Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

21-րդ Դարու Երրորդ Տասնամեակը` Կլիմայական Փոփոխութեան Դէմ Պայքարի Ժամանակաշրջան

March 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Մարդկութիւնը թեւակոխեց 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակը երկրագունդի հիւսիսային կողմէն` անձրեւի եւ տեղումներու նուազումով, ջերմաստիճանի բարձրացումով եւ յաջորդական ջրհեղեղներով, իսկ հարաւային կողմէն` անտառային հրդեհներով եւ երկարատեւ չոր եղանակով:

Տասնամեակներ շարունակ կլիմայագէտները ուշադրութիւն հրաւիրեցին այն իրականութեան վրայ, որ երկրագունդը հետզհետէ կը տաքնայ եւ այդ ջերմացումը կենաց մահու վտանգ կը ներկայացնէ կենդանական ամբողջ աշխարհին:

Ածուխի արդիւնաբերութիւնը, ջերմանոցները, ինքնաշարժներու վառելանիւթը, քարիւղն ու բնածուխը կը թուին կլիմայական փոփոխութիւն պատճառող հիմնական պատճառներ ըլլալ:

Նախորդ տասնամեակի վերջին տարուան ընթացքին (այսինքն` 2019-ին) տեսանք, որ յառաջդիմական կառավարութիւնները յայտարարեցին կլիմայական տագնապ` զգալով, որ կլիմայական փոփոխութիւնը հսկողութենէ դուրս է: Մարդկութիւնը ապրեցաւ կլիմայական այդ տագնապին հետեւանքները թէ՛ ամրան եղանակի երկարութեամբ, թոքերու ու շնչառական գործարաններու հիւանդութիւններու տարածումով, թէ՛ ալ անտառային հրդեհներով ու անասուններու ոչնչացման վտանգով:

Ներկայ ժամանակաշրջանին, որ կը կոչուի թուայնացման եւ ճարտարարուեստի ժամանակաշրջան, ժամանակաշրջան մը, որ կը յատկանշուի գիտութեան յառաջդիմութեամբ, դժբախտաբար տակաւին կը շարունակուին հերքուիլ կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստերը թէ՛ կրօնամոլ-մոլեռանդ առասպելապաշտներուն կողմէ, թէ՛ ալ հանքերու ու քարիւղի մեծ ընկերութիւններու լոպիինկի շռայլ նուիրատուութիւններ ստացողներու կողմէ:

Ծայրայեղ աջ կուսակցութիւններու յառաջընթացը իրեն հետ յառաջ մղեց կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստերու հերքումը` այդ կուսակցութիւններուն օգտագործած ամբոխավարական լոզունգներուն եւ կոչերուն ընդմէջէն, իսկ միւս կողմէ ալ` նոր-ազատական կուսակցութիւններու շուկայի ապահսկողականութեան քաղաքականութիւնները, որոնք այդ կուսակցութիւնները դարձուցին հանքերու ու քարիւղի մեծ ընկերութիւններու գործընկերները, միասնաբար պատճառ կը դառնան մեր երկրագունդի եւ անոր վրայ գոյատեւող կենդանական աշխարհի կործանման:

Հանքերու ու քարիւղի մեծ ընկերութիւններու նոր-ազատական գործընկերներէն ու կլիմայական փոփոխութեան գիտական փաստերու ծայրայեղ աջի հերքումէն անդին` կը գտնուին յառաջդիմական ուժեր, որոնք կը փորձեն կանգնեցնել կլիմայական փոփոխութիւնը:

Այլեւս մարդկային ընկերութիւնը աւելի լուրջի պէտք է առնէ կլիմայական փոփոխութեան հարցը` նախքան աշխարհին յաւելեալ կործանումը:

Այս տասնամեակը թող ըլլայ կլիմայական փոփոխութեան դէմ պայքարի տասնամեակ ոչ թէ յանուն ոչինչի, այլ` յանուն մեր զաւակներու ապագային եւ կենդանական աշխարհի յարատեւման:

 

Նախորդը

«110 Տարեկան ՀՕՄ-ը Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Հայապահպանման Համար Կատարուած Բոլոր Աշխատանքներուն` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Տարածքին» Կը Յայտնէ Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան

Յաջորդը

Պատմամշակութային Եւ Լեզուամշակութային Առեղծուածներ…

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.