Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել: Այդ մասին նշուած է արդարադատութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ կը տեղեկացնէ նաեւ Սահմանադրական փոփոխութիւններու մասնագիտական յանձնախումբի անդամներու թեկնածութեան դիմումներ ներկայացնելու մասին:
«Հայաստանի վարչապետի 2019 թուականի դեկտեմբեր 30-ի N 1986 որոշումով սկիզբ առած է սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի ստեղծման գործընթացը: Ըստ վերոնշեալ որոշումին, ստեղծուելիք յանձնախումբին կազմին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան դատական եւ իրաւական բարեփոխումներու 2019-2023 թուականներու ռազմավարութեան համապատասխան, մրցութային ընթացակարգով պիտի ընդգրկուին նաեւ վեց իրաւաբան գիտնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու երկու ներկայացուցիչ: Վերջիններուն ներկայացուող պահանջները նախատեսուած են նշուած որոշումով», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար թեկնածութեան դիմումներու ներկայացման կարգը: