Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

Փետրուար 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

ե-Սեւ֊Սպիտակի Կաղապարով Քաղաքական Դաշտի Անապատացումը

2018 Մայիսի շարժէն եւ իշխանափոխութենէն ետք կը թուէր, որ Հայաստանի քաղաքացիական-հասարակական կեանքն ու քաղաքական մշակոյթը կ՛օժտուի արդէն ժողովրդավարութեան որակական կենսունակ բովանդակութեամբ մը, որ պիտի գար բացառելու ընտրութենէ ընտրութիւն ընտրակաշառքով եւ վարչական մեքենայութեամբ գործօն դարձող հասարակական զանգուածները, անձ-կուսակցութիւնները, տնտեսութեան եւ քաղաքական գործընթացներու սերտաճումը, ինչպէս նաեւ` հալածեալ կամ գրպանային ընդդիմութեան տարբերակները:

Կ՛ակնկալուէր վերոնշեալ յոռի երեւոյթները, որ փոխարինուէին արժէքներ հետապնդող եւ այդ արժէքներով քաղաքական հոլովոյթներու վրայ ազդող ու մասնակից հասարակութեամբ մը: Նոյնպէս` քաղաքական ներկապնակը հարստացնող ու վառ պահող ծրագրային֊գաղափարախօսական կեդրոնացումներով` լիարժէք բազմակուսակցական դրոյթի մը աշխատունակութեամբ, ուր ընդդիմութիւնը հակակշիռ է ու մրցակցային այլընտրանք:

Այսպէս, տնտեսական հովանաւորչութեան ու վարչական լծակներու փոխարէն` գաղափարական-ծրագրային բանավէճն ու պետական-հասարակական գործունէութեան թափանցիկ հաշուետուութիւնը միասնաբար պիտի կազմէին քաղաքական ազատ համակրութիւններու միակ ծննդավայրը:

Մեծ էր յոյսը, եւ տեղաշարժը` անխուսափելի՛:

Սակայն քանի մը ամիս անց, Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու առթիւ,

իմքայլական քարոզչական «սեւ֊սպիտակ»-ի բանաձեւը եկաւ թակարդելու ոչ միայն ընտրութիւնները, այլեւ` ամբողջ քաղաքական դաշտը: Այսպէս, «Իմ քայլ»-էն տարբերակուող որեւէ քաղաքական ուժ դատապարտուած էր կա՛մ ճերմակ հետեւակութեամբ մը` լուսանցքային ընդդիմութեան նոյնքա՛ն ճերմակ հաւատարմագիրը յանձնելու յեղափոխական «Իմ քայլին», կամ ալ ի սկզբանէ վիճակուած էր ըլլալու «սեւ-հակայեղափոխական»` նախկիններու ներշնչանքը, դրդումն ու յենարանը վայելողի ամբաստանութեամբ:

Պարզ էր, որ քարոզչական այս բանաձեւի պարտադիր բեմագրութիւնը ըմբոստ ու գունաւոր դերակատարներ չէր կրնար ընդունիլ: Դժբախտաբար սեւ-սպիտակի բաժանարար այս գծագրութիւնը չսահմանափակուեցաւ ընտրական անցողիկ քարոզչական բանաձեւ մը մնալով, այլ մենիշխանական նկրտումներով վերածուեցաւ քաղաքական ամբողջ դաշտը կաղապարելու քաղաքական ապառողջ ուղեգիծի մը մշտանորոգ մարտավարութեան, որ հետզհետէ նուաճեց նաեւ «հակապետական տարրի», «ներքին դաւադիրի եւ թշնամիի» փնտռտուքի վտանգաւոր աստիճաններ:

Յետյեղափոխութեան, մասնաւորաբար` վարչապետը, առողջ ուժերու համախմբմամբ, փոխանակ քաղաքական դաշտի ներկապնակը հարստացնելու եւ անոր որակական նոր բովանդակութեան համահունչ ու ինքնահոս դերակատարումներով, ներքաղաքական կայունութեան յենելու` ընտրեց քաղաքական դաշտի զսպանակման վերոնշեալ կաղապարը:

Արհեստական ու բռնազբօսիկ երկընտրանքի այս կաղապարով քաղաքական դաշտը ամայացած է գաղափարներէ, արժեհամակարգէ, իրական այլընտրանքէ, հակակշիռէ եւ ընդդիմութենէ, զրկուելով նաեւ առողջ բանավէճի կամ երկխօսութեան իր շինանիւթէն:

Ըստ էութեան, կատարեալ անապատացումի հասնող այս ամայացման պարտադիր, բայց անիրական տեսարանով` Մարգարէն, շօշափելի գոյութենէ զրկուած` սեւ ուժէն սպասուող փորձութիւններու իր տեսութեամբ, մնայուն ցայտնոտի մէջ կը պահէ հետեւակ ժողովուրդը:

Ամէն անգամ, երբ իրականութեան վերադարձի հարազատ կանչ մը կը ծաղկի եւ ճշմարտութեան առուակ մը կը սկսի հոսիլ, աւազամրրիկը չ՛ուշանար խեղդելու զանոնք:

Կ՛արժէ արձանագրել նաեւ, որ հակառակ հետզհետէ ինքզինք բացայայտող իշխող ուժի նէօլիպերալիստ էութեան ու նկարագիրին, անոր «իզմերը» դրժելու յամառ ցուցադրականութիւնն ալ դերակատար է գաղափարախօսական֊ծրագրային պայքարի ամլացման:

Իշխանութեան ամուր դիրքերէ, ընդդիմութեան մենաշնորհն ա՛լ պահելու ամբոխահաճութեան գերին դարձած վարքագիծով մը, իշխող ուժը կ՛արգելակէ իսկական ընդդիմութեան մը սաղմնաւորումը, երբ կառավարման իր ապաշնորհութիւնը ծածկելու ճիգին մէջ` «ընդդիմադիր իշխանութեան» մը տարազով ու խաղարկութեամբ, անընդհատ պատճառաբանելով` կ’ազդարարէ պետական կառավարման ամբողջ համակարգի հակայեղափոխական դիմակայութեան եւ սապոթաժի մասին:

Հակառակ անոր որ ուղիղ ժողովրդավարութեան դրօշի տակ պետական հիմնարկները`  իրե՛նք ահաբեկչութեան ենթարկուած են հրապարակի թէ փողոցի ժողովրդական «հիմնարկներով» փոխարինուելու (խորհրդարանի շրջափակումէն սկսեալ մինչեւ դատարաններու գործունէութիւնը խափանելու ճնշամիջոցներու բանեցումով) կամ անոնց աշխատակազմը օպթիմալացման (արդիւնաւէտ կրճատման) տանելու սպառնալիքներով, խափանարարութեան ամբաստանութիւնը ուղղուած կը մնայ անոնց:

Երբ վնասակար ընթացքի կասեցման համար զգաստութեան յորդորի դեղին քարտեր կը բարձրանան, փողոցներու մութ անկիւններէն հայոյախառն աղմուկ-աղաղակը անմիջապէս կը բարձրանայ, եւ ընկերացանցաբնակ զանգուածները կը հաղորդուին անհանդուրժողութեան քարոզի ատելութեան նշխարհներով…

Երբ քաղաքացիներ տնտեսական տարբեր խնդիրներով ու պահանջներով կառավարութեան առջեւ կը հաւաքուին, յեղափոխական սթիւտիոներու մէջ պատրաստուած «ոստիկան֊թալանչի» կամ «հերոս-հակահերոս» կերպարներու առճակատման ֆիլմաշարը անմիջապէս կը վերսկսի բանիլ, եւ փառատօնային ծիսակատարութիւնները նոր թափ կը ստանան…

Միւս կողմէ` փտածութեան դէմ իրողական պայքարը կը ձեւախեղուի եւ իշխանական ֆոնտերու ֆինանսաւորումի պայմանականութեամբ բանուկ` հարկային ստուկարգերէն անցնելով, կը վերածուի նախկին մենաշնորհեալ օլիկարգերու «խոշոր սեփականատէրի» եւ «նախաձեռնող ձեռնակատէրի» վկայականաց բաշխումի հանդիսութիւններու:

Նոյնպէս` կաշառակերութիւնը կը քաղաքակրթուի պետական գանձարկղէն խրախուսուող պարգեւատրումներու եւ ինքնապարգեւատրման աւանդոյթի պաշտօնականացումով (2019-ի տուեալներով, պարգեւատրումները կազմած են 72.815.980 ամերիկեան տոլարի գումար), իշխանական քիմքի չափորոշիչներու «օրինականութեամբ»:

Դժբախտաբար արդէն իսկ բարձրաղաղակ համարձակութեամբ մը յեղափոխութիւնը իր մաքրամաքուր առաքելութեան առաջին բիծը կը կրէր, երբ ընտրակաշառքի համահունչ եւ հաւասարազօր քայլով մը, նորահաստատ իշխանութիւնները իրենց խոստումին հաւատարիմ, կը ջնջէին օրինազանց վարորդներու 14 միլիառ դրամի հասնող տուգանքները` համաներման որոշումով մը, շահելով օրինազանց զանգուածի մը համակրութիւնն ու հաւատարմութիւնը:

Անդին` պետականաշինութեան երթուղին յուշող սլաքին` ներքին խրամատներ կը բացուին եւ վրէժխնդրութեան ու բռնութեան քարոզի դրօշարշաւը ընթացք կ՛առնէ` անարգել հատելով բոլոր սահմանագիծերը… Պաշտօնանկութեանց թէ հրաժարականներու շքերթին ալ կ’ուղեկցի հիպրիտային պատերազմն ու յեղաշրջման ուրուականը, երբ դիահերձարան հասած հանրապետական ռեժիմի դիակը, էլիտար բժշկախումբի ընկերակցութեամբ` հապճեպ կը տեղափոխուի վերակենդանացման բաժին, իշխանութիւններուն իսկ շահախնդրութեամբ ու դրդումով…

Իրականութեան միւս բաժինն ալ այն է, որ իրենց դիակներուն ամենաքստմնելի չարչարանքներուն ի տես, վտարանդի ամենահեռաւոր ոգիներն անգամ վերադարձած են վերաբնակելու որոշ նկուղներու մէջ:

Եւ հիմա, նախկին հանրապետական ռեժիմի վերակենդանացման վտանգի բեմադրութեան ձախողութենէն ետք, ցայտնոտի յանգման ֆոնին, իշխանութիւնները լծուած են այս անգամ` տանջուած հասարակութեան մորմոքող տեսարանի սպասարկումով, երբ նախկին ռեժիմի յուղարկաւորութեան կարգը նոր արարներով կը ջանան երկարաձգել` հակառակ թաղման թափօրի խիստ նօսրացումին…

Հարցո՛ւմ` ուղղուած իշխող ուժին. ա՞յս էր հայ անհատի ու հայ հասարակութեան երջանկութեան քաղաքական օրակարգը:

Վե՛րջ…

Իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ իրենց վարկանիշի վառելանիւթին վերածուած քարոզչական վերոնշեալ առասպելներն ու կեղծ օրակարգերը չեն կրնար այլեւս հանդիսանալ այն ցուցապաստառը, որ կը քողարկէ իրական պատկերն ու պահանջուած օրակարգը:

Ցուցապաստառը պատռուած է արդէ՛ն…

(Շար. 4)

Նախորդը

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումը Հրամայական Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Աշխարհ Ի՞նչ Կրնայ Սորվիլ Ճափոնի Մարդամեքենաներէն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?