ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Ձեր ժամանակը օգտագորեցէք հիմնական եւ կարեւոր գործերու համար: Պիտի ուզէք լուսարձակներէն հեռու մնալ եւ ձեր գործին վրայ կեդրոնանալ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ընկերային նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Պիտի յաջողիք ճանչնալ ձեր թշնամին ու անոր ծրագիրները: Մեծ համբերութիւն ցուցաբերեցէք ձեր գործին մէջ: Ձեր դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին պիտի վերանան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ եւ պիտի ուրախանաք գործի զարգացումի մը համար: Յարմար շրջան է` ձեր սխալները սրբագրելու եւ չկրկնելու նախկին սխալ փորձը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Համադրեցէք ձեր աշխատանքային եւ ընտանեկան պարտաւորութիւնները: Ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի զբաղիք: Դժուար շրջան մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Իրար մի՛ անցնիք պատասխանատուութիւններու եւ ճնշումերու ժամանակ: Վստահեցէք ձեր ուժին եւ կարողութեան: Մի՛ ծուլանաք, լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Միօրինակութենէ պիտի գանգատիք: Բախտին մի՛ վստահիք, իրապաշտ եղէք: Տեղքայլի մէջ պիտի մնայ ձեր գործը այս շրջանին: Լաւ անուն պիտի ձգէք ձեր շրջապատին մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զսպեցէք ձեր ջիղերը եւ տուէք ձեր լաւագոյնը: Պիտի տագնապիք հարցով մը, բայց ձեր վախերը եւ մտահոգութիւնները պիտի չարդարանան: Համբերութեամբ կը լուծուի ամէն ինչ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Արդիւնաբեր հանդիպումներ պիտի ունենաք: Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ: Տքնաջան պէտք է աշխատիք ձեր նպատակները իրականացնելու համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կարողութիւն ունիք ընկալելու ձեր շուրջ կատարուող բոլոր իրողութիւնները: Առաջնակարգ էք ձեր ասպարէզին մէջ: Պիտի յաջողիք ապահովել բարեկեցիկ կեանք` ձեր ընտանիքին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Քիչ մը զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի դիւրանան ձեր գործերը: Ժառանգական հարցերով պիտի զբաղիք: Ծուլացած էք եւ ձեր աշխուժութիւնը կորսնցուցած էք այս ամիս:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դժուարութեամբ պիտի ծալէք ցաւոտ էջ մը: Յարմար շրջան է սրբագրեու համար ձեր սխալները: Առիթներ պիտի ունենաք նոր ծանօթութիւններ կատարելու եւ աշխատանքային նոր փորձառութիւն մը ապրելու:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր պարտաւորութիւնները կատարեցէք առանց գանգատելու: Ձեզմէ կը պահանջուի լաւատես ըլլալ եւ յոյսով ապրիլ` մինչեւ ձեր նպատակներու իրականացումը: