Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երեք տարիներէ ի վեր Աւստրալիոյ մէջ կը տիրէ ահաւոր երաշտ, որ յաճախ կը յառաջացնէ անտառներու հրդեհներ: Սակայն երեք ամիսներէ ի վեր, հովերու եւ օդի տաքութեան ազդեցութեան տակ, այս հրդեհները հսկայական դարձած են: Անոնք յատկապէս տարածուած են երկրին հարաւ¬արեւելքը, ուր կը գտնուին մեծ քաղաքներ, ինչպէս` մայրաքաղաք Քանալերան, եւ ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող Սիտնէյ քաղաքը:
* * *
Քոալաներու օգնութիւն
Աւստրալիական բնութեան մէջ գոյութիւն ունին ջերմիի ընդարձակ անտառներ: Շատ դիւրութեամբ կրակ առնող անոնց աւիշին պատճառով այս ծառերը կը բռնկին ջահերու նման: Մինչեւ 30 մեթր բարձրացող բոցերը ծուղակի մէջ կ՛առնեն անասունները. եւ յատկապէս` քոալաները, որոնք անհետանալու վտանգի մէջ կը գտնուին: Այն անասունները, որոնք կարելի կ՛ըլլայ փրկելը, կը դարմանուին յատուկ հիւանդանոցի մը մէջ, որ կը յարատեւէ յատկապէս նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Բարեբախտաբար մարդիկ աշխարհի չորս կողմերէն կը ղրկեն դրամ` անոնց օգնելու համար:
* * *
Անշնչելի ծուխեր
Սիտնէյ քաղաքը կը գտնուի ամէնէն կարեւոր հրդեհէն մօտաւորապէս 100 քմ հեռու. ան յաճախ ծուխով կը ծածկուի: Առտու իրիկուն բնակիչները դժուարութեամբ կը շնչեն եւ գլխու ցաւերէ կը տառապին: Ծովափները գոց են մոխիրի անձրեւներուն եւ մուրին պատճառով: Դպրոցներուն մէջ կարգ մը աշակերտներ բժշկական դիմակներ կը գործածեն պաշտպանուելու համար: Բացօթեայ տեղի ունեցող մարզանքի պահերը եւ զբօսանքները ջնջուած են:
* * *
Հրշէջները կը պայքարին
Երկրին մէջ մեծ համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն գոյութիւն ունի. հոն մեծ թիւով հրշէջներ կամաւորներ են: Սակայն անոնք յոգնած են երեք ամիս բոցերուն դէմ անդադար պայքարելէ: Անոնց պատասխանատուն կը բացատրէ, որ Սիտնէյի շուրջ անոնք տակաւին չեն կրնար տիրապետել հրդեհի աւելի քան 80 օճախներու. այդ օճախները շաբաթներու կը կարօտին մարելու համար… միայն անձրեւն է, որ կրնայ զանոնք մարել: Այժմ, Աւստրալիոյ մէջ ամառ է. հոն տիրապետող 37-43 աստիճանի ջերմաստիճանը հրդեհները անկառավարելի կը դարձնեն:
* * *
Ջուրի պակաս
Ընդհանուր կլիմայի ջերմաստիճանին բարձրանալը կ՛արագացնէ այս չորութիւնը, որ այլեւս ամէն տարի աւելի կանուխ կու գայ: Երեք տարիներէ ի վեր, ձմրան եւ աշնան չէ անձրեւած, ինչպէս սովորաբար պէտք է անձրեւէ: Երկրագործները մէկ ամիսէ աւելի ջուր չունին. անոնք ստիպուած են իրենց անասուններուն համար ջուր գնելու: Կարգ մը ագարակապաններ օրական ժամերով ճամբայ կը կտրեն Սիտնէյի ճաշարաններէն հաւաքելու բանջարեղէններու մնացորդներ` իրենց կովերու ուտելիք հայթայթելու համար: Այժմ հնարագիտութիւնը եւ աջակցութիւնը զանոնք կը փրկէ. սակայն անոնք չեն գիտեր, թէ մինչեւ ե՛րբ կրնան այս ձեւով շարունակել: Կառավարութիւնը մտադրած է հրդեհներու դէմ պայքարող նոր քանատէր օդանաւներ գնել` կարենալ մաքրելու համար այս հրդեհները:
Հետաքրքրական
Թոյ Ռեսքին`
Խաղալիքներու Օգնութեան
Հաւանաբար Կաղանդին դուք ստացաք նոր խաղալիքներ, որոնք ձեր ուշադրութիւնը գրաւեցին: Հին խաղալիքները, յատկապէս անոնք, որոնցմէ կը պակսին պզտիկ կտորներ, պիտի լքուին սենեակին մէկ անկիւնը: Դուք չէք գիտեր` ինչպէ՛ս ստուգել պակաս անիւ մը ունեցող ինքնաշարժ մը, կամ` առանց թեւի պուպրիկ մը…
Որպէսզի այս խաղալիքները աղբաման չնետուին, ընկերութիւն մը գտած է լուծում մը, որ կարելիութիւնը կու տայ խաղալիքներուն պակսող կտորները ունենալու: Թոյ Ռեսքի կոչուած սայթին վրայ կարելի է գտնել տեսակաւոր մեծ թիւով տարածուած խաղալիքներու օրինակներու տարբեր կտորներ, զորս կարելի է տունը ձրիօրէն տպել 3D տպիչով մը:
Ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւն մը կատարած է կազմելու համար ցանկ մը վերջին 40 տարիներուն ամէնէն շատ ծախուած խաղալիքներուն յաճախ կոտրուած կամ կորսուած կտորներուն: Ապա սքանըրի մը միջոցով այդ կտորները, աւելի քան` 100 տարբեր կտորներ, թուայնացուած են:
Ճիշդ է, որ այս գաղափարը յղացած ընկերութիւնը 3D տպիչներ կը ծախէ, եւ ասիկա անոր համար ծանուցումի միջոց մըն է, սակայն գաղափարը հետաքրքրական է: Այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ խաղալիքներն ալ վերամշակել:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Գիտնականները կը գործածէին արբանեակներուն կողմէ անջրպետէն առնուած երկրագունդէն նկարներ` հաշուելու համար թեւատներուն թիւը:
– Գոյութիւն ունի մրջիւնի տեսակ մը, որ կրնայ շալկել իր ծանրութենէն 100 անգամ աւելի ծանր առարկայ` դէպի վար կախուած վիճակին մէջ:
– Գոյութիւն ունին թխկուի հիւթի (մէյփըլ սիրոփ) եւ պէյքոնի համով սիւսեթներ:
– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, տաք տուրմի խմիչքը աւելի շաքարոտ կը թուի, երբ կը խմուի նարնջագոյն գաւաթով մը, քան երբ ան լեցուած կ՛ըլլայ ճերմակ գաւաթի մը մէջ:
– Գոյութիւն ունի բորբոսի տեսակ մը, որ կ՛արտադրէ կարմիր կաթիլներ, որոնք արիւնի տեսք ունին:
– Փանտա մը ամէն օր կ՛ուտէ մօտաւորապէս 36 քիլօ պամպու եղէգ, որ կը համապատասխանէ 320 համպըրկըրի ծանրութեան:
– 213 տարիներու ընթացքին Փարիզի մէջ կիներուն արգիլուած էր տաբատ հագուիլ: Սակայն բարեբախտաբար այդ օրէնքը իսկապէս չգործադրուեցաւ:
– Գրեթէ անկարելի է լման լուսինը եւ արեւը նոյն ատեն միասին տեսնել երկնքին մէջ:
– Կարելի է 100 հազար տոլարով գնել շանաձուկի ձեւ ունեցող սուզանաւ մը:
– Մարդիկ կրնային խնդալ` խօսիլ սկսելէ առաջ:
– Եթէ երկրագունդի վրայ ամբողջ ջուրը հաւաքենք գունդի ձեւի տակ, աւելի փոքր պիտի ըլլայ լուսինին չափին մէկ երրորդէն:
– Հնդկական հսկայ սկիւռը կրնայ ցատկել մինչեւ 6 մեթր, այսինքն` գրեթէ ընձուղտի մը հասակին չափ:
– Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհիին 1840-ի հարսանիքի կարկանդակ մը պահուած է տակաւին Անգլիոյ մէջ:
– Ընկերութիւն մը շինած է հեռավար գործիքով ղեկավարուող ուղղաթիռ մը, որ կոլֆի գնդակի մը չափը ունի:
– Ճափոնի մէջ կրնաս գտնել քու դէմքիդ տուրմով օրինակը:
– Աստղանաւորդ մը իր աղջկան անունին սկզբնատառերը փորագրած է լուսինին փոշիոտ մակերեսին վրայ:
Ժամանց



