ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս օրերուն ձեր շրջապատի մարդիկը շատ պիտի ծանրաբեռնէք ձեր պահանջներով եւ դիտողութիւններով: Ազդեցիկ մարդոց հետ պիտի ունենաք հանդիպումներ, որոնք դրականօրէն պիտի ազդեն ձեր մասնագիտութեան վրայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պէտք է բաւարարուիք քիչով, ըլլաք գոհ, որպէսզի կարենաք խաղաղ ապրիլ: Մարդիկ, որոնք այսօր օգտակար պիտի դառնան ձեզի, երկար ժամանակ ձեզի թիկունք պիտի կանգնին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այսօր պէտք է ձեզմէ վանէք բոլոր կասկածները եւ յառաջ անցնիք ինքնավստահութեամբ: Ճկուն եղէք ձեր մշակած ծրագիրներուն մէջ: Յարմար ժամանակ է` ձեզի հոգեհարազատ մարդոց հետ հանդիպելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այսօր առաջին հերթին ձեզի պէտք է համբերութիւն, որովհետեւ ձեր օրը լեցուն պիտի ըլլայ տարբեր ծրագիրներով, սակայն մինչեւ ատոնց իրականացումը` դուք ստիպուած կ՛ըլլաք յաղթահարելու որոշ դժուարութիւններ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ծանր պիտի ըլլայ ձեր գործը այս շրջանին: Լաւ երաժշտութիւնը կրնայ բարձրացնել ձեր տրամադրութիւնը: Օրը յարմար է` ազգականներու եւ յատկապէս տարեցներ այցելելու:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յարմար է օրը ձեր կիսատ մնացած բոլոր գործերը աւարտելու: Արդիւնքի հասնելու համար պէտք է սովորականէն աւելի ջանք ու հետեւողականութիւն գործադրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գործին վերաբերող ամէնէն բարդ հարցերը հեշտութեամբ լուծելու վարժ էք: Դուք պիտի հպարտանաք ձեր նոր ձեռքբերումներով: Չնախատեսուած ծրագիրներ պիտի ըլլան ձեր բարեկամներուն եւ ընկերներուն հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այսօր բարենպաստ պիտի ըլլայ` բնութեան գիրկը հանգիստ ընելու, մարզանքով զբաղելու կամ ստեղծագործական աշխատանք մը կատարելու: Դուք պիտի յաջողիք ձեր հիւմըրով ձեր ընկերներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր բազմաթիւ գործունէութինները եւ որոշումները ոչ միայն կը զարմացնեն ձեր շուրջինները, այլեւ կը հմայեն զանոնք: Կարելի է օգտուիլ բարենպաստ պահէն եւ եւ սկսիլ հետաքրքրական ծանօթութեան, որ կը վերածուի ռոմանթիկ սիրոյ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անսպասելի հանդիպում մը բախտորոշ պիտի դառնայ ձեզի համար: Մտերիմներու հետ յարձակողական ու անզուսպ պիտի ըլլաք ձեր հարցերուն պատճառով, ինչ որ ձեր փոխյարաբերութիւններու լարուածութեան պիտի յանգեցնէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այսօր իրադարձութիւնները պիտի զարգանան ի շահ ձեզի եւ բաւական հաճելի հունով: Ձեր ցանկութիւններու իրականացման շատ քիչ ժամանակ մնացած է, համբերող եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր գործերու արդիւնքները պիտի ամփոփէք: Պէտք չէ շտապէք, բաւարար ժամանակ տրամադրեցէք` իրավիճակը գնահատելու եւ նոր ծրագիրներ մշակելու: