ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք եւ ուրախ պայմաններու մէջ պիտի ըլլաք: Տուեալները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Պարտութեան պիտի չմատնուիք, եթէ լաւ պատրաստուիք: Բախտաւոր եւ լաւ առիթներով լեցուն շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի ձերբազատիք տարբեր կապանքներէ: Յարմար ժամանակ է` որոշումներ տալու: Քաղաքական զրոյցներու պիտի մասնակցիք եւ ձեր տեսակէտը համարձակօրէն պիտի արտայայտէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Աշխատանքի եւ ընկերային յարաբերութիւններու նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ձեր ջանքերը ի զուր պիտի չանցնին: Պիտի գնահատուիք ձեր կատարած բարեգործութեան համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ճամբորդութեան մը ծրագիրը կը մշակէք: Հաճելի պահեր պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ: Ուրախ եւ հետաքրքրական լուրեր պիտի ստանաք ձեր գործին վերաբերող:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր կարողութիւնները ի յայտ պիտի գան, եւ դուք պիտի գնահատուիք ձեր տնօրէնին կողմէ: Անկիւնադարձային շրջան մը պիտի ապրիք ձեր գործին մէջ: Ձեր առողջութեան մասին հանգստացնող լուրեր պիտի ստանաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր գործի պատասխանատուներուն հետ աշխատանքային քննարկման պիտի մասնակցիք: Ձեր ներկայութիւնը հաճելի է ձեր շրջապատին մէջ: Բարիքով հակադարձեցէք ձեր հակառակորդներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ստիպուած պիտի ըլլաք համակերպելու ձեր նոր կացութեան եւ պայմաններուն: Մի՛ գանգատիք, գոհունակ սրտով մօտեցէք ամէն երեւոյթի: Ձեր աշխատանքին արդիւնքը շուտով պիտի քաղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանդարտութեամբ պիտի լուծէք ձեր բոլոր հարցերը: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Վերապահ եղէք եւ ձեր բոլոր գաղտնիքները մի՛ բացայայտէք ձեր շուրջիններուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր բոլոր գործերը եւ մշակելիք ծրագիրները: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք նախքան որեւէ պայմանագիր ստորագրելը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Վերատեսութեան պէտք է ենթարկէք ձեր առնելիք քայլերը, որպէսզի չզղջաք յառաջիկայ օրերուն: Վերջապէս պիտի յաջողիք ձեր պարտքերը փակել:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ծանօթներէն մէկը իր սիրոյ զգացումները պիտի արտայայտէ ձեզի եւ ամուսնութեան առաջարկ կատարէ: Ուրախ անակնկալները շատ պիտի մատուցուին ձեզի այս շրջանին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի պատրաստուիք եւ նոր դասաւորումներ պիտի ընէք ապագայի համար: Աշխատանքային նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Հրաշալի առիթներ պիտի ունենաք ձեր երազանքը իրականացնելու: