Ռիատի Պէյրութի հետ Տուպայի պասքեթպոլի 31-րդ միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, լիբանանցի միջազգային մարզիկ Պասել Պաուժի որոշեց լքել իր ակումբը:
Պաուժի դժգոհութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուող անարդար վերաբերմունքէն, որուն արժանացած էր Պէյրութէն Ռիատի իր փոխանցումէն ետք:
Վերոնշեալ մրցաշարքին Ռիատիի մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի որոշումը` Ալի Հայտարը խումբ վերադարձնելու գծով, Պաուժի նկատեց իր դէմ նկատուած արարք մը, որուն պատճառով ան Մայթի Սփորթցի դէմ տեղի ունեցած աւարտական մրցումէն անմիջապէս ետք առանձինն վերադարձաւ Պէյրութ:



