Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտի եւ անոր անմիջական մրցակիցին` երկրին գործող ախոյեան Պարսելոնայի միջեւ 3 կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին:

Քարիմ Պենզեմայի նշանակած կոլին շնորհիւ (56-րդ), Ռէալ Մատրիտ աւելի քան 77 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 1-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մատրիտեան տերպիին:
Իսկ Պարսելոնա յաղթանակ արձանագրեց Լեվանթէի դէմ` 2-1 արդիւնքով:
60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 17 տարեկան Անսու Ֆաթի (Կինէա Պիլսաօ) նշանակեց Պարսելոնայի 2 կոլերը (30-րդ եւ 32-րդ): Երկու կոլերուն ալ էսիսթները կատարեց Լիոնել Մեսսի:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+2) հիւր կազմը նշանակեց իր կոլը:


