Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ Օշուիցի Արգելարան-Սպանդանոցի Զոհերուն Նուիրուած Նիստ
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Օշուիցի արգելարան-սպանդանոցի ազատագրման եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտի 75-ամեակին նուիրուած նիստ: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ Ողջակիզումի յիշողութեան շաբթուան ծիրին մէջ ասիկա երկրորդ նախաձեռնութիւնն է:
«Յունուար 24-ին մենք Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ ներկայ գտնուեցանք կազմակերպուած ձեռնարկին, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցինք Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին: Յառաջիկային կը փորձենք այս յիշողութեան օրերուն եւ շաբաթներուն զուգահեռ` նաեւ կազմակերպել ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ», ըսաւ Մարութեան:
Յարութիւն Մարութեան կարդաց Ողջակիզումի յիշողութեան շաբթուան նուիրուած Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը:
Հաղորդենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած նիստին մասնակցեցան նաեւ «Վահագն Տատրեան»-ի անուան հիմնարկին համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սուրէն Մանուկեանն ու Հայաստանի հրէական համայնքի ղեկավար Ռիմա Վարժապետեան-Ֆելըրը:
Հայերէն Խօսող Պուլկարուհիին` Ցվեթլանա Փասքալեւայի Ծննդեան 60-ամեակը
30 յունուարին, Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ, լրագրող, վաւերագրող, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի գնդապետ Ցվեթլանա Փասքալեւա գրողներու եւ ազատամարտիկներու ընկերակցութեամբ տօնեց իր ծննդեան 60-ամեակը:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ հոլովակ մը, որ կը պատմէ անոր` արցախեան ազատամարտին ընթացքին կատարած ծանր աշխատանքին մասին:
«Երբ Հայաստան կրակի կեդրոն դարձած էր, Ցվեթլանան ձգեց ազատ ու ապահով երկիրը եւ ապաւինելով հոգիի կանչին` եկաւ Հայաստան, որպէսզի աշխարհին պատմէ մեր ազնիւ եւ արդար գոյամարտին մասին: Փասքալեւայի մասին կ՛ըսեն. «Պուլկարուհին, որ հայերէն կը խօսի», «Հայաստանի դուստր Ցվեթլանա»: Ասով ամէն ինչ ըսուած է», նշեց գրադարանի տնօրէն Յասմիկ Կարապետեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Փասքալեւային նուիրման համար:
Ց. Փասքալեւան դիտելով տեսանիւթը, յուզուեցաւ` յիշելով այն հերոսները, որոնք պատերազմէն չվերադարձան: Ան պատմեց, որ Հայաստան եկած էր իբրեւ լրագրող, բայց մնացած էր մեր երկրին մէջ հոգիի կանչով: «Երբ գտնուեցայ իրադարձութիւններու կիզակէտին մէջ եւ տեսայ, որ այդ ամէնը ողբերգութիւն է, հասկցայ, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը իմ օգնութեանս կարիքը ունի, եւ անոր համար անհրաժեշտ էին իմ խօսքս եւ նկարներս: Ելքը` դէպի միջազգային հարթակ հայերուն համար, այդ ժամանակներուն շատ բարդ էր: Ինծի համար ալ դժուար էր, որովհետեւ Հայաստանը շրջափակման մէջ էր, լոյս չկար, նիւթերը երկրէ երկիր ուղարկելը խրթին էր», յայտնեց ան:
Ան խոստովանեցաւ, որ սկիզբը չէր գիտակցեր, թէ ժամանակագրութիւն կը ստեղծուի: Ան կարծած է, որ ինք միայն լուր կը հաղորդէ` աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելով ղարաբաղեան հարցին վրայ: Յստակացաւ, որ լուրջ վաւերագրութիւն ստեղծուած է:
«Շատ բարդ էր ամէն բան: Ես երբեք զէնք չեմ բռնած: Ամէն երեկոյ Աստուծոյ կ՛աղօթէի, որ օգնէ ինծի, որպէսզի ձեռքերս ամուր ըլլան, կարենամ յառաջանալ եւ արցունքներս չխանգարեն տեսնել ու պատմել այն ամէնը, եւ մանաւանդ կ՛աղօթէի, որ չյոգնիմ: Առաւօտեան պէտք էր ժպտէի: Կը փորձէի նաեւ կանացի ըլլալ: Զինուորները յաճախ կ՛ըսէին, որ երբ անցնէի անոնց քովէն, կը տարածուէր անուշահոտիս բոյրը, եւ անոնք այդ դժոխքին մէջ անգամ կը ցանկային ապրիլ ու վերադառնալ տուն», ըսաւ Փասքալեւա:
Արցախցի Խումբ Մը Գրողներ Արժանացան Մրցանակներու
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուեցաւ Համահայկական Զ. մրցանակաբաշխութիւնը` նուիրուած Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման:
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան` նշելով, որ մրցանակաբաշխութեան մասնակցած էին գրողներ` Արցախէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:
Ըստ Յակոբեանի, Հայաստանի Գրողներու միութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարբեր անուանակարգերու մէջ մրցանակներ յանձնած են խումբ մը գրողներու, ինչպէս նաեւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան անդամներուն` հայոց բանակին ծառայութիւններ մատուցելու համար:
Վ. Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ` «Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբին յատուկ մրցանակներուն արժանացած են Արցախէն գրողներ` Մաքսիմ Յովհաննիսեանը եւ Սոքրաթ Խանեանը: «Հայոց բանակին մէջ եւ մարտական դիրքերու վրայ մարտնչած ստեղծագործող» անուանակարգին մէջ գրական մրցանակներ տրուած են Վան Նովիկովին` «Կամաւորի օրագիր» պատմուածաշարին, եւ Պաշտպանութեան բանակի սահմանապահ զօրամասի սպայ Արմէն Բարխուդարեանին` «Զինուորի սէրը» բանաստեղծութեան համար: «Պոէզիա» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակին արժանացած է Արեւշատ Աւագեան, երկրորդին` Գագիկ Խաչատրեան, երրորդին` Սուսաննա Յովհաննիսեան եւ Ժաննա Աբրահամեան: «Գեղարուեստական արձակ» անուանակարգին մէջ առաջին մրցանակը յանձնուած է Ժաննա Յակոբեանին, երկրորդ մրցանակը` Դաւիթ Աւետիսեանին, իսկ երրորդը` Նանէին: Վազգէն Սարգսեանի անուան մրցանակին արժանացած է Սամուէլ Բեգլարեանը: Հրապարակագրութեան, գրաքննադատութեան տեսակի մրցանակը տրուած է Գայեանէ Պօղոսեանին: Հայոց բանակին նուիրուած գրական-տեսական աշխատութիւններուն մրցանակը յանձնուած է Արմէն Աւանեսեանին»:
Վ. Յակոբեան ընդգծած է, որ համահայկական մրցանակաբաշխութիւնը կ՛աշխուժացնէ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող գրողներուն կապը, անոնց ստեղծագործութիւններուն դերն ու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ մրցակցութիւն կը ստեղծէ իրարու միջեւ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին գրական մրցանակի արժանացած Վան Նովիկովը յայտնած է, որ իրեն համար Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան միացեալ մրցանակին արժանանալը կրկնակի պատիւ է, յատկապէս որ մրցանակին արժանացած է այն ստեղծագործութեամբ, որուն ընդմէջէն իր շնորհակալական տուրքը կու տայ այն բոլոր խիզախ կամաւորներուն, հոգատար սպաներուն եւ տոկուն զինուորներուն, որոնց հետ պատիւը ունեցած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ծանօթանալու եւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու:
«Անկեղծն ըսած` մրցանակի արժանացած պատմուածաշարը դժուարութեամբ գրած եմ, որովհետեւ ապրիլեան օրերու զգացումներս այնքան յորդաբուխ էին, որ գերյուզական երեւալու մտավախութիւն ունէի: Աւելի ուշ հասկցայ, որ այն ամէնը, որոնց մասին կը խօսուէր եւ կը գրուէր սահմանէն այս կողմ` հայրենիքի, զինուորի, կեանքին նկատմամբ սիրոյ, ակնթարթի յաւերժութեան, կենաց եւ մահու պայքարի փիլիսոփայութեան մասին, այնտեղ` դիրքերու մէջ, առաւել քան իրական, տեսանելի եւ զգալի ձեւեր կը ստանայ: Իմ մրցանակս կը նուիրեմ բոլոր անոնց, որոնք նահատակուեցան յանուն հայրենիքի, ա՛յն զինուորներուն եւ սպաներուն, որոնց հետ բախտը վիճակուեցաւ ինծի իրապէս ապրիլ ապրիլեան մարտական հերթապահութեան դժուարին, բայց ոգեշնչող եւ պատուաբեր օրերը: Պատի՛ւ ունիմ»: Հպարտութեամբ շեշտած է Վ. Նովիկով:
Արցախի Պետական Համալսարանը Տօնական Համերգով Նշած Է Հայրենեաց Պաշտպանի Օրը
Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, Հայոց բանակի կազմաւորման 28-ամեակին եւ Հայրենեաց պաշտպանի օրուան նուիրուած զոյգ առիթներուն համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ կայացած է տօնական համերգ:
Ձեռնարկին ընթացքին Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն, շրջանաւարտներուն եւ հասարակայնութեան հետ տարուող աշխատանքներուն գծով փոխնախագահ Վիտիա Եարամիշեան շնորհաւորած է ներկաները տօնին առիթով եւ շեշտելով` նշած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային, Պաշտպանութեան բանակը պատուով կը պահպանէ այն ամէնը, որ ստեղծած ու մեզի փոխանցած է մեր աւագ սերունդը:
«Համոզուած եմ, որ նորօրեայ սերունդը պիտի շարունակէ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը: Եւ թո՛ղ մեր բանակի մարտական կարողութիւնը գործադրուի միայն ու միայն խաղաղ պայմաններու մէջ, այն ալ` զօրավարժութիւններու ժամանակ», ընդգծած է Վ. Եարամիշեան:
Իր խօսքին մէջ Արցախի պետական համալսարանի Ուսանողական խորհուրդի նախագահ Լիլիթ Մարգարեան նշած է, որ մայր համալսարանի 75 հերոս քաջորդիներու սխրանքը եւ անոնց անմար յիշատակը իւրաքանչիւր արցախցիի սրտին մէջ պիտի ապրի ընդմիշտ:
«Դժուար է ռազմական գործողութիւններու զուգընթաց` բանակ կառուցելը: Իսկ 28 տարին կարծես թէ պատմական ակնթարթ ըլլայ: Անցնելով թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ բանակաշինութեան փորձութիւնները` մեր բանակը կոփուեցաւ եւ դարձաւ անկախ պետականութեան կարեւորագոյն երաշխիքը, հայ ժողովուրդի արդարացի հպարտութեան եւ ոգեւորութեան աղբիւրը», նշած է Լ. Մարգարեան:
Հաղորդենք, որ այս տօնական ձեռնարկին Արցախի պետական համալսարանի ուսանողները հանդէս եկած են ասմունքով, հայրենասիրական երգերով եւ պարերով:
Հայաստանի Փրկարարական Սարքերը Կը Համալրուին
Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ փրկարարական սարքերը բաւական բարձր մակարդակի են: Այս մասին յայտնեց լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան:
Ան տեղեկացուց, որ Ճափոնի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին 22 հրշէջ փրկարարական ինքնաշարժներ տրամադրուած են, ինչ որ բաւական բարձրացուցած է մարզերու թեքնիք յագեցուածութիւնը, բայց այդ բոլորովին չի նշանակեր, որ մարզերը ամէն ինչով օժտուած են:
Հրշէջ ինքնաշարժներու յանձնման արարողութեան, նախարար Ցոլակեանի կողքին, ներկայ էին Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Ֆելիքս Ցոլակեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան` նպատակային եւ անշահախնդիր աջակցութեան համար: «Ամիսներ անց կը լրանայ հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու հաստատման 28-ամեակը, սակայն հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդներու բարեկամական կապերը միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններով չեն պայմանաւորուած եւ բնաւ միայն անոնցմով չեն սահմանափակուիր:
«Հայ-ճափոնական երկարամեայ եւ իւրատեսակ համագործակցութեան եւս մէկ վկայագիրը կը հանդիսանայ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ հակահրդեհային սարքաւորումներու բարելաւման ծրագիրի շրջանակին մէջ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզի փրկարարական ստորաբաժանումներուն թեքնիք սարքերու վերազինման համար տրամադրուած մօտաւորապէս 1 միլիառ 540 միլիոն ենի օգնութիւնը», ընդգծեց Ցոլակեան:
Ճուն Եամատա նշեց, որ իրեն համար մեծ հաճոյք է մասնակցիլ հակահրդեհային սարքերու բարելաւման ծրագիրին մաս կազմող 22 հրշէջ ինքնաշարժներու յանձնման արարողութեան: «Ճափոնի դրամաշնորհին մասին պայմանագիրը Հայաստանի կառավարութեան հետ կնքուած է 6 սեպտեմբեր 2017-ին եւ կը նպատակադրէ Շիրակի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզերուն փրկարարական ստորաբաժանումներուն թեքնիք յագեցուածութիւնը», յայտնեց Եամատա:
Խօսելով այլ ծրագիրներու մասին` նախարար Ցոլակեան ըսաւ, որ կը նախատեսուի ստանալ 26 ռուսական սարքեր, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն կացութեան բարելաւման:
Ըստ անոր, յաջորդ ծրագիրները պիտի վերաբերին միւս մարզերուն: «Մեզի պէտք է 50 մեթրէ աւելի ելեկտրական սանդուխներ, որովհետեւ բարձրայարկ շէնքեր ունինք… Կառավարութեան մէջ նախապատրաստած ենք մրցոյթ եւ անոր արդիւնքներով ձեռք պիտի բերենք երկար ելեկտրական սանդուխներ: Անկէ բացի` անհրաժեշտ են նաեւ արդի թեքնիքներով միջոցներ` մարդոց տարհանման համար: Ներկայիս տարհանման միջոցներ չունինք, պարզապէս փրկարարներու մասնագիտական բարձր որակներուն կ՛ապաւինինք», եզրափակեց Ցոլակեան:
2019-ին Տնտեսական Աշխուժութիւնը Եղած Է 7,8 Առ Հարիւր
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յղում կատարելով Վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած 2019-ի տարեկան տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին, որ եղած է 7,8 առ հարիւր, յայտնեց, որ տարուան կտրուածքով Համախառն ներքին արտադրութեան (ՀՆԱ) աճը պիտի ըլլայ 8 առ հարիւր: Ըստ վարչապետին, այս ցուցանիշը բարձրագոյնն է 2011-էն ի վեր:
Ըստ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշին, արդիւնաբերական արտադրութեան ծաւալը աւելցած է 9 առ հարիւր, շինարարութեան ծաւալը` 4,6 առ հարիւր, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին ծաւալը նուազած է 4,2 առ հարիւր, առեւտուրի շրջանառութիւնը աւելցած է 8,9 առ հարիւր, ծառայութիւններունը` 15 առ հարիւր, ներմուծման աճը եղած է 10,8 առ հարիւր, իսկ արտածման ծաւալը աւելցած է 9,4 առ հարիւր:
Փաշինեան, այս տուեալներուն հիման վրայ, 2020-ի համար համախառն ներքին արտադրութեան 8 առ հարիւր աճի իր յոյսը յայտնեց:
Ուշագրաւ է, որ դեկտեմբեր 2019-ին, նախորդ դեկտեմբերին հետ բաղդատած, արձանագրուած է 10,7 առ հարիւրի տնտեսական աշխուժութեան աճ:
Արցախի Մէջ Երրորդ Անգամն Ըլլալով Պիտի Իրականացուի «Բրուտարտ» Կաւագործութեան Միջազգային Սիմփոզիումը
20 յունիս 2020-էն մինչեւ 6 յուլիս 2020, Արցախի մէջ, երրորդ անգամն ըլլալով, պիտի իրականացուի «ԲրուտԱրտ» կաւագործութեան միջազգային սիմփոզիումը, որ կազմակերպուած պիտի ըլլայ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղի եւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ:
Աշխատանքները, որոնք պիտի ստեղծուին կաւագործութեան միջազգային սիմփոզիումի շրջանակներուն մէջ, մասնակիցներուն աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի տան արտայայտուելու յատկապէս քանդակագործութեան ոլորտին մէջ:
Աշխատանքները կեանքի կոչելու համար պիտի տրամադրուին համապատասխան նիւթեր` կաւէ զանգուածներ` տարբեր արհեստագիտական ոլորտներու եւ բարձր ջերմաստիճանի համար, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային եւ փայտէ փուռեր` կաւը թրծելու համար:
Նշենք, որ ընտրուած աշխատանքները երկար ժամանակի վրայ պիտի ցուցադրուին Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանին եւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղին մէջ: