Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականները Իրենց Գրասենեակի Աշխատակիցները Պիտի Գործուղեն Արցախ` Ընտրութիւններուն Հետեւելու Համար

February 20, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու շարք մը քոնկրեսականներ յայտարարած են, որ, ղարաբաղեան կողմին հրաւէրով, իրենց աշխատակիցները պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ` 31 մարտին ընտրութիւններու ընթացքին հետեւելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

«Մենք անշուշտ կ՛ուզենք 31 մարտին Արցախի մէջ արդար ընտրութիւններ տեսնել, ուստի ձեզ տեղեակ կը պահեմ, որ որոշած եմ նաեւ իմ աշխատակիցս ուղարկել ընտրութիւններու ընթացքին հետեւելու», նշեց քոնկրեսկան Ճեքի Կանչելեան Սփիր:

«Պաքուն, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի ճանչնար, այնտեղ տեղի ունեցող ընտրութիւնները «բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ քաղաքական շոու» կը կոչէ: Ազրպէյճանը Ղարաբաղի անկախութիւնը կը ճանչնայ թէ ոչ` այնտեղ կեանքը պիտի շարունակէ զարգանալ», համոզուած է հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսականը, որ կ՛աւելցնէ. «Շատ կարեւոր է, որ այնտեղի ժողովրդավարութիւնը շարունակական ըլլայ»:

Քոնկրեսի աշխատակիցներու շարքին ընտրութիւններու ընթացքին հսկողութիւն կատարելու համար Արցախ կը պատրաստուի մեկնիլ քոնկրեսական Ֆրանք Փալոնի աւագ խորհրդական Ճէյմս Ճոնսընը:

«Ուսումնասիրած ու տեսած եմ, որ Արցախի նախորդ ընտրութիւնները բոլոր չափանիշերով եղած են ազատ, արդար եւ թափանցիկ: Յոյս ունինք, որ այս ընտրութիւնները նոյնպէս ազատ պիտի ըլլան», ըսած է Ճոնսըն:

Անոր ղեկավարը` քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն իր կողմէ կ՛աւելցնէ. «Շատ կարեւոր է ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատուած է. մենք կ՛ուզենք մատնանշել, որ Արցախի մէջ գործողը ժողովրդավարութիւն է, որ կը համապատասխանէ ազատ հասարակութեան բոլոր չափանիշներուն»:

Հակառակ շարք մը քոնկրեսկաններու որոշումին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս չէ ճանչցած Արցախի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները:

 

Նախորդը

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումը` Երիտասարդներուն Եւ Ուսանողներուն Հետ

Յաջորդը

Նախարար Զոհրաբ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցաւ Թոյվօ Քլաարին Հետ

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.