ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դիմում մը կատարած էք եւ երկար ատենէ կը սպասէք պատասխանի. այսօր անակնկալօրէն պիտի ունենանք յստակ պատասխան մը, որ գոհ պիտի պահէ ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Եթէ ամուրի էք, սիրային հետաքրքրական զարգացումներ պիտի արձանագրուին այսօր, եւ ձեր սիրտը ուժգին պիտի բաբախէ: Առաջին քայլը ճիշդ առէք, որպէսզի շարունակութիւնը երաշխաւորէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ծրագիրներուն մասին բոլորը տեղեակ մի՛ պահէք, մանաւանդ եթէ անոնց առնչուող առկախ հարցեր կան տակաւին: Ամէն բան վերջնականացուցէք, ապա խօսեցէք այդ մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Փորձէ լռութեամբ եւ անձնականութիւնդ պահելով լուծել հարցերը, որպէսզի անտեղի միջամտութիւններու պատճառով կացութիւնը չվատթարանայ: Յօնք շտկել ուզողները երբեմն աչք կը հանեն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ժողովներ, կապեր, բանակցութիւններ ձեզ պիտի մղեն մտածելու, որ պէտք չէ նեղ սահմաններու մէջ պահէք ձեր աշխատանքը: Հնարաւորութիւն պիտի տաք նոր առիթներու եւ առաջարկներու:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի կարենաք դուք ձեզի փաստել` առանց դժուարութեան եւ մեծ ճիգի: Ընդհանուր առմամբ, զօրակցական ու դրական տրամադրութիւն մը պիտի շրջապատէ ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հանգիստ ըրէք, դուք ձեզ անտեղի մի՛ յոգնեցնէք: Թեթեւ զբաղումներով ձեր ժամանակը անցուցէք: Ընտանեկան հաւաքոյթ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ եւ գոհ ըլլաք` սիրելիներով շրջապատուած:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի սիրահարիք եւ վիպապաշ յարաբերութիւն հաստատէք մէկու մը հետ, որուն նկատմամբ միշտ ալ համակրանք ունեցած էք: Սրտի ձեր տրոփիւնը երաժշտութեան նման պիտի հասնի ձեր դիմացինին ականջին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յոյսը ձեր ընկերը պիտի ըլլայ, դժուարութիւն պիտի չճանչնաք, այլ պիտի ընթանաք վճռական քայլերով եւ յաղթէք ձեր մրցակիցներուն: Յաջողութեամբ պիտի պսակուի ձեր մէկ նախաձեռնութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխատանք կազմակերպելու, գործերը բաժնելու եւ համադրելու ձեր կարողութիւնը մեծապէս ուշադրութիւն պիտի գրաւէ այսօր: Պիտի տպաւորէք ձեր պատասխանատուները եւ պիտի գնահատուիք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր շուրջիններուն վստահութեան պիտի արժանանաք, բոլորը պիտի զօրակցին ձեր արտայայտած գաղափարներուն եւ քաջալերեն ձեզ: Աշխատեցէք այնպէս, որ արժանի ըլլաք այդ վստահութեան եւ արժեւորումին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Խոչընդոտներու վերացման փուլ է, պիտի փայլիք, յաջողութիւններ կերտէք, լաւատեսութեամբ պարուրուիք ու ճառագայթէք: Միջակութիւն մի՛ ընդունիք, այլ ձգտեցէք լաւագոյնին: