Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ աշխարհը կլանուած է «Քորոնա» ժահրի տարածման մտահոգութիւններով, իսկ Հայաստանի իշխանութեան ու ընդդիմադիրներու զօրակայանները զբաղած են իրենց «Թուր Կեծակի»-ները սրելով, որպէսզի ամբողջ ուժով ու բազմաձայնութեամբ նետուին 5 ապրիլի հանրաքուէի ընտրապայքարի դաշտը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 25 փետրուարին շռնդալի այցելութիւն մը տուաւ Պաքու` անգամ մը եւս յայտարարելու, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան միաձայն են թէ՛ երկկողմանի կապերու-զինակցութեան սերտացման եւ թէ՛ հակահայ մարտավարութիւնը աւելի եւս զարգացնելու նպատակով:
Գործակցութեան Հորիզոններ
Էրտողանի այցելութեան անմիջական շարժառիթն էր Թուրքիա-Ազրպէյճան Ռազմական գործակցութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցեցան երկու երկիրներու աւագանիները եւ արդիւնաւորուեցաւ Ալիեւ «եղբօր» հետ շարք մը համաձայնագիրներու ստորագրութեամբ:
Ըստ թրքական ու ազերիական աղբիւներու, օրակարգի վրայ էին շուրջ 15 համաձայնագիր, որոնք կը նպատակադրեն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնել քաղաքական, զինուորական-զինական, տնտեսական, մարզական, արհեստագիտական (կորիզային մարզ, զէնքի մասեր…), ցամաքային ճամբորդութեան, քարիւղի-կազի արտածման եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Կը նախատեսուի, որ առեւտրական գործակցութիւնը մինչեւ 2023 հասնի… 15 միլիառ տոլարի, մինչդեռ 2016-ին անիկա 1,5 միլիառ տոլարի սահմաններուն մէջ էր, 2019-ին անցած է 2 միլիառը: Գործակցութեան ընդարձակման դաշտերուն մաս կը կազմեն կազի արտածումը` Վրաստանի վրայով, հասցնելու համար Զմիւռնիա ու անկէ` Եւրոպա: Թուրքիա պիտի ստանայ տարեկան 6 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազ, իսկ Եւրոպայի պիտի մատակարարուի 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազ: Կայ Զմիւռնիոյ մէջ նոր զտարանի մը ծրագիրը, որ պիտի իրականանայ «Պրիթիշ փեթրոլիում»-ին հետ գործակցաբար: Ազրպէյճան կը ծրագրէ կառուցել կազատար նոր խողովակ մը, որ Թուրքիա պիտի հասնի Նախիջեւանի վրայով… Զարկ պիտի տրուի նաեւ Ազրպէյճանէն Վրաստանի վրայով Թուրքիա երկարող եւ 2017-ին բացուած երկաթուղիին (աւելի քան 800 քմ) ճամբով առեւտուրին եւ այլ փոխանակումներու: (Արդեօք կա՞ն հայ գործարարներ, որոնք այս ծրագիրներուն մէջ կը տեսնեն շահաւէտ մասնակցութեան նոր հորիզոններ…):
Էրտողան չմոռցաւ կրկնել, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդները նոյն ազգն են, եղբայրներ: Մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, միասնութեան մէկ մարմնաւորումը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ ազերիական ներդրումները կը հասնին 19 միլիառ տոլարի, որուն դիմաց Թուրքիա 12 միլիառ տոլարի ներդրում ունի Ազրպէյճանի մէջ: Առեւտրական գետին վրայ Ազրպէյճան Թուրքիայէն կը ներածէ արտածածէն մօտաւորապէս հինգ անգամ աւելի (պէտք չէ մոռնալ, որ «կրտսեր եղբայր»-ը շատ աւելի հարուստ երկիր է…):
Ուշագրաւօրէն մտահոգիչ էր, որ գերաստիճանի աւարտին երկու «եղբայրներ»-ուն միատեղ մամլոյ ասուլիսին հպանցիկ ակնարկութիւններ կատարուեցան գործակցական հորիզոններուն, իսկ «առիւծի բաժին»-ը խլեց… Արցախի հարցը: Էրտողան առանց տատամսելու` յայտարարեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միայն Ազրպէյճանի հարցը չէ», եւ թէ` Թուրքիա պիտի աջակցի իր «եղբօր»` (անոր նախընտրած ձեւով) լուծումի հասնելու:
Խոջալուի «Թղթածրար»-ը Եւ…
Էրտողանի այցելութիւնը պատճառ եղաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ հակահայ քարոզարշաւը շատ աւելի ուժեղ հնչէ եւ գրաւէ միջազգային լուսարձակներ, երբ Ազրպէյճան 26 փետրուարին նշեց «հայերու կողմէ Խոջալուի ազերի բնակչութեան սպանդ»-ին 28-րդ տարեդարձը` զայն ներկայացնելով իբրեւ «դարուս մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկը»: Այս բովանդակութեամբ, Ազրպէյճան-Թուրքիա միաձայն զուգերգը արձագանգներ գտաւ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր երկինքներու տակ` հակահայ ստապատիր քարոզչութեան ընդարձակ դաշտ բանալու իմաստով:
Արձանագրենք քանի մը թիւեր` ցոյց տալու համար, թէ Ազրպէյճան ինչպիսի՛ փութկոտութեամբ ու ջանասիրութեամբ սորված է հայութեան դէմ թրքական քարոզչութիւնը` իրականութիւնները խեղաթիւրելու եւ շրջուած ձեւով ներկայացնելու «արուեստ»-ը: Թրքօ-ազերիական աղբիւրներու համաձայն (հին ձայնապնակին նորագոյն տպագրութիւնը), 1992-ին հայերը Խոջալուի մէջ սպաննած են (եղեր) աւելի քան 600 բնակիչ, պատանդ բռնած` 1.275 հոգի, ցարդ կորսուած կը մնան 150 հոգի:
Իսկ «գլուխ գործո՞ցը». Արցախի ռազմական իրադարձութեանց պատճառով, աւելի քան… մէկ միլիոն ազերիներ գաղթական դարձած են (պաշտօնական վիճակագրութեանց տուեալներով, 90-ականներու սկիզբը Ազրպէյճանի բնակչութեան թիւը շուրջ 7,5 միլիոն էր, այսօր` աւելի քան 10 միլիոն, այլապէս ուսանելի պարագայ…, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բնակչութեան ընդհանուր թիւը չէր հասներ 200 հազարի, որուն մեծամասնութիւնը հայ էր: Իսկ թէ ազերի ո՞ր հանճարեղ թուաբանագէտը հաշուեր է մէկ միլիոն գաղթական, այդ ալ ուրիշ հարց է. հաւանաբար թիւը կ՛ընդգրկէ Պաքուէն, Սումկայիթէն եւ նոյնինքն Արցախի շրջանէն բռնագաղթուած հայերը…): Թրքօ-ազերիական քարոզչութիւնը նաեւ կը փորձէ աշխարհը համոզել, որ հայերը գրաւման տակ կը պահեն Ազրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը: Իսկական թուանշանները կ՛ըսեն, որ Ազրպէյճանի տարածութիւնը շուրջ 86 հազար քառ. քմ է, իսկ Արցախի տարածութիւնը` նուազ քան 5.500 քառ. քմ: Կարճ խօսքով, ոճրագործը ինքզինք կը փորձէ ներկայացնել զոհի դերով, ինչպէս որ ցեղասպան Թուրքիան կը փորձէ աշխարհը համոզել, որ «չար եւ դաւադիր հայերը ահագին թուրք սպաննած են» Ա. Աշխարհամարտի օրերուն…
Ազերիները 26 փետրուարին մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին Պաքուի, Նախիջեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ` յիշեցնելով, որ Արցախը իրենց կը պատկանի, պատրաստ են մահուան գնով վերատիրանալու անոր: Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու մամուլը այս երգին ալ միացուցին իրենց ձայնը` համակրանք ու զօրակցութիւն յայտնելով ազերի եղբայր ժողովուրդին: Միաձայնութիւնը լիակատար էր:
Եթէ սա համաթուրանականութեան մէկ նորագոյն արտայայտութիւնը չէ, հապա ի՞նչ է…
… Երրորդ Ու Չորրորդ Ձայներ
Եւ յանկարծ երրորդ հարազատ ձայն մը միացաւ թուրք-ազերիական միաձայն զուգերգին. Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանը` Ճորճ Տիք, փութաց իր երկիրին զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը արտայայտելու ազերիներուն` ողբալով Խոջալուի զոհերը: Ըստ ազերիական լրատուութեան, ան յայտարարած է, որ` «Իսրայէլ Ազրպէյճանին հետ ուս-ուսի կը կանգնի ուրախ եւ տխուր օրերուն», աւելցնելով. «Ես այսօր մասնակից եղայ Խոջալուի ողբերգական դէպքերու 28-րդ տարեդարձի յուշահանդէսին»:
Կ՛արժէ հարց տալ, թէ պաղեստինցիներու իսկական տառապանքներուն դիմաց Իսրայէլը խստիւ դատապարտող (ու թշնամանք ձեւացնող) Էրտողանն ու իր գործակիցները արդեօք ի՞նչ տրամադրութեամբ ընկալած են Իսրայէլի ներկայացուցիչին համակրական այս արտայայտութիւնը:
Չորրորդ ձայնը եկաւ ռուսական թերթէ մը, որ հրատարակած է Խոջալուի «բաց վէրքը» ողբացող երկարաշունչ յօդուած մը…
Իսկ Մե՞նք
Էրտողանի Պաքու այցելութիւնը եւ թրքօ-ազերիական նորագոյն քարոզչութեան դէմ հայկական ռատարները ընդհանրապէս մնացին անտարբեր. Երեւանէն կիսաձայն հակազդեցութիւններ բարձրացան մինչեւ 26 փետրուարի երեկոյեան ժամերը: Կարգ մը մեկնաբաններ ու հայ-ազերիական հակամարտութեան մօտէն հետեւող փորրձագէտներ մամլոյ հարցազրոյցներու ճամբով մտահոգութիւն արտայայտեցին ազերիական քարոզարշաւին արագ վերականգնումին ու հզօրացման նկատմամբ, հաւաստեցին, որ Ազրպէյճան 90-ականներու վերջերէն ի վեր կորսնցուցած էր քարոզարշաւը եւ ընդհանրապէս լռութեան կը մատնուէր հայկական տեղին ու ազդու հակադարձութեանց շնորհիւ:
Ընդդիմադիր ճակատէն վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին բաւական ուժեղ կը հնչեն (դարձեալ) այն մեկնաբանութիւնները, որ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը որոշ նախանշաններ ի յայտ բերած է, թէ բանակցային գործընթացը կը յիշեցնէ 1990-ականներու առաջին տարիները, երբ «հող զիջելու փոխարէն ապահովութիւն ունենալու» ընտրանքը սակարանային նիւթ էր, այսինքն արցախեան հողեր Ազրպէյճանի յանձնելով` պէտք է հետապնդել Հայաստանի ապահովութիւնն ու գոյատեւման-բարգաւաճման ընտրանքը: Ամօ՞թ կ՛ըլլայ յիշեցնելը, որ այդ օրերուն կար նաեւ Հայաստանի հարաւային գօտիէն ալ հողաշերտ մը Ազրպէյճանին «նուիրելու» մտածում մը, նոյն` ապահովութեան երաշխիքներ ունենալու մտասեւեռումով: Հիմա, երբ թրքօ-ազերիական օրակարգին վրայ կ՛երեւի Ազրպէյճանէն Նախիջեւան ու Թուրքիա երկարող խողովակի մը ծրագիրը… (Պատմութիւնը բարեբախտաբար արձանագրած է, որ այդ ընտրանքը անուղղակի կամ բացայայտ կերպով պաշտպանողները ժողովուրդին կողմէ հեռացուեցան իշխանութենէ):
Դժբախտաբար, ինչպէս այդ օրերուն, հիմա ալ լրատու որոշ աղբիւրներ հրապարակ կը հանեն «ժողովրդային տրամադրութիւններ», իբր թէ «Հայաստանի երիտասարդութիւնը պէտք չունի զոհաբերուելու Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր…»: Իբրեւ «հիմնաւորում»` ակնարկութիւն կ՛ըլլայ, որ Ալիեւ տրամադիր չէ հրաժարելու Արցախը ազերիական հող նկատելու «վարկած»-էն եւ տագնապին լուծումը կը տեսնէ միայն ու միայն մէկ ձեւով` հայկական ուժերու Արցախէն հեռացում ու շրջանին` Ազրպէյճանի հողերուն վերջնական կցում: Միւնիխի հանդիպումն ու Էրտողան-Ալիեւ գերաստիճանը նորագոյն ազդակներն են այս մտավախութեան արծարծման: Հայկական ճակատին վրայ, վարչապետ Փաշինեան ու ընդհանրապէս հայկական կողմը, Արցախն ալ` ներառեալ, յայտարարած են, որ Արցախը Հայաստան է ու վերջ, սակայն նաեւ տեղ մը «քաղաքականութեան խաղ» մը կը դառնայ, երբ վարչապետը եւ գործակիցները կը յայտարարեն, որ լուծման տարազին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Կարելի չէ հաւատալ այն մեկնաբանութիւններուն, որ Հայաստանի մէջ կրնայ գտնուիլ իրա՛ւ հայ մը, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, որ ընդունի ժամացոյցի սլաքները ետ դարձնելու ընտրանքը եւ յարի արցախեան հողեր Ազրպէյճանին յանձնելու (ո՛չ` վերադարձնելու) տրամաբանութեան: Այսուամենայնիւ, սպասելի էր, որ Ժընեւի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի մը մասնակցող Զոհրապ Մնացականեան` իբրեւ հայկական դիւանագիտութեան պետը, անմիջապէս հակադարձէր թրքօ-ազերիական այս յոխորտանքներուն ու չբաւականանար Արցախի մասին հայկական կողմի տեսակէտներուն վերահաստատումով, ինչ որ նուազագոյնն է: Սպասելի է, որ պաշտօնական Երեւանը այդ քայլին դիմէ անյապաղ:
Նոյնքան եւ աւելի կենսական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու դիւանագիտական մեքենան իրենք զիրենք ձերբազատեն ուշք ու կարողականութիւնը միայն ու միայն ներքին բանակռիւներու մէջ մսխելու ընթացքէն, տեսնեն, թէ ինչե՜ր կ՛անցնին-կը դառնան Հայաստանի ու ընդհանրապէս շրջակայ գօտիին շուրջ, դուրսէն կամ ներսէն «աչք ընողներու» չսպասեն` անդրադառնալու, որ «սուլթանական Էրտողան»-ը կ՛աշխատի իր թաթերը տարածել Սուրիայէն ու Իրաքէն մինչեւ Եգիպտոս ու Լիպիա, իր «ճաշացուցակին» վրայ կրնայ վերստին բերել հին երազը` Հայկական հարցը թրքական ոճով լուծելու ընտրանքը, իբրեւ գործակից ունենալով «եղբայր» Ալիեւը, իսկ մեկնակէտ` Արցախը:
Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան մասին իրենց ծրագիրները մշակելու պահուն ո՛չ Էրտողան եւ ո՛չ ալ Ալիեւ հետաքրքրուած են, որ հայկական կողմին մէջ կան «յեղափոխականներ» եւ «հակայեղափոխականներ», «հիներ» ու «նորեր», «սեւեր» ու «սպիտակներ», «իշխանականներ» ու «ընդդիմադիրներ», «այո-ականներ» եւ «ոչ-ականներ», «կարծրամիտներ» ու «դիւրաթեք-զիջողականներ»… Համաթուրանական չհինցող ծրագիրներն ու անոնց կապուած երազները հայութեան կողմէ կրնան ձախողութեան մատնուիլ միայն ու միայն միասնութեամբ, ձեռքերու եւ կարողականութեանց միացումով, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ամբողջ կարողականութեան մէկտեղումով: Ա՛յս կը պահանջեն մեր նահատակները: Ա՛յս կը պահանջէ անոնց կտակին եւ ուղիին հաւատարիմ հայութիւնը: Իշխանութիւն եւ ընդդիմադիրներ իրաւունք չունին անտեսելու ժողովուրդին արդար ակնկալութիւնը:
«Մանր Յաւելուած» Մը
Զուգահեռ գիծի մը վրայ, հայկական քաղաքական միտքն ու դիւանագիտութիւնը կը գտնուին այլ մարտահրաւէրի մը դիմաց: Երեւանէն կը հաղորդուի, որ Հայաստան մօտ ատենէն կրնայ դեսպանատուն բանալ Իսրայէլի մէջ` բարձրացնելով 90-ականներուն հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութեանց մակարդակը: Սակայն պէ՞տք է արդեօք սպասել այդ քայլին, որպէսզի Իսրայէլին յիշեցում կատարուի, որ Ազրպէյճանին իր տրամադրած զինական սարքերը կը գործածուին Արցախի դէմ, որ` Խոջալուի մասին ազերիական յերիւրանքները յար եւ նման են հայութեան դէմ թրքական ստապատումին, վերջապէս այն, որ Ցեղասպանութեան զոհը իրաւունք ունի սպասելու, որ Հոլոքոսթ տեսած ժողովուրդի մը պաշտօնական իշխանութիւնները ո՛չ միայն ճանչնան 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, այլ իրենց ձայնը միացնեն արդար հատուցման հայութեան պահանջին:
26 Փետրուար 2020