Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. խմբակի մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրը:
Հիլալ Քուտըս (Պաղեստին) հանդիսացաւ վերջին խումբը, որ ապահովեց իր տոմսը` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Սուրի դէմ (Օման):
Ահտ, որ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հիլալ Քուտըսը, երթի մրցումը պիտի կատարէ 10 փետրուարին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ:
Սակայն դարձի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 ապրիլին, պիտի կատարուի չէզոք դաշտի վրայ (վայրը` ցարդ անորոշ):



