Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհ Ի՞նչ Կրնայ Սորվիլ Ճափոնի Մարդամեքենաներէն

Փետրուար 28, 2020
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նոր արհեստագիտութիւնները անշուշտ կոչուած են մարդոց կեանքը դիւրացնելու` հանգիստ, բարգաւաճ աշխարհի մը մէջ ապրելու: Ճափոն այն երկիրներէն է, ուր այս հոլովոյթը բաւական արագ կ՛ընթանայ եւ կրնայ լաւ օրինակ հանդիսանալ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք կը հաւատան այդ աշխատանքին: Կը մնայ մաղթել, որ մարդկութիւնը զերծ մնայ նոր գիւտերը ժխտական նպատակներու համար օգտագործելու փորձութենէն: Բրիտանացի պլոկըր Պրայըն Լաֆքին տեղեկութիւններ եւ կարծիքներ յայտնած է:

Ն.

Ճափոն մարդամեքենաներ կը տեղադրէ  ծերանոցներու, գրասենեակներու եւ դպրոցներու մէջ, որովհետեւ անոր բնակչութիւնը կը ծերանայ, եւ աշխատաւորներու քանակը կը սկսի նուազիլ: Ասիկա ի՞նչ կրնայ սորվեցնել նոյն խնդիրները դիմագրաւող միւս երկրներուն:

Ճափոն սկսած է փոխուիլ: Արագ ծերացող բնակչութիւն, արտերկրէն այցելուներու մրցանշային ներհոսք եւ աւելի շատ մարդամեքենաներ: Ճիշդ այստեղ անհրաժեշտ կը դառնայ երկրի երիտասարդներուն դերակատարութիւնը:

Շինակաուայի նրբագեղ գրասենեակներու շէնքին մէջ աշխատողները կը զբօսնուն եւ ճաշի կ՛երթան: Ապակեայ դռներու մէջէն անցնելու ատեն զանոնք կը խուզարկեն անվտանգութեան երկու պահակախումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը դաժան լռութեամբ կը շրջագայի  միջանցքին մէջ: Ամէն բան բաւական աննկատելի կը  թուի, քանի դեռ չէք հասկնար, որ այդ անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկը մարդամեքենայ է:

Անիւներով եւ ոստիկանական կապոյտ գլխարկով կանգնած`«անոր» անունը Ուկօ է: Անոր բարդը(պաթըրի) կը տեւէ աշխատանքային կէս օր, եւ երկու ժամը անգամ մը ան  հսկողութեան համար ամբողջ շէնքին մէջ կը շրջագայի, նոյնիսկ վերելակները կանչելով ` ինք սեղմելով կոճակները: Անոր թուային «դէմքը», որ սովորաբար կը պատկերէ շարժուն գծանկարի նմանող երկու մեծ կապոյտ աչքեր, կը փոխարինուի ճափոնական բառերով. «Հսկողութեան վրայ»:

«Կարեւոր է, որ մարդամեքենան հմայիչ ըլլայ, որպէսզի չվախցնէ», կ՛ըսէ «Միրա Ռոպոթիքս» ընկերութեան տնօրէն Քեն Մացուի, որ Ուկօ մարդամեքենան գործի լծողներէն մէկն է: Ոստիկանական մարդամեքենան(որուն տեսախցիկին միջոցով գետնայարկը գտնուող պահակները կրնան նշմարել անոր տեսածները), այսօր երկրին մէջ գտնուող երկու նախատիպերէն մէկն է: Բայց Մացուի կ’ըսէ, որ Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի ընկերութիւնները հետաքրքրուած են անոր ընկերութեան աշխատանքով, որ նոյնպէս կը ներառէ մաքրութեան համար տուներու եւ դպրոցներու մէջ գործածելու մարդամեքենաներ:

Այս մարդամեքենան, որ 2020-ի Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականներուն բախտբերն է (մասքոթ), անցեալ տարի հանրութեան ներկայացուց «Թոյոթա»-ն, որ խաղերու ընթացքին նոյնպէս պիտի ներկայացնէ մարդոց օգնող մարդամեքենաներ

Վերջին տարիներուն լուրերը, տեղեկութիւնները եւ քաղաքական գործիչները յաճախ կը զգուշացնէին, որ մենք կանգնած ենք աշխատանքի առիթներ գողցող մարդամեքենաներու յեղափոխութեան դիմաց. բայց մարդամեքենաներ պատրաստողները կը պնդեն, որ իրենց ստեղծագործութիւնները պիտի ամբողջացնեն, այլ ոչ թէ փոխարինեն մեզ:

Ճափոնի մէջ մարդամեքենաները արդէն ներկայ են. աւելի՛ն, շատեր գործնապէս կ՛ընդունին մարդամեքենաներու դարաշրջանը` սկսեալ արուարձաններու ծերանոցներէն մինչեւ  կառավարման ամէնէն բարձր մակարդակ: Կառավարութիւնը քանի մը տարի առաջ մարդամեքենաներու զարգացման մէջ 100  միլիոն տոլարի ներդրում ըրաւ: Որոշ միաւորներ նոյնիսկ կարեւոր կը նկատեն մարդամեքենային գործընկերները` իբրեւ երիտասարդներու, նոր աշխատանքի սկսողներու վաճառքի կէտ:

Աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Թոքիոյի 2020-ի Ողիմպիական խաղերուն վրայ, որովհետեւ մրցաշարքը «Թոյոթա»-ի նման ընկերութիւններու համար ասպարէզ մըն է` ցուցադրելու նոր մարդասիրական մարդամեքենաներ, որոնք կը  հաղորդակցին հիւրերուն հետ եւ կ՛օգնեն դաշտին մէջ գտնուող մարզիկներուն: Եւ` լաւ պատճառով. համաշխարհային արագ ծերացման եւ մեքենական ինքնագործման (automation) մեծ աճի պայմաններուն մէջ Ճափոնի մարդամեքենա-բարեկամական նուէրը բոլորին ապագան կրնայ ըլլալ:

Ոստիկանական այս մարդամեքենան տարբեր սենեակի մէջ մնալով, կը գործէ որպէս աչք եւ ականջ` ոստիկաններու

Նոր արհեստագիտութիւն, բնակչութեան ծերացում

Թոքիոյի «Արծաթէ թեւ» ծերանոցին մէջ երկու տասնեակ տարեցներ նստած են սրահին մէջ, եւ անոնց կը հրամցուի կարկանդակ: Սրահին կեդրոնը կանգնած է անձնակազմի անդամ եւ Փեփըր անունով մարդասիրական մարդամեքենան,  որ խմբային խաղերով եւ վարժանքներով կը զբաղեցնէ  ներկաները: Ան կը ղեկավարէ խաղ մը. մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուին չինական կերպարներ, որոնք ներկաները  պէտք է բարձրաձայն ճանչնան: Բնակիչներէն շատերը մտագար հիւանդներ են:

«Մենք բնական զրոյցով, հաղորդակցութեան մարդամեքենայով եւ անձնակազմի անդամներով անոնց կը հարցնենք, թէ ո՞ւր են եւ ո՞վ են: Դժուար է (մարդոց համար, համեմատած` մարդամեքենաներու հետ) յիշել իւրաքանչիւր բնակիչի անձնական տուեալները, ուրեմն մարդամեքենաները  կը գործածուին  այդ հարցին մէջ օգնելու համար», կ՛ըսէ «Արծաթէ թեւ»-ի տնօրէն Քիմիա Իշիքաուա:

Բայց միայն այս սրահին մէջ չէ, որ մարդամեքենան կը գործածուի: Վերի յարկին մէջ անձնակազմի անդամներուն մէջքերուն ամրացուած են մարդամեքենայի մասեր, որոնք կը դիւրացնեն տարեցները շալկելու, անկողին տեղաւորելու եւ այլ ծանր աշխատանքներ:

«Ճափոն կը դիմագրաւէ ժողովրդագրական մեծ մարտահրաւէրներ ` տարեցներու ալիքի, պտղաբերութեան(ծնելիութեան) ցած մակարդակի եւ  բնակչութեան կծկումին պատճառով: Ասիկա կը յանգեցնէ ճափոնական հասարակութեան առջեւ դրուած շարք մը  խնդիրներու, որոնցմէ կրնայ սորվիլ Արեւմուտքը», կ՛ըսէ մարդամեքենաներու արհեստագիտութեան  եւ հասարակութեան կեդրոնի մասնագէտներէն Ռոճըր Ասորա: Ան կ՛աւելցնէ. «Ծերերու խնամքի հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու մէջ առողջապահութեան ասպարէզի աշխատողներու մեծ պահանջ կայ. այդ  աշխատանքը անհրաժեշտ ձեւով կատարող մարդիկ բաւարար չափով չկան»:

«Հիոկօ» ծերանոցի պատասխանատուները կը խորհին, որ իրենց աշխատանքին մէջ մարդամեքենաները կրնան օգնել:

Ծերանոցին մէջ անձնակազմը տեղադրած է քանի մը մարդամեքենաներ, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են բնակիչներուն մօտ, յատկապէս` Փարօ խօսող մարդամեքենան, որ պատրաստուած է տասնամեակ մը առաջ: Բնակիչները կը սիրեն անոր հետ խաղալ, որովհետեւ ան շատ հաճելի է, իսկ անձնակազմը կը սիրէ զայն, որովհետեւ ան մաքուր է, ուտելիքի պէտք չունի, եւ ոչ ոք  դիւրազգացութիւն (ալերժի) ունի անոր հանդէպ:

Քննադատները Թելենոյտ մարդամեքենան ահարկու անուանած են, բայց աշխարհի զանազան երկիրներու պետական պաշտօնատարները այցելած են այս ծերանոցը` տեսնելու, թէ ան ինչպէ՞ս  կ՛օգնէ հիւանդներուն

Ամէնէն ժողովրդական նորութիւններէն մէկը Թելենոյտն է. մանուկի նման մարդամեքենայ մը` առանց ոտքերու եւ փոքր թեւերով: Այլ սենեակի աշխատաւորներէն մէկը մարդամեքենային միջոցով կը խօսի, եւ ձայնը դուրս կու գայ անոր բերնէն: Կարգ մը թերթեր քննադատած են Թելենոյտը` որպէս ահարկու, բայց Ֆուճիմոթօ եւ անոր աշխատակիցները կ՛ըսեն, որ ան սիրուած է բնակիչներուն կողմէ:

Ծերանոցի բնակիչ մտագար կին մը Թելենոյտը կը բռնէ, իսկ 27-ամեայ հիւանդապահուհի Մինամի Օքապէ ականջակալին մէջ սրահէն կ՛երգէ ճափոնական ժողովրդական երգ մը: Ժպտերես կինը երեխայի պէս կը բռնէ Թելենոյտը եւ կ՛ըսէ. «Կրկին երգ մը երգենք»: Աշխատակիցները կ՛ըսեն, որ այս կինը սովորաբար շատ լռակեաց է, բայց մարդամեքենայի հետ այդպէս չէ: «Զուարճալի է տեսնել, որ անոնք այդպէս կ՛արձագանգեն», կ՛ըսէ Օքապէ, որ հինգ տարիէ կ՛աշխատի ծերանոցին մէջ: Անոնք մարդամեքենաներուն տարբեր ձեւով կ՛արձագանգեն, քան` մեզի»:

Թելենոյտը մշակուած է Օսաքան համալսարանի Հիրոշի Իշիկուրոյի կողմէ, մասնագէտը, որ  համբաւ նուաճեց, երբ ստեղծեց իր սեփական էնտրոյտի նմանակը: Ան Ֆուճիմոթոյի միակ բարձրորակ մասնագէտը չէ: Նոյնպէս կան «Փանասոնիք»-ը, «Տոքոմօ»-ն (Ճափոնի բջիջային հեռաձայններու հիմնական գործարկուն) եւ «Տայուա հաուս»-ը:

«Ճափոնի մէջ հասարակութիւնը աւելի արագ կը ծերանայ, քան` միւս երկիրներուն մէջ, ուրեմն  կառավարութիւնը կը նպաստէ մարդամեքենաներու  զարգացման: Մենք կ՛ուզենք օգնել` որպէս փորձառական հաստատութիւն», կ՛ըսէ Ֆուճիմոթոն:

Ըստ անոր, ծերանոցներու մէջ  աշխատիլը աւանդաբար չէ նկատուած որպէս գրաւիչ աշխատանք: Ան յոյս ունի, որ տաղանդաւոր երիտասարդները կը տեսնեն, թէ ան ինչպէ՛ս կը գործածէ նոր արհեստագիտութիւններ` մեծ,  ճանչցուած ճարտարագիտական ընկերութիւններէն, եւ կը մղուի այսպիսի աշխատանքի: Այդ էր պարագան Օքապէի, որ թռուցիկի մը մէջ կարդաց այն մասին, թէ ինչպէ՛ս տունը կը գործածէ Թելենոյտը: «Կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնց շարքին` ուսանողներ, որոնք Թելենոյտը տեսնելու համար կու գան ծերանոց», կ՛ըսէ ան:

Իշիկուրօ, որ յայտնի է մարդամեքենայի իր նմանակը ստեղծելու համար, մէկն անոնցմէ, ըստ որոնց, Ճափոնի մէջ մարդամեքենային լուծումները շուտով կը կիրարկուին ամէն տեղ

«Մեքենական ինքնագործում, ոչ` ներգաղթ»

Տակաւին պարզ չէ` արդեօք Ճափոն կը գլխաւորէ՞ «աշխատուժի մէջ մարդամեքենաներ» յեղափոխութիւնը: Այս ասպարէզի մասնագէտ Ռայան Ուիթըն կ՛ըսէ, որ մարդամեքենաներու տեղակայումը այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են ծերանոցները,  գործնապէս նուազ է, եւ թէ` ցած վճարումներով աշխատող ներգաղթեալներու օրէնքներու  մեղմացումը Ճափոնի մէջ ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը գիտէ, որ տարածուած մեքենական ինքնագործումը տակաւին կարելի չէ»:

Ան նոյնպէս կը նշէ, որ, օրինակ, Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ արագօրէն կը հասնին Ճափոնի` տնային մարդամեքենաներու պատրաստութեան եւ գործածութեան մէջ: «Ի վերջոյ Ճափոն մարդամեքենայի շինութեան ասպարէզին մէջ համաշխարհային լաւագոյն վաճառողէն կը պատրաստուի վերածուելու համեմատաբար ուժեղ դերակատարի` Գերմանիոյ, Հարաւային Քորէայի, Սինկափուրի եւ Թայուանի կողքին», կ՛ըսէ ան: «Ճափոն կը կորսնցնէ ազդեցութիւնը չինական եւ ամերիկեան մարդամեքենաներու  համակարգերուն համեմատ»:

Անցեալ տարի հրապարակուած զեկոյցի մը մէջ  կը նշուի, որ Հարաւային Քորէա աւելի շատ մարդամեքենաներ ունի, քան  Ճափոն: Մարդամեքենաներ, որոնք զանազան գործարաններու մէջ ծանր եւ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն: Բացի ատկէ, Հարաւային Քորէա, ինչպէս Ճափոն, նոյնպէս արագօրէն կը ծերանայ, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ մարդամեքենայ շինող տեղական ընկերութիւններու արտադրութիւնը ժողովրդագրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ:

Ճափոն մարդամեքենաները գործածելու շատ երկար պատմութիւն ունի` չվախնալով ատոնցմէ: Արեւմուտքի մէջ լրատուամիջոցները եւ հասարակութիւնը  յաճախ մարդամեքենաները կը նկատեն որպէս աշխատանք գողցող Թերմինէյթըրներ, որոնք կը ձգտին յեղափոխութիւն մը սկսիլ: Ճափոնի մէջ անոնք յաճախ հաճելի եւ ծիծաղելի են:

Այլ գործօն մըն է ներգաղթի նկատմամբ դիմադրողականութեան կայուն աճը` հակառակ  վերջին քայլերուն, որոնք թոյլ կու տան աւելի շատ օտարերկրացի աշխատողներու ներթափանցում: Քանի որ Ճափոնի աշխատաւորները կը ծերանան եւ կը սպառին, գործատուները դժուարութիւններ պիտի ունենան ցած աշխատավարձով գործաւորներ գտնելու, օրինակ` մանր առեւտուրի եւ սնունդի ծառայութեան ասպարէզներուն մէջ: Ասիկա յարուցած է մարդամեքենաներ ներգրաւելու ներքին կոչեր, որոնց վերնագիրներն են` «Ծերացող Ճափոն կ՛ուզէ մեքենական ինքնագործում, ոչ` ներգաղթ»:

Աշխատողներու կարիք ունեցող ասպարէզներէն մէկը տնային ծառայութիւններն են: Աւելի շատ թոշակառուներու եւ աւելի քիչ աշխատողներու հետ տնային խնամողներու եւ մաքրողներու պահանջը կ՛աւելնայ: Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ «Միրա ռոպոթիքս»-ը նոյնպէս ստեղծած է մատակարար մարդամեքենան, որ կրնայ կատարել պարզ առաջադրանքներ` լուացք, արդուկ, հագուստ ծալլել, փոշի առնել, որոնք իրականութեան մէջ մարդամեքենայի համար բաւական բարդ խնդիրներ են:

«Միւս երկիրներու մէջ, ինչպէս Հոնկ Քոնկը, լուծումը պէտք է ըլլայ աւելի շատ ներգաղթեալներ ունենալը, բայց այդ մէկը կատարեալ լուծում չէ: Ճափոն բաւական տնային արեւելում, ուղղուածութիւն ունի, եւ մենք բազմաթիւ ներգաղթեալներ չենք ընդունիր, ուրեմն մարդամեքենաները աւելի յարմար են», կ՛ըսէ Միրայի Մացու:

Այս մարդամեքենաներէն շատերը` Ուկօ, Թելենոյտ եւ այլն, կրնան գործածուիլ կամ կառավարուիլ մարդոց կողմէ` հեռաւոր վայրէ: Անիկա կարելի կը դարձնէ  տարեց կամ հաշմանդամ անձերու(մարդիկ, որոնք այլ ձեւով  կրնան զրկուիլ աշխատանքէ), վերահսկելու նման մարդամեքենաներ, նոյնիսկ անձեր` այլ քաղաքի մէջ:

«Ոչ միայն Ճափոն աւելի շատ մարդամեքենաներ կ՛ունենայ, այլեւ` ամբողջ աշխարհը», կ՛սէ Հիրոշի Իշիկուրօ:

Բնական, ինչպէս Սմարթֆոնը

Անհամբերութեամբ սպասելով «Սիլվըր ուինկզ»-ի` Իշիքաուան կ՛ըսէ, որ հիմնական հետազօտութիւնը կ՛ընթանայ պատրաստելու համար ընկերային մարդամեքենաներ, որոնք կրնան յայտնաբերել եւ կանխատեսել մարդոց առողջութեան պահպանման փոփոխութիւնները: Օրինակ` մարդամեքենաները, որոնք կը ձայնագրեն խօսակցութիւնները` օգնելու մարդու խնամքի մասնագէտներուն, որպէսզի անոնք  շուտով նկատեն կենսական նշաններ եւ այդ տուեալները համեմատեն ախտանիշներու տուեալներու հետ, քաղեն յարաբերակցութիւնը եւ հաշուարկեն վիճակի վատթարացման վտանգը:

Օսաքայի համալսարանի մարդամեքենաներու մասնագէտ Հիրոշի Իշիքուրօ կ՛ըսէ. «Մենք կը տեսնենք այլ գեղեցիկ, հաղորդակցող մարդամեքենաներ պանդոկներու սենեակներու կամ ճաշարաններու մէջ (ուր սենսըրային պաստառով ճաշացուցակները արդէն սովորական են)`այլ լեզուներով հիւրերուն օգնելու համար: Միաժամանակ կառավարութեան նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին. անցեալ տարի կրթութեան նախարարութեան 250 միլիոն ենի (2,3 միլիոն տոլար) ներդրումէն ետք,  մարդամեքենաները ամբողջ Ճափոնի մէջ սկսան տարածուիլ 500 դասարաններէ ներս, որպէսզի օգնեն անգլերէն սորվեցնելու: Ասիկա իր կարգին կրնայ օգնել Ճափոնի պատանի սերունդին` զանազան միջավայրերու մէջ դիւրաւ մեծնալու մարդամեքենաներու հետ: Նոյնպէս, մարդամեքենաները մեր կեանքերուն պիտի համարկուին այնպէս, ինչպէս եղաւ տասնամեակ մը առաջ սմարթֆոններու պարագային: Ոչ միայն Ճափոնը աւելի մարդամեքենաներ պիտի ունենայ, այլեւ` ամբողջ աշխարհը», կը նախատեսէ ան:

Ուիթթոն համաձայն է, սակայն ան կ՛ըսէ, որ ժամկէտներու չափը դեռ պարզ չէ: «Ես կը տեսնեմ, որ բոլոր մեծ տնտեսութիւնները կ՛որդեգրեն արդիւնաբերական քաղաքականութիւններ, որոնք կապուած են մարդամեքենայի շինութեան եւ այլ արհեստագիտութիւններու, եւ ներդաշնակ են տասնամեակներէ ի վեր Ճափոնի եւ Չինաստանի բոլոր ըրածներուն», կ՛ըսէ ան:

Նախորդը

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

Յաջորդը

Հայոց Նորագոյն Ցեղասպանութեան Ականատես Վկաներն Ենք Բոլորս, Պարո՛ն Վարչապետ (Սումկայիթ, 1988)

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?