Երէկ` կիրակի, 2 փետրուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Տոհա (Քաթար) մեկնեցաւ Անսարի պատուիրակութիւնը, ուր պիտի կատարէ յատուկ բանակում մը, մինչեւ ուրբաթ, 7 փետրուար:
Այս բանակումին ընթացքին Անսար կը ծրագրէ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարել: Մրցակիցին անունը այսօր կրնայ յստականալ:
Շաբաթ, 8 փետրուարին, Անսարի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Քուէյթ, ուր մրցում մը ունի կատարելիք տեղւոյն կազմերէն Քուէյթիի դէմ` Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Անսարի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ապպաս Հասան: