Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտնաբերուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Նախկին Պետ Գէորգի Կուտոյեանի Դիակը

January 18, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 յունուարին Երեւան քաղաքի Պարոյր Սեւակի փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանի դիակը, որուն վրայ կային կրակոցներու հետքեր: Նախնական տուեալներով` դիակի զննութեամբ վնասուածք յայտնաբերուած է անոր դիմածնօտային հատուածին մէջ. մահուան վարկածներէն մէկը անձնասպանութիւնն է: Դիակին կողքին գտնուած է նաեւ ատրճանակ մը: Լրատուամիջոցներուն համաձայն, Գէորգի Կուտոյեանի բնակարանին պատերուն վրայ յայտնաբերուած են կրակոցներու հետքեր: Այս բնակարանը, ուր տեղի ունեցած է դէպքը, Կուտոյեան գնած էր չորս տարի առաջ, իսկ դէպքի պահուն ան տան մէջ առանձին եղած է, 17 յունուարին տուն վերադարձած են զաւակներն ու կինը, որ Գէորգի Կուտոյեանի դիակը յայտնաբերած է: Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ դէպքը պատահած ըլլայ 16 յունուարին, երբ անոր ընտանիքը իր ծնողներուն տունը կը գտնուէր:

Գէորգի Կուտոյեան ծնած է 30 սեպտեմբեր 1981-ին, Երեւան: 2011-ին, Հայաստանի նախագահին կարգադրութեամբ, նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական: 2011-2014-ին վարած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդին առընթեր Փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան իրականացման դիտարկման յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը: 2016-2018 եղած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յանձնարարութեամբ, դէպքի վայրին մէջ քննութիւն կատարած են Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արթուր Մելիքեան, քննչական տարբեր քննիչները, դատական բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ: Արթուր Մելիքեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Դէպքի վայրի զննութիւն կը կատարուի, որպէսզի կարենամ պատասխանել ձեր հարցումներուն: Երբ բնակարան եկած ենք, դէպքի վայրին մէջ եղած են կինը եւ հայրը: Դէպքի վայրի զննութեան կը մասնակցին դատաբժիշկներ, որոնց զննութեամբ կը պարզենք, որ ան քանի հրազէնային վնասուածք ստացած է»` աւելցնելով, որ կ՛ուսումնասիրուին նաեւ դէպքին վայրը նկարահանող տեսախցիկներուն տեսագրութիւնները:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ նշած են, որ Գէորգի Կուտոյեան մնայուն կերպով Երեւան չէր բնակեր, քանի որ կրթական ծրագիրի ծիրին մէջ ընտանիքին հետ մեկնած էր Լոնտոն` ուսանելու. ան վերադարձած էր նախորդ տարեվերջին:

Յատուկ քննչական ծառայութենէն յայտնած են, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան որեւէ հարցով չէ հարցաքննուած եւ դատավարական կարգավիճակ չէ ունեցած:

Նախորդը

Աննա Նաղդալեան` Մամետեարովի Յայտարարութեան Մասին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայ-Էմիրաթական Միջկառավարական Յանձնախումբի Համանախագահին Հետ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.