Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցած Եւրօ-2022-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէր Բ. խմբակին, կատարեց իր երրորդ եւ վերջին մրցումը` այս անգամ ճակատելով Սկովտիոյ դէմ:
Բաւական կարեւոր այս մրցումին, հայրենի կազմը Սկովտիոյ հետ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու փլէյ օֆի մրցումներուն` գրաւելով խմբակին երկրորդ դիրքը (4 կէտով):
Պելճիքա 9 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը:
Փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն 9 խմբակներուն պարագլուխի դիրքեը գրաւողները, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւած 5 խումբերը:
13 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ փլէյ -օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, իսկ մրցումները (երթուդարձ) տեղի կ՛ունենան 6-15 ապրիլին:
Այս հանգրուանը եւս շրջանցելու պարագային, Հայաստան իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու Եւրօ-2022-ի հիմնական ախոյեանութեան: