29 յունուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմին վերաբերեալ իր ունեցած տեղեկութիւնները փոխանցեց Ազգային ժողովի քննիչ յանձնախումբին:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Բանակը իր առջեւ դրուած խնդիրը կատարած է: Դեռ աւելին` մեր բանակի հրամանատարական կազմի, զինուորներու, անոնց ենթականերու հերոսութիւններուն շնորհիւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գործողութիւնները, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան հետ համագործակցութեան եւ աջակցութեան շրջագիծին մէջ կրցած են կանգնեցնել մարտական գործողութիւնները», դիտել տուաւ Օհանեան:
Սէյրան Օհանեան նշեց, որ Ապրիլեան պատերազմին հայկական կողմէն նաեւ բացթողումներ արձանագրուած են: