Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Հնարած Է Դահոյկը

Փետրուար 1, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արագ թափով սուրալու զառիվայրերով, դարձուածքներով եւ արգելքներով յատկանշուած մրցումներ, գլխապտոյտ պատճառող ոստումներ… Դահոյկը պարզապէս հաճելի ժամանց մը չէ միայն, այլ նաեւ` բարձր մակարդակի մարզաձեւ մը: Սակայն, ուրկէ՞ եկած է դահոյկը:

* * *

Նախապատմական շրջանէն: Այդ ժամանակներուն արդէն մարդիկ ձիւնին վրայէն կը սահէին իրենց հօտերուն հետեւելու համար: Ապա դահոյկի այս սովորութիւնը կը շարունակուի հիւսիսի երկիրներուն մէջ:

19-րդ դարուն է, որ նորվեկիացի Սոնտրը Նորհայմ զայն իսկական մարզաձեւի կը վերածէ: Զառիվայրները իջնելու եւ կտրուկ շրջադարձի համար ան կը շինէ աւելի կարճ եւ կեդրոնը աւելի նեղ դահոյկներ: Ան նոյնիսկ կը շահի դահոյկի առաջին մրցումը 1869-ին:

Կարճ ժամանակ ետք, դարձեալ նորվեկիացի, հետախոյզ Ֆրետիոֆ Նանսեն Կրինլենտի մէջ դահոյկով կը կտրէ 500 քմ: Անոր այս քաջագործութիւնը դահոյկը հռչակաւոր կը դարձնէ:

* * *

Առաջին ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան 1929-ին, Ֆրանսայի Ալպեան լեռներուն վրայ, անշուշտ դահոյկը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ: 1930-ական թուականներու շուրջ ժամանցի դահոյկի գաղափարը կը զարգանայ, եւ ձմեռնային մարզաձեւերու յատկացուած բազմաթիւ նոր կեդրոններ կը կառուցուին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, նաեւ` Աւստրիա, Ֆրանսա… Ամէն երկու տարին անգամ մը, փետրուար ամսուն, տեղի կ՛ունենայ նաեւ Ալպեան դահոյկի աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Օդերեւութաբանական Երեւոյթ

 Ամպերը Ճանչնանք

Եղանակը կանխագուշակելու համար մենք կրնանք ամպերուն դառնալ: Անոնք մեզի շատ բաներ կրնան ըսել եղանակին եւ կլիմայական պայմաններուն մասին: Ամպերը կազմուած են թէ՛ օդէ, թէ՛ ալ ջուրէ: Պայծառ օրերուն տաք օդի հոսանքներ կը բարձրանան երկնքին մէջ եւ կը հրեն ամպերուն մէջի ջուրը` անոնց արգելք ըլլալով, որ չթափին: Սակայն երբ ամպին մէջի անձրեւի կաթիլները կը սկսին մեծնալ ժամանակն է զանոնք ազատ արձակելու: Անձրեւի մեծ կաթիլները շատ կը ծանրանան, եւ օդի հոսանքները այլեւս չեն կրնար զանոնք վեր պահել, հետեւաբար անոնք գետին կը թափին:

Ամպի տեսակները

1.- Սթրաթուս: Այս ամպերը երկինքը մեծ խմորի ամանի մը նման կը դարձնեն: Անոնք երկնքին մէջ ցած կախուած կ՛ըլլան` մթնցնելով ամբողջ շրջանը: Սթրաթուս ամպերը կը կազմուին, երբ պաղ, խոնաւ գետնին մօտ օդը կ՛անցնի շրջանի մը վրայէն:

2.- Սիրրուս: Այս մռայլ, տուֆի նման ամպերը բարակ են եւ կը կախուին բարձր երկնքին մէջ, ուր օդը շատ ցուրտ է: Սիրրուս ամպերը կազուած են  մանր սառի բիւրեղներէ:

3.- Քումուլոնիմպուս: Ասոնք հրէշ ամպերն են: Բարձրացող օդի հոսանքները կը մղեն, որ փափուկ քումուլուս ամպերը ուռին եւ դէպի վեր ընդլայնին, մինչեւ 21 հազար մեթր: Երբ այս ամպերը կը զարնուին մթնոլորտին տրոփոսֆերի խաւին, անոնք սեղանի ծածկոցի մը նման կը տափակնան:

4.- Քումուլուս: Այս ճերմակ, փափուկ ամպերը մարդոց գեղեցիկ օրուան տպաւորութիւնը կու տան: Անոնք մթնոլորտին ցած բաժինին մէջ  կը կազմուին եւ մարշմելոներու կը նմանին: Անոնք յաճախ իրարմէ կը բաժնուին պայծառ կապոյտ երկինքի բաժիններով: Անոնք կը կազմուին, երբ տաք օդը կը բարձրանայ. անոնք ընդհանրապէս կ՛անհետանան իրիկունը, երբ օդը կը զովանայ:

Որքա՞ն կը կշռէ ամպ մը

Թեթեւ, փափուկ քումուլուս ամպ մը ընդհանրապէս կը կշռէ մօտաւորապէս 98 հազար քիլօ, այսինքն` մօտաւորապէս 18 փիղերու ծանրութիւնը: Անձրեւով լեցուն քումուլոնիմպուս ամպը ընդհանրապէս կը կշռէ մօտաւորապէս 48 միլիոն քիլօ, կամ մօտաւորապէս` 9000 փիղերու չափ:

Սառոյցէ Լաբիւրինթոս

Այս իւրայատուկ լաբիւրինթոսը կը գտնուի Լեհաստանի մէջ: Անիկա շինուած է 60 հազար սառոյցի եւ ձիւնի կտորներէ. Սնոլանտիա Զաքոփան փարքի այս լաբիւրինթոսը կը ծածկէ մօտաւորապէս հինգ պասքեթպոլի դաշտի տարածք մը:

Ամէն ձմեռ մօտաւորապէս յիսուն գործաւորներ մէկ ամիս կ՛աշխատին շինելու համար այս լաբիւրինթոսը, որ ունի նեղ անցքեր եւ չափահասի մը հասակէն աւելի բարձր պատեր: Իսկ եթէ դուն կրցար լաբիւրինթոսէն դուրս գալ եւ տակաւին ժամանակ ունիս, Սնոլանտիա կ՛առաջարկէ այցելել նաեւ հինգ յարկանի սառոյցէ պալատը, ուր կը գտնուի սառոյցէ գահը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Մարդիկ մինչեւ 1840-ական թուականները չէին գիտեր, որ Անթարքթիքան ցամաքամաս մըն է: Մինչ այդ անոնք կը հաւատային, որ ան կղզիներու խումբ մըն էր:

– Անթարքթիքան ամէնէն չոր ցամաքամասն է: Ան շատ ցուրտ անապատ մըն է:

– Անթարքթիքան կը պարունակէ երկրագունդի սառոյցին մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը:

– Եթէ Անթարքթիքայի ամբողջ սառոյցը հալէր, ովկիանոսները 60 մեթր պիտի բարձրանային:

– Անթարքթիքան ամէնէն զօրաւոր քամիներ ունեցող ցամաքամասն է: Կարգ մը քամիներու արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 300 քմ.-ի, եւ անոնք կրնան մարդիկ թռցնել:

– Հին յոյն փիլիսոփայ Արիստոտէլ բնաւ չէր տեսած Անթարքթիքան, սակայն ան կը հաւատար, որ անիկա վստահաբար գոյութիւն ունի հիւսիսը գտնուող հողերուն հետ հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:

– Անթարքթիքան գտնուեցաւ 1820-ական թուականներուն: Սակայն աւելի քան 75 տարիներ ետք է, որ մարդիկ հոն ոտք դրին, 1911-ին նորվեկիացի Ռոալտ Ամունտսըն եղաւ հոն ոտք դնող առաջին անձը:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող շուքը:
Ո՞ր ճամբան պիտի հասցնէ աւելին:
Ո՞ր թիրախին վրայ ամէնէն բարձր թիւը ստացած է Ալինը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերներուն ճիշդ շարքը հասկնալու համար պատահածը:
Ո՞ւր կը գտնուի դահոյկի ուսուցիչին տունը: ԱՆ երեք յարկանի չէ, չունի պատշգամ, չէ զետեղուած լեռներուն միջեւ եւ անոր տանիքին վրայ ձիւն չկայ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

«Մախմուր Աղջիկ»-ն Ու Համազգային Թատրոնը. Հարցազրոյց Դերասանուհի-Բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի Հետ

RelatedPosts

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025
Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞
Մանկապատանեկան

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Ապրիլ 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?