Հայաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Ա. լիկայի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ուրարտու շարունակելով իր յաղթարշաւը, 92-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՖԻՄԱ ակումբին դէմ:
Յաղթական կազմէն Էմանուէլ Շեփըրտ նշանակեց 22 կէտ:
Նախքան իր կրած այս պարտութիւնը, հանգրուան մը առաջ, ՖԻՄԱ երկարաձգումէն ետք 114-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Երեւանի դէմ:
Այժմ դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Արագած: