Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարձեալ Նոր Տարի Է… Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ

Յունուար 25, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ճիշդ է, որ ամբողջ աշխարհը Նոր տարին տօնեց յունուար 1-ին, սակայն չիները, ինչպէս նաեւ Չինաստանի դրացի ուրիշ երկիրներ կը տօնեն նաեւ չինական Նոր տարին, որ այս տարի կը զուգադիպի շաբաթ 25 յունուարին: Այսօր առնէտի տարին կը սկսի:

Չինական Նոր տարին երկրին ամէնէն կարեւոր տօնակատարութիւնն է: Անով կը սկսի գարնան տօնը եւ վերջ կը գտնէ լապտերներու տօնով. ան միշտ տեղի կ՛ունենայ 21 յունուարի եւ 20 փետրուարի միջեւ: Ան չինական օրացոյցին առաջին օրն է, եւ այս սովորութիւնը հիմնուած է աւանդութեան մը վրայ:

Հին ժամանակներուն Նիեն անունով ահաւոր հրէշ մը սարսափ կը սփռէր եւ մարդիկը կը բզկտէր ամէն Նոր տարուան նախօրեակին: Հետեւաբար, գիտնալով, որ ան լոյսէն, ձայնէն եւ կարմիր գոյնէն կը վախնայ, մարդիկ սովորութիւն դարձուցին իրենց դուռերուն վրայ փակցնել բանաստեղծութեան տող մը պարունակող կարմիր թուղթի կտոր մը: Ապա անոնք պայթուցիկներ կը պայթեցնեն եւ ջահերը վառած կը պահէին ամբողջ գիշերը: Այս ձեւով Նիեն չկրցաւ այլեւս անոնց վրայ յարձակիլ եւ անհետացաւ:

Բնակչութիւնը շատ հպարտ էր այս յաղթանակով եւ գիտէր, որ ինք դարձեալ ազատ էր ամբողջ տարուան մը ընթացքին:

***

Տակաւին մինչեւ այսօր, Նոր տարուան այս օրերուն չինացիները իրենց մաղթանքները կը գրեն կարմիր թուղթի վրայ, որ իրենց համար բախտաբեր գոյն մըն է, անոնք հրավառութիւն կը կատարեն եւ լապտերներ կը վառեն: Նախօրեակին մեծ ընթրիք մը կը սկսի, երբ ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի, եւ եթէ ընտանիքէն անդամ մը ներկայ չի կրնար գտնուիլ, անոր համար խորհրդանշական տեղ մը կը պահուի: Տարեցները յաճախ պզտիկներուն կը նուիրեն կարմիր պահարաններ, որոնց մէջ անոնք կը դնեն դրամ: Տօնակատարութիւնները վերջ կը գտնեն վիշապին պարով. չիներուն համար այս առասպելական անասունը, կը խորհրդանշէ ուժ, բախտ եւ երջանկութիւն, ինչպէս նաեւ` մաղթանքներ Նոր տարուան համար:

Վերջապէս, Նոր տարին կը փակուի լապտերներու տօնով: Փոքրիկները գիշերը դուրս կ՛ելլեն իրենց ծնողներուն հետ, գունաւոր լապտեր մը ձեռքերնին:

***

Չինական Նոր տարին միայն Չինաստանի մէջ չի տօնուիր, այլ ամբողջ Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի չորս կողմը` տարբեր երկիրներու մէջ, ուր գոյութիւն ունի չինական մեծ գաղութ մը: Սակայն չինական Նոր տարիին կողքին, Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին տարբեր տօներ ամբողջ տարուան ընթացքին, վիշապ-նաւերու տօնը, որ կը նշէ ամրան տաք օրերու սկիզբը, չիներու սիրահարներու տօնը, որուն ընթացքին երիտասարդ աղջիկները պէտք է ցուցաբերեն տանտիկինի իրենց բոլոր ձիրքերը` ամուսին մը գտնելու համար…

Խոհագիր

 Ֆորչիւն Քուքիզ

Ճիշդ է, որ փոքրիկ «գուշակութիւններ» կամ ասացուածքներ պարունակող այս քուքիները կը հրամցուին չինական ճաշարաններուն մէջ, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն անոնք չինական ծագում չունին: Անոնք ստեղծուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմին շուրջ:

Պէտք ունիս

1 հաւկիթի ճերմկուց, 15 կրամ կարագ, 20 կրամ փոշի շաքար, 20 կրամ ալիւր. կարելի է այս չափերը կրկնապատկել:

Պատրաստութիւն

1.- Հաւկիթի ճերմկուցը մեքենայով զարնել եւ վրան աւելցնել մաղուած փոշի շաքարը:
2.- Հալեցնել կարագը եւ զայն աւելցնել խառնուրդին վրայ:
3.- Շատ լաւ մաղել ալիւրը եւ զայն աւելցնել խառնուրդին վրայ: Շատ լաւ խառնել, մինչեւ որ ստանաք խմոր մը, որ մատներուն չի փակչիր:

4.- Ձգել, որ խմորը հանգչի 15 վայրկեան:
5.- Փուռի յատուկ ափսէ մը փուռի յատուկ թուղթով ծածկել (փափիէ սիւլֆիւրիզէ) եւ վրան կարագ քսել:
6.- Փոքրիկ շերեփով մը խմորէն պարպել ափսէին մէջ` ստանալու համար մօտաւորապէս 8 սմ տրամաչափով շրջանակներ:
7.- Փուռը սկիզբէն տաքցնել 180 աստիճանի վրայ: Քուքիները եփել մօտաւորապէս 5 վայրկեան: Զանոնք անմիջապէս կրակէն դուրս հանել, երբ անոնց ծայրերը սկսին կարմրիլ: Ուշադրութի՛ւն, անոնք պէտք է քիչ մը կակուղ մնան, որպէսզի դիւրին ըլլայ անոնց ձեւ տալ:

8.- Քուքիները հանել թուղթին վրայէն, անոնց մէջ դնել ասացուածքով պզտիկ թուղթի կտորը եւ ապա զանոնք երկուքի ծալել: Վերջապէս զանոնք գաւաթի մը բերանին վրայ դնելով` երկուքի ծալել (տեսնել պատկերը): Ձգել, որ չորնան:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Չինական Նոր տարին կը կոչուի նաեւ գարնան տօնը, Վիեթնամի մէջ` Թեթի տօնը: Չինական Նոր տարի, կամ նոնկլի չին եան, կը նշանակէ` «Երկրագործական օրացոյցին Նոր տարին». անիկա կը տօնուի ըստ չինական օրացոյցին, որ թէ՛ արեւային եւ թէ՛ ալ լուսնային է:

– Չինական օրացոյցը կը պարունակէ 12 ամիս. իրարու կը յաջորդեն 30 օր ունեցող «երկար» ամիսներ եւ 29 օրէ բաղկացած աւելի «կարճ» ամիսներ: Այս ձեւով այդ օրացոյցը ունի 354 օր, մինչ մեր օրացոյցը կազմուած է 365 օրէ: Հետեւաբար, ամէն 3 տարին անգամ մը պէտք է ամիս մը աւելցնել, որպէսզի արեւային եւ լուսնային ամիսները համապատասխանեն: Այս պատճառով է, որ չինական Նոր տարուան թուականը շարժական է եւ տեղի կ՛ունենայ մեր օրացոյցի յունուար ամսու վերջաւորութեան եւ փետրուարի վերջաւորութեան միջեւ:

– Նոր տարուան ընթրիքին ընթացքին, երբ ընտանիքին բոլոր անդամները վերջապէս հաւաքուած կ՛ըլլան սեղանին շուրջ, կը հրամցուին խորհրդանշական ճաշեր, ճաշ մը` առողջութիւն ունենալու համար, ուրիշ մը` յաջողութիւն դասերուն մէջ եւ այլն:

– Մեզի ծանօթ է չինական Նոր տարիին ընկերակցող առասպելը: Ըստ աւանդութեան, Նոր տարին Պուտտան կը հրաւիրէ աշխարհի բոլոր անասունները` անոնց խոստանալով վարձատրութիւն: Միայն տասներկու անասուն կ՛ընդառաջեն այս տարօրինակ հրաւէրին. կարգով ներկայացան` առնէտը, գոմէշը, վագրը, նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, այծը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Իւրաքանչիւրին Պուտտան նուիրեց տարի մը, որ պիտի կրէր անոր անունը եւ անոնց յայտնուելու կարգով:

– Այս տարի նոր շրջան մըն է, որ կը սկսի. առնէտի տարին պիտի տեւէ 25 յունուար 2020-էն մինչեւ 21 փետրուար 2021: Ան ճանչցուած է իբրեւ մետաղեայ առնէտը:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս օգնել կատուին` գտնելու համար իր ընկերոջ մօտ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող կատուները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1970)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Յիշելով Պաքուի Հայ Զոհերը

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?