: Նշեմ քանի մը յատկանշական ծրագիրներ, որոնք սկիզբ առին վերանկախացումէն ի վեր:

Որբախնամ ծրագիրը հաստատուեցաւ 1992-ին` Սպիտակի երկրաշարժին եւ արցախեան պատերազմին պատճառով, որբացած մանուկներու խնամատարութեան համար: 2015-ին արդէն որբերու թիւի նուազումը զգալի էր, եւ որոշած էինք հերթականութեամբ դադրեցնել ծրագիրը, սակայն,

ցաւ ի սիրտ, 2016-ին արցախեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով նոր որբացած երեխաներու հովանաւորութեան համար Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս թափ տուաւ այս ծրագրին:

«Ուսանողներու ծրագիր»-ը, որ հաստատուած է 2008-ին, կը հոգայ 18 տարիքը լրացուցած եւ երկրորդական վարժարանը աւարտած որբերու համալսարանական ուսման ծախսին մէկ բաժինը:

1995-ին սկիզբ առաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ բնակող յառաջադէմ եւ լաւագոյն արդիւնքները արձանագրող ուսանողներուն համար:

1997-ին հիմնուեցաւ «Մօր ու մանկան առողջապահական կեդրոն»-ը Ախուրեանի մէջ, եւ 2005-ին կեդրոնին կից նաեւ հիմնուեցաւ ծննդատուն մը: Շիրակի մարզէն ներս գործող առողջապահական կեդրոններուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ ՀՕՄ-ի «Մօր ու մանկան» կեդրոնը եւ լաւագոյն արդիւնքներով արդէն բոլորեց երկու տասնամեակ:

Վերեւ նշուած «Ամանոր ծրագիր»-ի ընդմէջէն նաեւ կ՛օժանդակենք Հայաստանի մէջ գործող մանկատուներուն, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն եւ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն:

ՀՕՄ-ի համաշխարհային ընտանիքին կողմէ 2017-էն սկսեալ կ’օժանդակենք Երեւանի թիւ 1 հիւանդանոցի Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական Կեդրոնի նորոգման աշխատանքներուն` յանուն հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի անվտանգութեան համար իրենց առողջութիւնը զոհաբերած զինուորին լաւագոյն խնամք ապահովելու համար:

2019-ին Շրջանային վարչութեան եւ յանձնախումբին ջանքերով «ՀՕՄ արուեստ»-ը իր դռները բացաւ Չարենցի փողոցի վրայ` որպէս ցուցասրահ-վաճառատուն, ուր կը վաճառուին զանազան տեսակի հայկական ձեռարուեստներ:  Միեւնոյն ատեն ձեռարուեստի դասընթացքներ տեղի կ’ունենան, որպէսզի պահպանենք եւ փոխանցենք մեր ազգային աւանդութիւնները:

ՀՕՄ-ը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի անդամ ըլլալով` կը մասնակցինք Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման զանազան ծրագիրներու: 2019-ին բարերար տիկին Մամեանի եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանի օժանդակութեամբ կարելի եղաւ Գիւմրիի մէջ 4 բնակարաններ նուիրել կարիքաւոր ընտանիքներու:

Հ.- Արցախի ՀՕՄ-ի մասին կարելի՞ է նոյն ձեւով զեկուցել:

Ն. Տ.-  Այո՛, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորը հիմնուեցաւ 1992-ին, ընկերուհիները ամէն գնով օգտակար կը հանդիսանան իրենց շրջապատին` սերտ համագործակցութեամբ պատկան մարմիններուն հետ: Արցախի մեր ընկերուհիները նոյնպէս կը հոգան սահմանապահ զինուորներուն` իրենց յաճախակի այցելութեամբ եւ մթերքներով:

Արցախի մէջ ունինք «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը, որ սկիզբ առաւ, երբ Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութիւնը ՀՕՄ-ին նուիրեց կիսաքանդ շէնք մը, որ նորոգուելէ ետք իր դռները բացաւ 3-6 տարեկան 87 աշակերտներու դիմաց, ապրիլ 1998-ին:  Մինչեւ 2009 թուական մանկապարտէզներու ցանցը հասաւ 12-ի, 2010-ին 4 մանկապարտէզներ յանձնուեցան Արցախի կրթութեան գիտութեան նախարարութեան:  Ներկայիս ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ բարերարներ կը հովանաւորեն 8 մանկապարտէզներ` Ստեփանակերտ, Մեծ Թաղեր, Տող, Աշան , Ականաբերդ, Շուշի, Քարեքահ եւ Խնձրիստան, ուր 400 երեխաներ կրթութիւն կը ստանան եւ 73 ընտանիքներու համար աշխատանքի աղբիւր է:

Ստեփանակերտի մանկապարտէզի շէնքը նորոգութեան կը կարօտէր. ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ջանքերով  վերակառուցուեցաւ արդիական մանկապարտէզի նոր շէնք մը` նոյն հողաշերտին վրայ: 6 սեպտեմբեր, 2017-ին Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր միաւորներու, անհատ բարերարներու օժանդակութեամբ:  Որպէս նոր ծրագիր` 72-րդ Պատգամաւորական ժողովը վաւերացուց, որ շէնքին 3-րդ յարկը օգտագործուի որպէս արտադպրոցական զբօսավայր, նոր սարքաւորումներով:

Հ.- Ընդհանրապէս նորաստեղծ մասնաճիւղեր որեւէ մանրամասնութիւններ կարելի՞ է տալ:

Ն. Տ.- Սուրիոյ քաղաքական տագնապը պատճառ դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս գաղթէ եւ բնակութիւն հաստատէ այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս` եւրոպական քաղաքներու մէջ, այս մէկը պատճառ դարձաւ հայութիւնը համախմբելու եւ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու մեր աշխատանքներուն: Անցնող քառամեակին Կեդրոնական վարչութիւնը ընդառաջեց Շուէտի գաղութներուն մէջ բնակութիւն հաստատած անհատներու դիմումին եւ յուլիս 2018-ին հիմը դրաւ Հոլանտայի Արմելօ եւ սեպտեմբեր 2018-ին Սոտըրթելիի մեկուսի մասնաճիւղերուն:

Հ.- Ջաւախքի վերաբերեալ յիշատակելի իրագործումներ կա՞ն, մանաւանդ որ կը տեղեկանանք, թէ Թիֆլիս միշտ ալ դժուարութիւն կը յարուցէ:

Ն. Տ.- Այո՛, Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան առնչութեամբ դժուարութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունինք, սակայն ծրագիրները կը շարունակուին բնականոն կերպով: Ախալքալաքի կեդրոնին կից հողաշերտը մեր սեփականութիւնը դարձաւ:  Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն յատկապէս կը քաջալերենք: ՀՕՄ-ի Համահայկական 72-րդ պատգամաւորական ժողովը եկաւ կրկին անգամ հաստատելու ջաւախահայութեան ծրագիրները.- հայոց պատմութեան մրցոյթներ, բազմազաւակ ընտանիքներ եւ հաւաքական մկրտութիւն:

Ապագայի համար ժողովը որդեգրեց Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնի վերաշինութեան ծրագիրի օժանդակում:

Կասկածէ վեր է, որ Ջաւախքը մեր հայրենիքի անբաժան մէկ մասնիկն է եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի:  Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է հոգալ ու խնամել, օժանդակել անոր բարօրութեան աշխատանքներուն, որպէսզի կարենանք բարեկեցիկ կեանք ապահովել ջաւախահայութեան: Օժանդակել ջաւախահայութեան` կը նշանակէ զօրավիգ կանգնիլ ջաւախահայութեան հայրենի հողին կապուած իրենց հզօր կամքին, Ջաւախքը հայ պահելու անոնց պատրաստակամութեան, կը նշանակէ` կանխել արտագաղթ, պահպանել պատմական Հայաստանի հիւսիսը, երաշխաւորել այսօրուան Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ, մանաւանդ, ապահովել ապագայի միացեալ հայրենիքի տեսլականը:

Հ.- Ներքին սփիւռք, այսինքն` նախկին Խորհրդային Միութիւն® Այս լայնատարած եւ հետզհետէ աճող գաղութներուն մէջ գործունէութիւն կա՞յ: Եթէ կարելի` է յաւելեալ տեղեկութիւններ տալ:

Ն. Տ.- ՀՕՄ-ի առաքելութիւններէն մէկն է հայապահպանումը: Երբ կ’անդրադառնանք ներքին սփիւռքի մասին, հոն շատ աւելի կարիքը կը զգանք հայապահպանման աշխատանքներուն:  Կ’ուզեմ անդրադառնալ Պուլկարիոյ հայ գաղութին, թէեւ Պուլկարիոյ միջ ունինք 5 մասնաճիւղեր` մօտաւորապէս 350 անդամներով եւ ՀՕՄ-ի միօրեայ 5 մանկապարտէզներ` Փլովտիւ, Ռուսէ, Պուրկաս, Վառնա եւ Սոֆիա քաղաքներուն մէջ, որոնք կը հովանաւորուին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նիւթական յատկացումներով:

Մօտէն կը հետեւինք վերաշխուժացնելու Մոսկուայի միաւորը, իսկ ներկայիս կ’ուսումնասիրենք Ռուսիոյ` Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին եւ Ռումանիոյ մէջ նոր մասնաճիւղեր հիմնելու կարելիութիւնը:

Հ.- ՄԱԿ-էն ներս ի ՀՕՄ-ի ներկայութեան եւ գործունէութեան մասին կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ:

Ն. Տ.- ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր աշխատանքները ՄԱԿ-էն ներս` մասնակցելով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ժողովներուն եւ աշխատանիստերուն, որոնք անմիջական առնչութիւն ունին ՀՕՄ-ի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն հետ: ՀՕՄ-ի` ՄԱԿ-ի յանձնախումբը մշտական եւ գործուն ներկայութիւն է ՄԱԿ-էն ներս:

Սերտ համագործակցութեամբ ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան, կը մասնակցինք ՄԱԿ-ի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովներուն:

ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Econimic and Social Council of the United Nations (ECOSOC)

Ընկերային զարգացման յանձնաժողով / Commission for Social Development (CSocD)

Կանանց իրավիճակի յանձնաժողով / Commission on the Status of Women (CSW)

ՄԱԿ-ի Կին / UN Women

Փեքին 2020 / Beijing 2020

Կ’ուզեմ այստեղ շեշտել, որ անցնող քառամեակին կարելի եղաւ բարելաւել ՄԱԿ-ի մեր Վարժողական ծրագիրը եւ արդէն իսկ 10 հայ ուսանողներ մօտակայ շրջաններէն մաս կազմեցին այս ծրագրին:

Հ.- Եզրակացնելու համար, ապագայի վերաբերեալ յատուկ ծրագիրներ ու առաջարկներ կա՞ն:

Ն. Տ.- Այո՛, Պատգամաւորական ժողովը 49 բանաձեւերու վրայ կեդրոնացաւ, անոնցմէ կ՛ուզեմ նշել քանի մը հատը.

110-ամեակ

2020 թուականը կը բոլորէ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը: Որպէս մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն` հաստատ համոզումով կը շարունակենք  հայապահպանման սրբազան մեր առաքելութիւնը: ՀՕՄ-ը միակ  հայ կանացի կազմակերպութիւնն է, որ 110 տարիներ վառ պահեց հայ կնոջ արժանիքները: 110-ամեակը առիթ մըն է, որ արժանավայել ձեւով տօնակատարենք մեր կազմակերպութեան նուաճումները եւ վերանորոգենք մեր ուխտը:  Ուստի ծրագրած ենք ձեռնարկներու շարք մը` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, օգոստոս 30 – 10 սեպտեմբեր, 2020-ին:

Դրամահաւաք

Անհերքելի իրականութիւն է, որ միայն բարոյական աշխատանքով կարելի չէ յաջողութիւն արձանագրել: Որպէսզի աւելի հեշտութեամբ կարենանք ՀՕՄ-ի բազմածաւալ աշխատանքը շարունակել,  մեր ծրագրումներու շարքին է դրամահաւաք` ուռճացնելու համար ՀՕՄ-ի հիմնադրամը եւ սատարելու վերոյիշեալ նշուած ծրագիրներուն:

Երիտասարդներու ներգրաւում

Առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ երիտասարդներու ներգրաւումը ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս,  ընթացքի մէջ են հանդիպումներ մասնագէտ անձերու հետ, որոնք հիմնական աշխատանք պիտի տանին` Կեդրոնական վարչութեան  տուեալներուն վրայ հիմնուելով: Այս ծրագրումներու շարքին է  նաեւ երիտասարդներու համար համագումարներ կազմակերպել:

Ընկերային Համացանց / PR

ա) ՀՕՄ-ի կայքէջը արդիական ձեւով բարելաւուած է, շաբաթական դրութեամբ կու տայ ընդհանուր տեղեկութիւններ` մեր գործունէութեան մասին, առաւել` կարելիութիւնը ունինք նուիրատուութիւններ ընդունելու:

Website: www.ARS1910.org

բ) Հոկտեմբեր 2019-ին կարելի եղաւ տեղադրել ՀՕՄ-ի Գործունէութեան քարտէսը, որ կը բնութագրէ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ծրագիրները եւ աշխատանքները:

գ) «Հայ Սիրտ»-ը, որ ՀՕՄ-ի միակ օրկանն է եւ մեծ ներդրում ունեցած` ՀՕՄ-ը ծանօթացնելու մեր ժողովուրդին, միեւնոյն ժամանակ սատարած է հայ կնոջ զարգացման, աւելի թափ պիտի տանք անոր յաճախակիօրէն հրատարակութեան` օգտագործելով արդի ելեկտրոնային տարբերակը: Առաւել` աշխատանք կը տանինք «Հայ Սիրտ»-ի ընդհանուր հատորներու թուայնացման:  Նաեւ պիտի սկսինք մնայուն ծրագիրներու արխիւներու թուայնացումը:

Նախորդը

Ակնարկ Էրտողան Եւ Ալիեւ Կը Վերամշակեն Համաթուրանականութեան Չհինցող Թղթածրարը

Յաջորդը

21-րդ Դարու Երրորդ Տասնամեակը` Կլիմայական Փոփոխութեան Դէմ Պայքարի Ժամանակաշրջան

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?