Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յունուար 1-ին սկսաւ նոր տասնամեակ մը` 2020: Իւրայատուկ թիւ մը, կազմուած` կրկնուած զոյգ թիւերէ, որ կը պատահի ամէն դար մէկ անգամ: Միասին կարդանք, թէ ի՛նչ գլխաւոր դէպքեր պատահած են այդ թուականներուն:
1010
Այս տարին մահացած է նշանաւոր վայքինք հետախոյզ Էրիք տը Ռետը, որ «Կարմիր» անունով ճանչցուած է իր մազերուն եւ մօրուքին գոյնին պատճառով: Ան գտած է Կրինլենտը եւ եղած է առաջին անձերէն, որոնք ուզած են հետախուզել եւրոպական ցամաքամասին արեւմտեան շրջանը:
1111
Այս տարին Ֆրանսայի Լուի 6-րդ թագաւորը քաջալերած է կարգ մը խումբեր` բաժնուելու իշխաններու տիրապետութենէն եւ աշխատելու աւելի ինքնաբաւ կերպով: Ազատութիւն պահանջող այս շարժումը տեւեց աւելի քան 200 տարի:
1212
«Լոնտոնի մեծ հրդեհ» անունով ճանչցուած հսկայական հրդեհ մը ամբողջովին փճացուց անգլիական մայրաքաղաքը: Այս հրդեհը տեւեց հինգ օր. հրդեհը դիւրութեամբ տարածուեցաւ, որովհետեւ այդ շրջանին բոլոր տուները փայտէ կը շինուէին:
1313
Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, գերմանացի գիտնական Պերթոլտ Շուարց շինեց ռումբերու յատուկ պղինձէ առաջին խողովակները: Հարիւրաւոր տարիներ առաջ չիները արդէն հնարած էին պայթուցիկ փոշին, որ հետագային պիտի գործածուի ռումբերու շինութեան համար:
1414
Չին նաւավար Չենկ Հէ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարեց Հնդկաց ովկիանոսին մէջ կայսրին հրահանգով: Անոր նաւատորմերը կազմուած էին աւելի քան 200 նաւէ: 1414 թուականին ան իր ճամբորդութիւններէն վերադարձին հետը Չինաստան բերաւ ընձուղտ մը:
1515
Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա. երիտասարդ նախագահը ուզեց իր ուժը փաստել: Ան պատերազմ հռչակեց Իտալիոյ դէմ 1515-ի ամառը: Ան Մարինեանի պատերազմը մղեց 40 հազար զինուորներով եւ յաղթական դուրս եկաւ:
1616
Իտալացի գիտնական Կալիլէօ յայտարարեց, որ երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ: Այդ օրերուն մարդիկ կը հաւատային, որ երկրագունդը տիեզերքի կեդրոնն էր: 1616 թուականին իր այս հաստատումներուն համար Կալիլէօ դատարան կանչուեցաւ, սակայն, անշուշտ, Կալիլէոյի այս հաստատումը գիտականօրէն փաստուեցաւ հետագային:
1717
Այս թուականին Օմանի սուլթանը նուաճեց Պահրէյնը` զայն պարսիկներէն փրկելու համար. այս ձեւով ան վերջ դրաւ 115 տարուան տիրապետութեան:
1818
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը ծնաւ 1776 թուականին: Իսկ 1818 թուականին ստեղծուեցաւ ամերիկեան դրօշակը, որուն վրայ կան 13 կարմիր եւ ճերմակ գիծեր եւ (այժմ) յիսուն ճերմակ աստղեր, որոնք կը խորհրդանշեն պետութեան նահանգները:
1919
1914 թուականին սկսած Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջ կը գտնէ 1918-ի նոյեմբերին: 20 յունիս 1919-ին Ֆրանսա եւ իր դաշնակիցները կը ստորագրեն Վերսայի դաշնագիրը, որ Եւրոպայի մէջ նոր սահմաններ կը գծէ:
2020
Իսկ ի՞նչ կը վերապահէ մեզի համար 2020 թուականը…
Ինչո՞ւ Մոլորակները
Նոյն Ուղղութեամբ Կը Դառնան
Որովհետեւ անոնք ժառանգած են շարժման այս ուղղութիւնը: Այս երեւոյթը հասկնալու համար 4,5 միլիառ տարիներ ետ դառնանք…
Արեգակնային դրութեան փոխարէն` գոյութիւն ունէր կազերէ եւ փոշիէ կազմուած հսկայական ամպ մը, որ դանդաղօրէն ինքն իր վրայ կը դառնար: Մենք չենք գիտեր` ինչո՞ւ, սակայն այս ամպը յանկարծ կը խորտակուի իր ծանրութեան տակ, անոր կեդրոնը, ուր նիւթը հաւաքուած էր, կը կազմուի արեւը, եւ անոր շուրջ կը յառաջանայ սկաւառակ մը, ուր կը ծնին արեգակնային դրութեան ութ մոլորակները: Այս ձեւով արեւը, սկաւառակը եւ մոլորակները պահած են ամպին սկզբնական շարժումի ուղղութիւնը: Սակայն շարժումի արագութիւնը բարձրացած է, յատկապէս երբ ամպը խորտակուած է:
Հարցարան
Աշխարհի Բնակչութիւնը
1) Հնդկաստան: Հնդկաստանի եւ Չինաստանի բնակչութեան թիւը միասին կը հասնի…
ա – Աւելի քան 1 միլիառի, բ – Աւելի քան 1 միլիոնի, գ – 50 առ հարիւր կիներ եւ 50 առ հարիւր այր մարդիկ, դ – Մարդիկ, որոնք շատ ուրախ են:
2) Վատիկան: Միայն 800 անձեր կը բնակին այս փոքրիկ երկրին մէջ, որ կը գտնուի Հռոմի մէջ, Իտալիա: Ո՞վ է այդ անձերէն մէկը:
ա – Իտալիոյ նախագահը, բ – Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պատասխանատուն, գ – Պապը (Կաթողիկէ համայնքին պետը), դ – Մայքըլ Ճորտըն:
3) Հարաւային Ափրիկէ: Մօտաւորապէս 53 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հարաւային Ափրիկէն ունի ամէնէն մեծ թիւով պաշտօնական լեզուները: Քանիի՞ կը հասնի անոնց թիւը:
ա – 4, բ – 11, գ – 260, դ – 44 միլիոն:
4) Իսլանտա: Մօտաւորապէս 323 հազար բնակիչ ունեցող այս երկրին կը պատկանի համացանց ունեցող բնակչութեան ամէնէն բարձր տոկոսը, Որքա՞ն է այդ թիւը:
ա – 52 առ հարիւր, բ – 71,5 առ հարիւր, գ – 96,5 առ հարիւր, դ – 100 առ հարիւր:
5) Էնքա կայսրութիւնը: Էնքա կայսրութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն, ներկայ Փերուի տարածքին: Այդ ժամանակաշրջանին քանիի՞ կը հասնէր անոր բնակչութեան թիւը:
ա – Մօտաւորապէս 12 միլիոնի, բ – մօտաւորապէս 12 հազարի, գ – 1200-ի, դ – 12-ի:
6) Անթարքթիքա: Ո՛չ մէկ մարդկային արարած մշտական ձեւով կը բնակի այդ շրջանին մէջ. միայն մօտաւորապէս 5000 գիտնականներ հոն կ՛աշխատին ամրան եղանակին: Մօտաւորապէս քանի էմփըրըր տեսակի փենկուէններ (թեւատ) կ՛ապրին Անթրաքթիքայի մէջ:
ա – 600, բ – 600 հազար, գ – 6 միլիոն, դ – միակ էմփըրըր փենկուէն մը:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց




Հարցարանի Պատասխանները
1 – ա, 2 – գ, 3 – բ, 4 – գ, 5 – ա, 6 – բ: