«ԱԶԱՏ ՕՐ»
Տակաւին չէր մարած արձագանգը անցեալ շաբաթ, Արցախի մէջ ծառայող պաշտպանութեան բանակի երկու զինուորներու անստոյգ պայմաններու տակ մահուան լուրէն, երբ ուրբաթ, 14 փետրուարին, Արցախի մէջ զինուորի մահուան դէպք մը եւս եկաւ աւելնալու տարուան սկիզբէն հայոց բանակը հարուածող երեւոյթին վրայ:
2020-ի սկիզբէն, հազիւ 40 օրուան մէջ, արձանագրուած են 13 զինուորներու մահեր, ինչպէս հայրենի մամուլը կը նշէ` «ոչ հակառակորդի զէնքէն»: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ կարճ յայտարարութիւններով` «ոչ պարզուած պայմաններու մէջ» մահերու մասին, կը խօսի դէպքերը պարզելու համար կատարուելիք քննութիւններու մասին եւ կ՛աւարտէ ցաւակցութիւններ յայտնելով:
Վերջին դէպքէն ետք վարչապետը յայտնեց, որ «քրէական ենթամշակոյթ» գոյութիւն ունի բանակէն ներս, մինչ տարուան սկիզբը ուրախութեամբ կը յայտնէր… որ մահերու պատահարները զգալիօրէն նուազած են բանակին մէջ:
Յստակ է, որ` «Փտած կացութիւն մը գոյութիւն ունի Դանիոյ թագաւորութեան մէջ»: Մահերու անհանգստացնող թիւը միայն քրէական ենթամշակոյթի խնդիր չէ, այլ աւելի խոր եւ աւելի մտահոգիչ կացութեան մը ցոլացումն է, որ անմիջական եւ արմատական լուծումներ կը պահանջէ:
Հայրենի մամուլը կը մատնանշէ, որ հայկական բանակի գործելաձեւը յենած է նախկին խորհրդային կամ ռուսական ձեւին վրայ, ուր «քանակը» իր տիրական նշանակութիւնը ունի, իսկ զինուորական պատրաստութեան խնդիրը երկրորդ դիրքի վրայ կը մնայ: Աւելի՛ն. բանակի կեանքը յստակ կանոններու եւ զինուորական վարուելակերպի յարգալիր յարաբերութիւններու վրայ խարսխուած ըլլալու փոխարէն` միջանձնային յարաբերութիւնները անոր մէջ` զինուոր-սպայ, զինուոր-զինուոր, կառուցուած են «անգիր օրէնքներ»-ու վրայ, որոնք կամայականութեան եւ յաճախ մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընելու առկայ երեւոյթներով, բարոյահոգեբանական վատթարացող մթնոլորտ մը կը պահպանեն բանակէն ներս:
Պակաս չեն նաեւ այն ձայները, որոնք հայկական բանակին մէջ դաւադրութիւն սարքելու, զինուորներու բարոյականը ջլատելու, իսկ ժողովուրդին մէջ հայոց բանակին հանդէպ վստահութիւնը վիժեցնելու փորձեր կը տեսնեն:
Մինչեւ այսօր, 13 մահերուն դիմաց, զինուորական կանոնագրային ոչ մէկ քայլ ծանօթ դարձած է: Եթէ ընդունինք քրէական ենթամշակոյթի առկայութիւնը զօրամասերու տարածքին, ե՞րբ եւ ո՞ր կանոններու վրայ յենած ըլլալով` սպաներու կամ ենթասպաներու նկատմամբ պատժական տնօրինումներ կատարուեցան: Բանակի հրամանատարութիւնը արդեօք դադրեցո՞ւց տուեալ զօրակայանի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը, թէ՞ տակաւին հետաքննութիւններու մշուշոտ տարածքներու վրայ կը շարունակէ երկարաձգել ծնողներու եւ ժողովուրդի ցաւն ու ցասումը:
Հայրենի պետութիւնը եւ բանակի հրամանատարութիւնը կրկնակի պատասխանատուութիւն ունին անմիջական քայլերու դիմելու համար:
Նախ եւ առաջ, բանակի բարոյահոգեբանական մթնոլորտի առողջացման համար նոր ռազմավարութիւն մը պէտք է մշակել, որ պիտի ընդգրկէ ոչ միայն սպայակոյտը, այլեւ անիկա պէտք է տարածում գտնէ հայրենի ընկերութեան մէջ, զինուորական եւ համալսարանական կրթարաններուն մէջ, որպէսզի արմատական փոփոխութիւնները խորքային եւ ընդգրկուն ըլլան` հաղորդ դարձնելով հայրենի ամբողջ ընկերային եւ հասարակական համակարգը:
Իսկ եթէ պահ մը շարունակուող սպանութիւններու շարքին մէջ համակարգուած եւ միտումնաւոր ծրագիրներ տեսնելու վարկած մը նկատի պիտի ունենանք, անիկա աւելի մտահոգիչ կացութիւններ եւ բարդութիւններ ստեղծելու վտանգին առջեւ կրնայ բերել բոլորս` ազգովին: Հայրենի պետութիւնը պէտք է դիմէ արտակարգ քայլերու` բացայայտելու համար այս գործողութիւններուն հեղինակները եւ կանխելու ապագային աւելի ողբերգական կացութիւններու ստեղծումը:
«Քրէական ենթամշակոյթ» կամ «դաւադրութեան փորձեր»` մեր բանակին համար անընդունելի է 100 տարի վերջ 1920-ի ողբերգական իրավիճակի կրկնումը:
Հայ քաղաքացին այլեւս չի կրնար հանդուրժել բանակի բարոյալքման երեւոյթներ կամ փորձեր:
Պետութեան կողմէ որեւէ բացայայտում եւ, անոր կողքին, պահանջուած բարեփոխումները պէտք է յենին միայն ճշմարտութեան վրայ, այլապէս վերջին եւ վճռական խօսքը… ժողովուրդին կ՛իյնայ: