Մեծ պահքի այս առաջին օրերուն կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական բաժանմունքը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հաղորդ պահէ հոգեւոր կեանքին առնչուած անոր մտածումներուն ու թելադրութիւններուն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ուրախ ենք, վեհափա՛ռ հայր, եւ շնորհակալ, որ Մեծ պահոց շրջանը ձեզի հետ մեր ունեցած այս հարցազրոյցով կը բացուի: Մեծ պահքը հոգեւոր կեանքի վերանորոգման առիթ է: Ի՞նչ կը հասկնանք հոգեւոր կեանք ու հոգեւոր արժէք ըսելով:
ԱՐԱՄ Ա.- Նախ` ի՞նչ կը հասկնանք արժէք ըսելով: Արժէքը կը մատնանշէ երեւոյթ մը, խորհրդանիշ մը, իտէալ մը, դէպք մը, երազ մը, որ խտացումն է անհատի մը, կրօնի մը կամ ազգի մը հարազատ մտածումներուն ու ձգտումներուն, անոր ինքնաճանաչման ու էութեան` հունաւորելով անոր կեանքի ճամբան եւ որոշակի նպատակ տալով անոր կեանքին: Հետեւաբար այն անհատը, կրօնը կամ ազգը, որուն կեանքը դատարկ է արժէքներէ, փաստօրէն կը դառնայ անբովանդակ, անդիմագիծ ու աննպատակ գոյութիւն: Մարդկային կեանքի զանազան բնագաւառներուն առնչուած արժէքներ գոյութիւն ունին, ինչպէս` հոգեւոր, բարոյական, իմացական, քաղաքական եւ այլն: Աստուածաշունչն է մեր հոգեւոր արժէքներուն աղբիւրը եւ որպէս քրիստոնեայ ազգ` մեր արժէքներու համակարգին հիմքը: Հոգեւոր արժէքներու գանձարանին կը պատկանին նաեւ աստուածաշնչական արժէքները իրենց կեանքին մէջ ապրած ու վկայած մեր սուրբերուն ու եկեղեցւոյ հայրերուն վարքն ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ` մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առնչուած նշանակալից երեւոյթներ ու դէպքեր, օրինակ` Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութիւնը, Մաշտոցի հոգե-իմացական զարթօնքը, Վարդանանց իմացեալ մահը եւ անոնցմէ ճառագայթող արժէքները ու իտէալները: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք հոգեւոր կեանք ըսելով: Ընդհանուր բացատրութեամբ հոգեւոր կը նկատուի այն կեանքը, որուն առանցքը ու շրջագիծը առաւելաբար հոգեւոր արժէքներն են, այլ խօսքով` հոգեւոր արժէքներով ապրուած ու շաղախուած կեանքը: Քրիստոսի հետեւելու որոշումը տուած ոեւէ անձի կեանքը, բնականաբար, հոգեւոր կեանք պէտք է ըլլայ` Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներով զսպանակուած ու իմաստաւորուած: Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը որքանո՞վ հոգեւոր է. սա այլ հարց է: Տակաւին անցեալ շաբաթ նշեցինք Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօները: Յիշենք անոնց պատասխանը Յազկերտին. քրիստոնէական հաւատքը հագուստ չէ, որ փոխենք, այլ մեր մորթին գոյնն է. այլ խօսքով` մեր ինքնութիւնը: Արդ, մեր ինքնութիւնը կազմող արժէքները ու ճշմարտութիւնները պէտք է ապրիլ` կեանքի, գործի ու նպատակի վերածել:
Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ կապ կը տեսնէք հոգեւորին ու ազգայինին, հոգեւոր դաստիարակութեան ու հայեցի դաստիարակութեան միջեւ:
ԱՐԱՄ Ա.- Հոգեւորը կարելի չէ անջատել մարդկային կեանքի միւս տարածքներէն կամ մարզերէն: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ մարդուն մէջ ապականած կեանքը մաքրելու ու ճշմարիտ մարդը վերականգնելու համար: Քրիստոս մարդերէն, ընկերութենէն հեռու չ՛ապրեցաւ. ընդհակառա՛կը, իր առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն մարդը իր շրջապատով ու երկրաւորը իր ապականութեամբ մնայուն ներկայութիւն դարձան, որպէսզի Քրիստոս կարենայ զանոնք իր երկնային արժէքներով շաղախել: Հետեւաբար կարելի չէ բաժանման գիծեր հաստատել հոգեւորին ու ոչ հոգեւորին միջեւ: Արեւմուտքի մէջ կատարուած բաժանումները իրաւական ու ձեւական են, ոչ գոյութենական: Միաստուածեան կրօնները կը մերժեն նման բաժանումներ: Նայեցէք քրիստոնէութեան պատմութեան հոլովոյթին: Քրիստոնէութիւնը մուտք գործելով ազգերու կեանքին մէջ, իւրացուց տուեալ ազգի ընկերային, մշակութային, ազգային տարրերը, կերպերը, աւանդութիւնները` լայն չափով նոյնանալով ազգին հետ: Կրօն եւ ազգ նոյնացումը աւելի շեշտակի էր մեր ազգի պարագային: Յաճախ շեշտած եմ, որ քրիստոնէական կրօնը ընդունելով` հայութիւնը քրիստոնէացաւ ու քրիստոնէութիւնը հայացաւ մեր կեանքէն ներս: Պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ նկարագիրը, անոնք դարձան մէկ ու համապարփակ ինքնութիւն: Հայ կեանքէն ներս կարելի չէ հոգեւորը հասկնալ առանց ազգայինին, եւ` փոխադարձաբար: Այսպէս եղած է մեր կեանքի ճանապարհը ու մեր պատմութեան ընթացքը: Երբ կ՛ըսենք «ազգային եկեղեցի», լոզունգ չէ սա, այլ` հարազատ բնորոշումը ազգային գոյն ու նկարագիր ստացած, սակայն` առանց եկեղեցւոյ ինքնութիւնը կազմող հիմնական տարրերէն հեռացած մեր եկեղեցւոյ: Արդ, հոգեւորին ու ազգայինին միջեւ տարանջատում կատարելը ճիշդ մօտեցում չէ: Անոնք իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են: Կարելի չէ հոգեւորը ապրիլ` առանց ազգայինին, եւ` փոխադարձաբար: Հարցումի երկրորդ բաժնին անդրադառնալով` կ՛ուզեմ նոյն մօտեցումը կրկնել: Ինչպէս մեր մտածելակերպին, գործելակերպին ու կենցաղակերպին մէջ տարանջատում չի կրնար ըլլալ հոգեւորին ու ազգայինին միջեւ, նոյնպէս նաեւ` դաստիարակութեան: Նման մօտեցում խոտոր կը համեմատի մեր ըմբռնումներուն, մեր ինքնութեան ու մեր պատմութեան հետ: Երբ մարդակերտում կամ հայակերտում կ՛ըսենք, կը հասկնանք միաժամանակ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութիւն: Չենք կրնար, իրաւունք չունինք մեր հոգեւոր արժէքներէն հեռու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել: Նոյնպէս, կարելի չէ կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել` հեռու մեր ազգային արժէքներէն:
Հ.- Եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը ու եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնը անհրաժեշտութի՞ւն է հոգեւոր կեանք ապրելու համար:
ԱՐԱՄ Ա.- Կ՛ուզեմ անդրադառնալ երկու բառերու` պատկանելիութիւն եւ մասնակցութիւն: Արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ վերջին տասնամեակներուն մտածողութիւն մը սկսած է տեղ գտնել, որուն համաձայն, յստակ տարբերութիւն ու նաեւ բաժանում մը կը դրուի պատկանելու ու հաւատալու միջեւ: Կ՛ըսուի, թէ հաւատալու համար նախապայման չէ պատկանիլը. այլ խօսքով, եկեղեցւոյ անդամ ըլլալը անհրաժեշտ չէ քրիստոնեայ ըլլալու եւ հաւատալու համար: Այս մասին անդրադարձած եմ անգլերէն լեզուով գրուած գիրքերուս մէջ: Հոս կ՛ուզեմ հակիրճ կերպով ըսել, որ նման մօտեցում պարզապէս հերետիկոսութիւն է, նոր օրերու աղանդաւորական շարժումներու ուսուցումներուն մաս կազմող: Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ Քրիստոսի հաւատալ. չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը` ով որ ինծի կը հաւատայ, ետեւէս թող գայ: Քրիստոսի ետեւէն երթալ` կը նշանակէ եկեղեցւոյ պատկանիլ, որովհետեւ եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է` Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակող: Արդ, եկեղեցւոյ պատկանելիութենէն դուրս կարելի չէ քրիստոնեայ ըլլալ: Թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ որքանո՞վ կ՛արժեւորէ իր պատկանելիութիւնը, սա ուրիշ հարց է: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք մասնակցութիւն ըսելով: Եկեղեցւոյ պատկանիլ` կը նշանակէ մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս աշակերտը կը մասնակցի դպրոցի կեանքին, կամ կազմակերպութեան մը անդամը այդ կազմակերպութեան գործունէութեան: Այլապէս, եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը կը դառնայ անուանական: Արեւմտեան աշխարհին մէջ ոմանք կը կարծեն, որ եկեղեցւոյ անդամատուրք վճարելով` եկեղեցւոյ իրենց պատկանելիութիւնը կը հաստատեն ու այս ձեւով մասնակցած կ՛ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին: Դժբախտաբար նոյն մտայնութիւնը սկսած է տեղ գրաւել նաեւ արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր ծխային եկեղեցիներէն ներս: Սա սխալ մօտեցում է: Եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտենք մասնակից դառնալով եկեղեցւոյ կեանքին: Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, թէ ոմանք կը կարծեն, որ իրենք արդէն հոգեւոր կեանք կ՛ապրին, հետեւաբար եկեղեցւոյ համայնական կեանքին մասնակցելու կարիքը չեն զգար: Այլ սխալ մը: Կ՛ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնց կեանքին մէջ շեշտուած են հոգեւոր արժէքները: Սակայն անոնք պէտք չէ մտածեն, թէ` կարիքը չունին եկեղեցւոյ, թէ արդէն փրկուած են եւ անհրաժեշտութիւնը չեն տեսներ եկեղեցւոյ քարոզչութեան ու առաքելութեան: Ոեւէ քրիստոնեայ իրաւունք չունի ինքզինք կատարեալ քրիստոնեայ նկատելու, փրկուած անձ համարելու. Աստուած է մեր բոլորին դատաւորը: Մենք բոլորս մեր մկրտութեամբ ուխտած ենք Քրիստոսի հետեւիլ. մեր կեանքը հաւատքի ուխտագնացութիւն է: Մեր հաւատքի երթի ընթացքին կրնանք սխալիլ, մոլորիլ ու մեղանչել: Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ կը խոստովանի իր մեղքերը, կ՛ապաշխարէ եւ կը շարունակէ իր հաւատքի երթը` միշտ եկեղեցւոյ կեանքի շրջագծէն ներս:
Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, բնականաբար եկեղեցին հոգեւոր կառոյց է: Ուստի, միայն հոգեւորի՞ սահմաններուն մէջ պէտք է մնայ իր առաքելութիւնը:
ԱՐԱՄ Ա.- Նախ կ՛ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, թէ, այո՛, եկեղեցին կառոյց ունի, սակայն կառոյց չէ իր էութեամբ: Եկեղեցին առաքելութիւն է: Այս ծիրէն ներս ու այս հայեցակէտով հարկ է դիտել ու արժեւորել եկեղեցւոյ առնչուած որեւէ երեւոյթ կամ խնդիր: Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան շարունակութիւնն է: Աւետարանին վերջին տողերուն մէջ կը կարդանք, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուիրեց շարունակել իր երկրաւոր առաքելութիւնը: Քրիստոսի առաքելութիւնը, անոր բնոյթն ու նպատակը յստակօրէն պարզուած են Նոր կտակարանին մէջ: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը մարդուն մէջ աստուածային պատկերին ու աստուածատուր կոչումին վերահաստատումն է` ի խնդիր Աստուծոյ թագաւորութեան այս երկրի վրայ հաստատման: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը` ծառայութիւն է աղքատին ու հիւանդին, պաշտպանութիւն` զրկուածին ու հալածուածին, պայքար` անարդարութեան ու փտածութեան դէմ: Եկեղեցւոյ առաքելութեան նպատակը Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներուն տարածումն է, եւ այդ արժէքներով ընկերութեան կեանքին պայծառակերպումն է: Արդ, ուր որ ատելութիւն կայ, եկեղեցին կոչուած, է սէր քարոզելու. ուր անարդարութիւն գոյութիւն ունի, արդարութիւն սերմանելու: Այս մօտեցումը հարկ է ունենալ եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ: Ճիշդ չէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սահմանափակել, այսպէս կոչուած հոգեւոր կեանքի շրջագծէն ներս: Դիտեցէք ձեր շուրջը: Եկեղեցին ներկայութիւն է ընկերութեան կեանքին մէջ, ըսելիք ու ընելիք ունի մարդկային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս` կենսոլորտէն մինչեւ տնտեսութիւն ու քաղաքականութիւն` միշտ մեկնելով իր հաւատքի ուսուցումներէն ու արժէքներէն, սկզբունքներէն ու ճշմարտութիւններէն: Հետեւաբար եկեղեցին թերացած կ՛ըլլայ իր քրիստոսատուր կոչումին մէջ, երբ հեռու մնայ ընկերութենէն եւ դառնայ սոսկ ծիսակատար կառոյց ու վարչական կեդրոն:
Հ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր վերանորոգման մասին:
ԱՐԱՄ Ա.- Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին յաճախ անդրադարձած եմ: Սա հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Այս գծով կ՛ուզեմ շեշտել հետեւեալ կէտերը.-
Ա) Հոգեւոր արժէքներու վերաշեշտումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հրամայական է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդուն մէջ հոգեւորը սպաննող հոսանքները սկսած են դառնալ աւելի ահեղ:
Բ) Հոգեւոր արժէքներու վերանորոգումը պէտք է դառնայ մնայուն ընթացք` մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հարկ է որ մեր եկեղեցին, աւանդական ու ծիսական սահմաններէն անդին, այնպիսի ազդու միջոցներու դիմէ, մանաւանդ` ծխային մակարդակի վրայ, որով կարելի դառնայ հոգեւոր արժէքներու կենսաւորումը մեր ընտանիքներու ու զաւակներու կեանքէն ներս: Այս գծով հայ դպրոցը, կիրակնօրեայ վարժարանը եւ մեր ծխատէր քահանայ հայրերը կարեւոր դեր ունին: Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական ու Տեղեկատուական բաժանմունքները միշտ պատրաստ են իրենց գործօն աջակցութիւնը բերելու նման աշխատանքներու:
Հ.- Մեծ պահոց սեմին ի՞նչ պատգամ ունիք մեր ժողովուրդին:
ԱՐԱՄ Ա.- Մեծ պահքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար: Եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը, շարականները ու աղօթքները կը փոխուին, հաւատացեալներուն ճաշացուցակը կը փոխուի, եւ այս ձեւով անցեալէն եկող մեր աւանդութիւնները լայն չափով կը շարունակուին: Սակայն, էականը ներքին փոփոխութիւնն է: Մեծ պահքը ինքնաքննութեան ու ինքնասրբագրման առիթ է ու հրաւէր: Բոլորս ալ մեղաւոր ենք, հակամէտ ենք մեղանչելու: Սակայն Քրիստոսով զօրացած` պէտք է ապաշխարենք, որպէսզի կարենանք մաքրուիլ մեր մեղքերէն: Մեծ պահքը հոգեւոր վերազարթօնքի, Աստուծոյ դառնալու եւ մկրտութեամբ Քրիստոսը մեր կեանքին ճանապարհը ու ճշմարտութիւնը դաւանելու մեր կնքած ուխտին վերանորոգումն է: Մեծ պահքի շրջանին մեր ժողովուրդի զաւակները ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մասնակից դառնան մեր եկեղեցւոյ կեանքին: