Աշխարհի եւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան երէկ արծաթէ մետալի տիրացաւ Իրանի Ռաշտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքին:
Ան երկամարտի մրցումներուն բարձրացուց 345 քկ (155 եւ 190):
Մկրտչեան վերջերս Քաթարի մրցաշարքին եւս մասնակցեցաւ 96 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Յայտնենք, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր
մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան իր կազմին մէջ առած է նաեւ այլ ախոյեաններ, որոնք այսօր կը սկսին իրենց ելոյթներուն: